Աթլեթիզմ. Երուանդ Մկրտչեան ոսկի Մետալի Մը Տիրացաւ Ռումանիոյ Մէջ

Posted on September. 26. 2020

Ռումանիոյ Քլիւժ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Պալքանեան երկիրներու ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ՝ Հայաստան:
Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականին անդամ՝ Երուանդ Մկրտչեան, գերազանց ելոյթ ունենալով 1500 մեթր վազքի մրցումներուն, յաջողեցաւ հանդիսանալ ախոյեան, տիրանալով ոսկի մետալին, այս գծով յայտնեց Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մկրտչեան, որ արձանագրեց 3’47”60 արդիւնք մը, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ՝ 800 մեթրի վազքի մրցումին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *