ԻնչպԷ՞ս տօնած են Տեառնընդառաջը սփիւռքի մէջ

Posted on February. 19. 2021

Տեառնընդառաջ, Տրնդեզ, Տանդառեջ եւ այլ բազմաթիւ անուններով հայերուն յայտնի այս տօնը Հայ առաքելական եկեղեցին ամէն տարի կը տօնէ փետրուար 13-ին։ Տեառնընդառաջը կը տօնեն ինչպէս Հայաստանի եկեղեցիներէն ներս, այնպէս ալ սփիւռքի հայ համայնքներէն ներս։
Հալէպի «Քարէն Եփփէ» ազգային ճեմարանէն ներս Տեառնընդառաջը տօնած են ազգային պարերով եւ երգերով։ Ճեմարանի անդամները բակէն ներս խարոյկ վառած են եւ անոր շուրջը մասնակիցներուն բացատրած են տօնին հեթանոսական ու քրիստոնէական իմաստն ու օրուան խորհուրդը։
Մոսկովի Հայ առաքելական եկեղեցին եւս տօնած է Յիսուսը տաճարին ընծայաբերելու օրը։ Սուրբ Պայծառակերպութիւն եկեղեցւոյ բակէն ներս հոգեւորականները վառած են տօնական խարոյկը՝ իբրեւ Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ։ Մոսկովի ցուրտ եւ ձիւնախառն եղանակը նոյնիսկ չէ խանգարած քաղաքացիները՝ միանա-լու եկեղեցւոյ կազմակերպած տօնակա-տարութեան։
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց թեմի եկեղեցիներէն ներս Տեառնընդառաջը տօնած են յստակ խորհուրդով՝ խաղաղութիւնը պէտք է փնտռել Քրիստոսի մէջ եւ ըլլալ աւանդապահ։ Օրուան խորհուրդը ներկայացուած է նաեւ Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարո-ղութեան ընթացքին՝ թեմի առաջնորդ գերաշնորհ տէր Մեսրոպ եպիսկոպոս Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ։
Քուէթի ազգային առաջնորդարանը Տեառնընդառաջի տօնական արարո-ղութիւնն իրականացուցած է Սուրբ Վարդանանց եկեղեցիէն ներս։ Եկեղեցւոյ անդամները թափօրով դուրս բերած են Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող ճրագը, որմով ալ եկեղեցւոյ բակէն ներս վառած են աւանդական խարոյկը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *