«Կովկասեան Ու Միջերկրականեան Շրջաններուն Մէջ Լարուածութեան Ուժեղացման Մէջ Թուրքիոյ Խաղացած Դերը Վատ Աւարտ Պիտի Ունենայ Անգարայի Համար» Կ՛ըսէ Ապուլ Ղէյթ

Posted on October. 9. 2020

Կովկասեան ու միջերկրականեան շրջաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան ուժեղացման մէջ Թուրքիոյ խաղացած դերը վատ աւարտ պիտի ունենայ Անգարայի համար: «Արապ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Արա-բական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ:

«Թուրքիան շրջանային պետութիւններու եւ գերտէրութիւններու հետ այն աստիճանի հակասութիւններ ունի, որ անոնք լաւ աւարտ պիտի չունենան Թուրքիոյ եւ անոր ղեկավարութեան համար: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան զինուորական ներխուժում կը կատարէ Եգիպտոս, Սուրիա, Իրաք, Լիպիա: Էրտողան ներխուժած է նաեւ Կովկաս` Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ, բախում ունեցած է Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ, ներխուժած է Արեւելեան Միջերկրականի կազային պաշարներով հարուստ տարածքներ, ինչ որ Ֆրանսայի պէս մեծ ու ազդեցիկ պետութիւնը ստիպած է հալածիչներ եւ օդանաւակիր ուղարկել Կիպրոս», շեշտած է Ապուլ Ղէյթ:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քար-տուղարը վրդովմունք յայտնած է, որ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Սուրիայէն Ազրպէյճան տեղափոխուած վարձկաններն ու զինեալները Հայաստանի դէմ կը կռուին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *