Կռփամարտ. Յովհաննէս Պաչքովի Առաջին Մրցումը Արհեստավարժ Ռինկի Վրայ՝9 Հոկտեմբերին

Posted on September. 14. 2020

Հայկական մարզական մամու-լին համաձայն, Եւրոպայի կրկ-նակի ախոյեան, եւրոպական խաղերու ախոյեան եւ աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մե-տալակիր՝ Յովհաննէս Պաչքով (64 քկ) արհեստավարժ ռինկի վրայ իր նորամուտը պիտի տօնէ՝ յառաջիկայ 9 հոկտեմ-բերին, Տուպայի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) «Rotunda Rumble IV» մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Գիւմրեցի մարզիկին մրցակիցին անունը ցարդ անորոշ է:
Նշուեցաւ, որ նախորդ ամիս, Պաչքով 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրած է հանրածանօթ «MTK Global» (Mack The Knife Global) ընկերութեան հետ, որ միշտ ալ կը գործակցի հանրածանօթ եւ միջազգային ճանաչում վայելող կռփամարտիկներու հետ:
Ան նշեց, որ բաւական առաջ կը մտածէր տեղափոխուիլ արհեստավարժ ռինկ:
Ըստ անոր ստորագրած պայմանագրութեան, ան իրաւունք ունի նաեւ նախապատրաստուիլ Թոքիոյի ողիմպիականի խաղերուն վարկանշային մրցաշարքերուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *