ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ ԵՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷՆ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԶԵԿՈՅՑ

Posted on December. 25. 2020

Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանները 18 Դեկտեմբերին հրապարակած են միատեղ արտահերթ զեկոյցԱրցախի ռազմական գործողութիւնները լուսաբանող լրագրողներուն վրայ ատրպէյճանական յարձակումներուն մասին: Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումին զուգահեռ դիտաւորեալ եւ չտարբերակուած թիրախաւորումի ենթարկուած են նաեւ լրագրողները եւ անոնց սպասարկող երթեւեկային միջոցները, որուն հետեւանքով ծանր վիրաւորուած է 7 լրագրող (5 օտարերկրեայ ու 2 հայ) եւ զոհուած է լրագրողական խումբին ուղեկցող 1 անձ: Դիտաւորեալ թիրախաւորումի մասին կը վկայէ լրագրողներուն կրած յատուկ համազգեստ եւ տարբերակիչ նշանները, որոնք առկայ էին նաեւ անոնց մեքենաներուն վրայ: Բացի անկէ, որոշ վկայութիւններ յայտնած են, որ հարուածներէն առաջ եւ ընթացքին դէպքերու վայրերուն մէջ թռիչքներ կը կատարէին ատրպէյճանական հետախուզական ԱԹՍ-ները,ցոյց տալով որ լրագրողները լիովին տեսանելի ու տարբերակելի եղած են ատրպէյճանական զինեալ ուժերուն համար:
Միեւնոյն ատեն պատերազմական գործողութիւնները լուսաբանելու նպատակով Արցախի մէջ գտնուող լրագրողներու մասնագիտական աշխատանքը խոչընդոտելու նպատակով Ատրպէյճանը քրէական հետապնդումի ենթարկած եւ սեւ ցուցակներու մէջ ներառած է Արցախի մէջ լրագրողական գործունէութիւն ծաւալող արտասահմանեան որոշ լրագրողները: Աւելին, պատերազմի ողջ ընթացքին ատրպէյճանական իշխանութիւնները սահմանափակած են միջազգային լրագրողներու անկախ գործունէութիւնը Ատրպէյճանի տարածքինհսկողութեան տակ պահելով անոնց տեղաշարժը եւ արհեստական խոչընդոտներ ստեղծելով անոնց համար: Վերլուծելով լրագրողներու թիրախաւորման բոլոր դէպքերու հանգամանքները, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական կողմի այլ վերաբերելի գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները ակնյայտ է, որ Արպէյճանի իշխանութիւնները յանցաւոր նպատակ ունեցած են ամբողջովին մեկուսացնելու Արցախը միջազգային տեղեկատուական հոսքերէն ու անկախ աղբիւրներէն` պահելու համար Արցախի ժողովուրդին դէմ իրականացուող լայնածաւալ ու դիտաւորեալ պատերազմական յանցագործութիւնները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *