Արցախի Դէմ Ահաբեկիչներու Ներգրաւումը Ահաբեկչութեան Տարածման Լիովին Նոր Դրսեւորում է. ՀՀ ԱԳՆ

Posted on November. 6. 2020

Հայաստանը կը շարունակէ հետեւողական քայլեր ձեռնարկել միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ուղղութեամբ՝ համագործակցելով բոլոր շահագրգիռ գործընկերներուն հետ։ Այս առնչութեամբ յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնըանդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններու համար ներգրաւուած օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու Արցախի Պաշտպանութեան բանակին կողմէ գերեվարման փաստին։
«Նոյեմբեր 1-ին, մարտական գործողութիւններու ընթացքին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն կողմէ գերեվարուած է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններու համար ներգրաւուած օտարերկրեայ զինեալ երկրորդ ահաբեկիչը, որ ներկայացած է իբրեւ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի Ճիսր ալ-Շուղուր շրջանի Զիյատիյա գիւղի բնակիչ Եուսուֆ Ալաապեթ ալ Հաճի: Նշենք, որ Հոկտեմբեր 30-ին Արցախի ՊԲ գերեվարել էր այլ զինեալ ահաբեկիչ մը եւս, որ ներկայացած էր իբրեւ Մըհրապ Մուհամմատ Ալ Շխայիր՝ Սուրիոյ Համա քաղաքէն։
Հայկական կողմը բազմիցս բարձրաձայնած է Թուրքիոյ կողմէ Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր «թէժ կէտերէ», մասնաւորապէս՝ Սուրիոյ` իր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն եւ Լիպիայէն Արցախի ժողովուրդին դէմ վայրագութիւններ իրականացնելու նպատակով օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու եւ ճիհատիստներու հաւաքագրման, տարածաշրջան տեղափոխման եւ տեղակայման մասին: Վերոնշեալ փաստը ներկայիս ոչ միայն հաստատուած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու յատուկ ծառայութիւններու, մեր բազմաթիւ գործընկերներու եւ միջազգային հանրութեան կողմէ, այլեւ արդէն իսկ ահաբեկիչներու ուղղակի վկայութիւններով:
Իրենց վկայություններուն մէջ վերոնշեալ ահա-բեկիչները մանրամասն տեղեկատւութիւն փոխան-ցած են իրենց հաւաքագրման գործընթացին, «կեաւուր» (անհաւատներու) դէմ պայքարի համար ակնկալուելիք ամսական վճարներուն եւ իւրաքանչիւր «անհաւատի» գլուխ կտրելու համար «պարգեւավճարներու», ինչպէս նաեւ իրենց կողմէ իրականացուելիք ահաբեկչական ծրագրերուն մասին: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի ճիհատիստներու տեղափոխումը կը բացայայտէ հակամարտութեան միջկրօնական բնոյթ հաղորդելու թուրք-ազրպէյճանական ղեկավարութեան նպատակը:
Ասիկա ահաբեկչութեան տարածման լիովին նոր դրսեւորում է, երբ ԵԱՀԿ տարածքին վրայ գտնուող հակամարտութեան գօտիին վրայ կը տեղակայուին Մերձաւոր Արեւելքէն օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներ եւ ճիհատիստներ, որ լուրջ սպառնալիք է միջազգային եւ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան համար:
Հայաստանը պիտի շարունակէ հետեւողական քայլեր ձեռնարկել միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ՝ համագործակցելով բոլոր շահագրգիռ գործընկերներուն հետ»,- նշուած է ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *