Արցախի Մէջ Գերեվարուած է Հերթական Սուրիացի Վարձկանը

Posted on November. 6. 2020

Արցախի Պաշտմանութեան Բանակի ստորաբաժանումներու կողմէ մարտական գործողութիւններու ընթացքին գերեվարուած է հերթական սուրիացի վարձկանը, որ, ինչպէս պարզուած է նախնական հարցա-քննութեան ժամանակ, 1988-ին ծնունդ, Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի «Ճըսր ալ-Շուղուր» շրջանի Զիատիա գիւղի բնակիչ Եուսէֆ Ալաապըտ ալ Հաճին է:
Ամուսնացած է: Ունի 5 երեխայ:
Արցախի մէջ, իր խօսքերով, «քաֆէր-ներու» (անհաւատներու) դէմ կռուելու համար անոր խոստացուած է ամսական 2000 տոլար վարձավճար ու եւս 100 տոլար «պարգեւավճար»՝ ամէն «քաֆէրի» գլուխ կտրելու համար:
Միւս կողմէ, Մարդու Իրաւունքներու Սուրիական Դիտարանը յայտնած է, թէ խումբ մը վարձկաններ ամէն ինչէ հրաժարած են՝ նիւթական եւ այլ տեսակի վճարներէ, ու նախընտրած են Ատրպէյճանէն Սուրիա վերադառնալ, այնտեղ ընթացող կատաղի մարտերուն պատճառով:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ մարտերը ահաւոր լարուած վիճակով կը շարունակուին. սուրիացի վարձկանները պատերազմի առաջին ճակատներուն վրայ են, իրողութիւն, որ մեծ ճնշումներ կը ստեղծէ Թուրքիոյ վրայ։
Աղբիւրրը յայնտած է նաեւ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը «Սուլթան Մուրատ» եւ «Համզաթ» խմբակցութիւններէն եւ այլ խմբակցութիւններէ վարձկաններու նոր խումբ մը՝ բաղկացած շուրջ 400 վարձկաններէ տեղափոխած է Ատրպէյճան: Վերջիններս օրեր առաջ կը պատրաստուէին մեկնիլ Ատրպէյճան, սակայն զինադադարի յայտարարութիւնը խանգարած էր տեղա-փոխութիւնը այն ատեն: Այսպիսով, մինչեւ այս պահը Ատրպէյճան տեղափոխուած վարձ-կաններուն թիւը հասած է 2050-ի:
Աղբիւրը հաստատած է նաեւ, որ Լեռ-նային Ղարաբաղի ռազմական գործողու-թիւններուն մասնակցող վարձկաններու մարդկային կորուստները աւելցած են, որով Թուրքիոյ Կառավարութեան կողմէ անոնց ճակատամարտի առաջին շարքերը նետուելէ ետք, վարձկաններու զոհերուն թիւը աճած է հասնելով 231-ի, որոնցմէ 183-ի դիակները տեղափոխուած են Սուրիա, իսկ մնա-ցածներուն դիակները տակաւին Ատրպէյճանի մէջ են:
Դիտարանը յայտնած է նաեւ, որ թրքական կառավարութիւնն ու գաղտնի սպասարկութիւնները կը շարունակեն Սուրիայէն վարձկաններ հաւաքագրել, զանոնք ուղարկելու ատրպէյճանական ուժերու կողքին մասնակցելու ռազմական գործողութիւններուն հայկակն ոյժերուն դէմ պատերազմին մէջ: Սակայն այս գործողութիւնը չափազանց գաղտնիութեան պայմաններով կը կատարուի, մտավախութիւն ունենալով Միջազգային հանրութեան կողմէ Թուրքիոյ դէմ հնչելիք «վարձկաններ զինելու» մասին ծանր մեղադրանքէն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *