Աննա Նաղդալեան. «Զանգեզուրը «Ազրպէյճանական Պատմական Տարածք» Կոչելը Մարտահրաւէր Է Միջազգային Իրաւունքին»

Posted on March. 11. 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան արձագանգեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ ան Զանգեզուրը կոչեց «ազրպէյճանական պատ-մական տարածք» ու յայտարարեց, թէ պիտի լուծէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, եւ թէ կեանքի կոչած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանա-ձեւերը: Ալիեւ ըսաւ, որ «երթեւեկի նոր միջանցքը պիտի անցնի Ազրպէյճանի պատմական տարածքովԶանգեզուրով, եւ պիտի միացնէ Ազրպէյճանի հիմնական մասը երկրի անբաժան մաս հանդիսացող Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապե-տութեան եւ Թուրքիոյ հետ»: Նաղդալեան շեշտեց, որ 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան 9-րդ կէտին մէջ ոչ մէկ խօսք կայ որեւէ միջանցքի ստեղծման մասին: Ըստ անոր, Զանգեզուրը անուանելով «ազրպէյճանական պատմական տարածք» եւ յղում կատարելով մտացածին «միջանցք»-ին, Ազրպէյճանի նախագահը նմանօրինակ սադրիչ յայտարարութեամբ դիտաւորեալ ձեւով կը տապալէ 9 նոյեմբերի եւ 11 յունուարի եռակողմանի յայտարարութիւններուն կեանքի կոչումը: «Նման հռետորաբանութիւնը կը հակասէ Ազրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն, անիկա անթաքոյց մարտահրաւէր է միջազգային իրաւունքին եւ որեւէ ձեւով չի նպաստեր շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման, ինչ որ սպառնալիք է շրջանի բոլոր պետութիւններուն համար», ըսաւ Նաղդալեան: Ան նաեւ անդրադարձաւ Ալիեւի այն յայտարարութեան, որ պիտի լուծէ տագնապը եւ կեանքի կոչէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը շեշտելով, որ Ազրպէյճանի նախագահին այն պնդումները, որ Ազրպէյճան ռազմական ուղիով լուծած է ղարաբաղեան տագնապը, անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ ո՛վ է պատերազմի եւ ուժի կիրարկման նախաձեռնողը եւ ո՛վ շրջանը կը տանի հետագայ ապակայունացման եւ փորձութեան ճանապարհով: «Ինչպէս միշտ, Ազրպէյճանը կը խեղաթիւրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերու դրոյթները, թէեւ այդ նոյն բանաձեւերը իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն Մինսքի խմբակի խաղաղ գործընթացին, զոր կը գլխաւորեն Մինսքի խմբի համանախագահները:
«Ազրպէյճանի նախագահը Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ գործընթացին վերաբերեալ իր յայտարարութիւններով կը հակադրուի միջազգային հանրութեան, եւ նախ եւ առաջ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան, համանախագահ երկիրներու դիրքորոշումին, որ յստակօրէն կ՛ընդգծէ, որ տագնապը պէտք է ունենայ համապարփակ լուծում: Մեզի համար ակնյայտ է, որ ուժի կիրարկումով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճնշման փորձը չի կրնար հիմքեր ստեղծել տագնապի լուծման համար: Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի գործադրումը եւ պատերազմի հետեւանքներու վերացումը տագնապի լուծման առանցքային բաղադրիչներն են», դիտել տուաւ Աննա Նաղդալեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *