Տաւութօղլուի Կարծիքով՝ Աշխարհի Համար Ամենամեծ Սպառնալիքը Ոչ Թէ «Քորոնա» Ժահրն Է, Այլ՝ Էրտողանը

Posted on November. 6. 2020

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ, «Ապագայ» (GP-ԱԿ) կուսակցութեան հիմնադիր նախագահ Ահմեթ Տաւութօղլուն, կուսակցական ժողովին ընթացքին՝ անդրադառնալով թուրք-ֆրանսական ճգնաժամին՝ քննադատած է իսլամներու նկատմամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի վարած քաղաքականութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով sozcu.com.tr-ը։
Տաւութօղլուն թէեւ քննադատած է Մաքրոնը, բայց իր ելոյթի քաղաքական տողատակը ուղղած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին։
«Այսօր թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ՛ աշխարհի համար ամենամեծ սպառնալիքը ո՛չ թէ «քորոնա» ժահրն է, այլ անձնիշխանութեան մշակոյթի վարակը, որ կը տարածեն տգէտ եւ ժողովրդական առաջնորդները»,- ակնարկելով Էրտողանին ըսած է ան։
Տաւութօղլուի խօսքով՝ եթէ «քորոնա» ժահրը կ՝ոչնչացնէ մարդու մարմինը՝ մենատիրական մշակոյթի վարակը կ՝ոչնչացնէ հոգին ու մարդ ըլլալու գիտակցումը։ Եւ եթէ առաջինը, ինչպէս պատմութեան շարք մը համավարակները, հնարաւոր է յաղթահարել գիտական աշխատանքներով՝ երկրորդը մնայուն է այն իմաստով, որ կը ներխուժէ մարդու մտածելակերպին ու հոգիին մէջ եւ կը ջնջէ անոր մարդկային ինքնութիւնը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *