ՄԻՇՏ ՊԱՃՈՒՃՈՒԱԾ ՈՒ ԶԱՐԴԱՐՈՒԱԾ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Posted on July. 4. 2020

Ի՞նչ անպատեհութիւն կայ անոր մէջ։
Ի հարկէ, ոչ մէկ անպատեհութիւն, երբ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ արարողակարգը ձեւով մը կը ստիպէ զայն։
Իսկ երբ մեր կաթողիկոսը ամէն առիթ կ՛օգտա-գործէ պաճուճուելու եւ զարդարուելու, այն ատեն կը սկսի դդումի համ տալ։
Ասկէ առաջ գրած ու յիշեցուցած էինք ծայրա-պետին, թէ որքան ալ պաճուճուիս ու զարդարուիս, նոյնն է՝ գոյութիւն չունեցող հեղինակութեանդ վրայ ոչինչ պիտի աւելնայ։ Մարդիկ քեզ պիտի չյարգեն, ընդ-հակառակը, ընչաքաղցութիւնդ ծաղր ու ծանակ պիտի ընեն, ինչպէս այս տողերը գրողս։
Առիթով մը, լուսահոգի Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Գրիգորեան քահանայի մը ընկերակցութեամբ ճամբորդութիւն մը կատարէ։ Հազիւ տեղերնին գրաւած ճամբորդատարին մէջ, իրեն կը մօտենայ օտար բարձրաստիճան եկեղեցական մը, եւ կը խնդրէ, որ իր մօտ նստի։ Սրբազանը կը մերժէ փափաքը։ Անոր ընկերակցող քահանան, զարմացած, մերժումի մասին լուսաբանութիւն կը խնդրէ։ Սրբազանին պատասխանը կ՛ըլլայ. «Տէր հայր, պատիւը կը տրուի, չ՚առնուիր»։
Ծայրապետ ամենայն վայոց, «պատիւը կը տրուի, չ՚առնուիր»։
Ոչ՛, տեղի-անտեղի գործածածդ եմիփորոնդ յարգանք չի պարտադրեր անձիդ նկատմամբ։ Կողքիդ կեցող եմիփորոնակիր, գաւազանակիր ու խաչակիր, հոգեւոր կեանքէ պարպուած առընթերակայ չեպիսկոպոսներուդ ներկայութիւնը ոչինչ կը փոխէ իրականութենէն։ Որովհետեւ, դուն մեր աչքին ընչաքաղց, ցուցամոլ, կեղծ անձնաւորութիւն մըն ես, իսկ չեպիսկոպոսներդ՝ հլու հնազանդ ստրուկներ, «մեծապատիւ մուրացկաններ»։
Ամօթի զգացումէ զուրկ մարդիկ, ինչպէս պիտի ըսէր Աւետարանը, «ո՛չ Աստուծմէ կը վախնան եւ ո՛չ ալ մարդոցմէ կ՛ամչնան» (Ղկ 18.4):
Դատաւորը երկար ժամանակ մերժեց դատը տեսնել, կ՛ըսէ Յիսուս, սակայն ի վերջոյ ըսաւ ինքնիրեն. «Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, բայց քանի այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, իր դատը տեսնեմ, որպէսզի մինչեւ վերջ քովս գալով զիս չանհանգստացնէ»։
Գարեգին կտրիչ ներսիսեան ինչո՞վ կը տարբերիս մեր Տիրոջ կողմէ առակով ներկայացուած դատաւորէն։ Ու ինչպէս դատաւորը, այնպէս ալ դուն, ի վերջոյ պիտի ենթարկուիս ժողովուրդիս դատաստանին ու ապա՝ Աստուծոյ Դատաստանին։
Տես թէ ի՞նչ կ՛ըսէ հայ ականաւոր բանա-ստեղծ Պարոյր Սեւակ։

Աղաչում եմ.-
Մի՛ վախեցէք անկեղծ խօսքից.
Անկեղծ խօսքը չի սպանում,
Փակ խուցեր է միայն բացում:

Մենք, Աստուծմէ վախցողներս ու մարդոցմէ ամչցողներս, նահատակ Սեւակի խօսքերը մտա-բերելով է, որ իրաւունք կու տանք մեր անձին, գրելու, քննադատելու, պոռթկալու անարդարու-թիւններուն դէմ, արդարութիւն պահանջելու, որ, առաջ Աստուած, ուշանալու չէ։ Որովհետեւ դուն նուազ մեղաւոր չես, որքան երբեմնի գործընկերներդ՝ Ռոպերթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանը, Գագիկ Ծառուկեանը եւ ուրիշներ։
Ճիշդ է, որ Երուսաղէմի ներկայ Հայոց պատրիարքը՝ Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան երկու առիթով քեզ խայտառակեց, սակայն դուն քեզ փախտաւոր պէտք է նկատես, որ երջանկայիշատակ Եղէշէ պատրիարք Տէրտէրեան քու ժամանակներուդ ներկայ չէ, այլապէս հատորներ պիտի գրէր քու կատարած ապօրինութիւններու մասին։
Կու գայ ժամանակ ու դու կիմանաս թէ ինչ կը նշանակէ արդարութիւն։
Մօտ է ծայրապետութեանդ Աշունը։
Առանց յարգանքի՝
ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ
Յ.Գ. – Այս առիթով քեզ կը նուիրեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Շնորհազարդ կաթողիկոս, ՆՍՕՏՏ Արամ Ագի նկարներէն մին, ուր Հայրապետը իր պատգամը կը փոխանցէ առանց Եմիփորոնի, հայրապետական գաւազանի ու ձեռաց խաչի։
Նոյն

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *