ԱԶԱՏ ԲԵՄ․ Ազատութիւն ռատիօկայանի հետ Նազարէթ Պէրպէրեանի հարցազրոյցի առթիւ

Posted on March. 17. 2021

Ծանօթ խմբ. Ստորեւ՝ Մարտի 15-ի Ռաֆֆի Արտահալճեանի «ֆէյսպուք-եան» գրառումըի պատասխան Նազարէթ Պէրպէրեանի Մարտի 12-ի Ազատութիւն ռատիօկայանի հետ հարցա-զրոյցի առթիւ։ Հարցազրոյցի խորագիրն է «Հրանտ Մարգարյանը ցանկանում է ՀՅԴ-ն ի սպաս դնել Հայաստանի նախկին իշխանու-թյուններին. «Դրօշակի» նախկին խմբագիր»։ Սիրելի պարոն Նազարէթ Պէրպէրեան, Ազատութիւն ռատիօկայանի հետ մենախօսական հարցազրոյցդ անպատասխան չ՚ուզեցի թողել առանց փաստական ճշտումներ կատարելու, նկատի ունենալով, որ իմ նման պարզ շարքայինները առանձնաշնորհուած չեն այդպիսի լրատուամիջոցներու հիւրը ըլլալու: Ուրեմն որոշեցի դիմատետրով մտքերս փոխանցել.
Նախ համաձայն եմ հետդ, որ ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանը մեր կարոյցի «ամէնա-ամուր կազմակերպուած շրջաններէն մէկն է» իր մարդկային resource/ հնարաւորու-թիւններով եւ համազգային արժէք կը ներկայացնէ։ Այս նոյն կազմակերպական շրջանին մէջ շատ հաւատաւոր նուիրեալ ընկեր-ընկերուհիներ ունինք, որ այսօր ապատեղեկատուութեան զոհը կ՜երթան։
Նախ մի քանի փաստական ճշտումներ.
Քու յիշատակած «Արեւմտեան շրջանի օրինաւորապէս շրջանային ժողովներով ընտրուած legitimate / «օրինաւոր» դաշնակցական մարմինը» օրինաւոր չէ։ Այդ ժողովին ներկայ չէին մեր կոմիտէներու երկու երրորդը, ոչ ալ այդ ժողովի նախկին Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներու մեծամասնութիւնը տեղեակ էին այդ ժողովէն եւ /կամ հաշտ են այդ անօրինական պատգամաւորական ժողովին հետ։ Չեմ ուզեր տակաւին ակնարկել «թագաժահրի» օրերու «բացակայ ընկերներու» քուէի իրաւունքի պղծումի պարագաները։
Հաստատեցիր նաեւ, թէ «Հայաստանէն ներս գործող Դաշնակցութիւնը» ուրիշ տարրերէ եւ շրջանակներէ կազմուած» խմբաւորում մըն է։ Դուն (եւ քու նման հեռացուածները) մեր Հայաստանեան դաշնակցական կարոյցին հետ տարիներ շարունակ ընդհանուր ժողովներու մասնակցած են։ Հիմա՞ է, որ այդ բազմահազար կարոյցը «շրջանակի» մը կը վերագրես։
Քու խօսքերուդ մէջ նաեւ ուրիշ միակողմանի գրադատութիւն մը նկատեցի։ Դուն, այսօրուայ ներքաղաքական ճգնաժամի օրերուն, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի կեցուածքը կը փորձես նսեմացնել՝ ըսելով, թէ անոնք միայն «նախկիններուն» կը ծառայեն։ Դուն մորցա՞ր, թէ 2018ի «թաւշեայ» յեղափոխութենէն յետոյ, Նոյն ՀՅԴ-ն էր, որ Վարչապետ Փաշինեանին հետ coalition կառավարութեան մէջ մասնակցեցաւ (Մայիս 8 – Հոկտեմբեր 3 2018).
Կը սխալիս նաեւ, երբ կը յիշես, թէ Արեւմտեան շրջանի շարքերուն մեծամասնութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի այլախոհներն են։ Ես Բիւրոյի ջատագովը չեմ, բայց սակայն քեզի կրնամ տեղեկացնել, թէ մի քանի տասնեակ անջատողականներէ (կամ դժբախտաբար խաբուած անտեղեակներէ) զատ, մեր շրջանի շարքերը պինդ կը կառչին իրենց տուած երդումին։ Մեր շրջանի շարքերուն լայն մասը մեր Ընդհանուր Ժողովի կողմէ ընտրուած ՀՅԴ Բիւրոյի տնօրինումը կ՚ընդունի եւ յոյսով ենք, որ շուտով մեր շրջանը իր օրինական պատգամաւորական ժողովը կ՚ունենայ։
Վերջապէս, 33-րդ ԸԺի շէմին՝ ընկեր Հրանտի ակնարկդ ճիշտ չէր (նորէն Ես Բիւրոյի ջատագովը չեմ)։ Կը մէջբերեմ ընկերոջ խօսքերը «Դաշնակցությանն այլ ելք չի մնում, քան Խորհրդարանից դուրս, լինել ժողովրդի կողքին եւ տուն ուղարկել այս իշխանությանը». յետահայեաց, ընկեր Հրանտ Մարգարյանի խօսքերը ճիշտ էին:
Յարգելի պարոն Պէրպէրեան, Հիմա անցնինք առաջ, քու ըրած մեկնաբանթիւններուդ…
Դուն Յունաստան նստած «ՀՅԴ ապակեդրոնացման» մասի՞ն կը խօսիս մեզի։ Լո՞ւրջ ես։ Շատ կը ներես, բայց քեզի պարկեշտ խորհուրդ պիտի տայի, որ ՀՅԴ Արեւմտեան շարքերուն մէջ գործող եւ պայքարող ընկերներուն վստահէիր այդ առանձնաշնորհումը։
Դուն նաեւ նշեցիր «ներքեւէն վերեւ բարձրացող ընտրութիւնները հակակշրելու եւ ընտրող ընկերներու կամքը ձեւափոխելու mechanisme»ի / գործընթացի հարցը։ Մատդ վէրքին վրայ դրիր։ Այո, այս տգեղ երեւոյթը շատ մը ազգային կազմակերպութիւններու մէջ կը չարաշահուի։ Բայց դուն արդրէօք տեղեա՞կ ես, թէ Արեւմտեան շրջանի մէջ գործող «զիջած ստուերային համակարգը» (compromised deep state) տարիներու ընթացքին ինչ-ինչ միջոցներու դիմած է ինքզինքը ընկերներու վրայ պարտադրելու համար։
Վերջապէս «Արեւմտեան շրջանի պա-տասխանատու (հիմա հեռացուած) իր իսկ զղջումնագրով խայտարակուած» պարոնին օրինակը բերիր։ Կը ներես, բայց իսկապէս «բովանդակութեան» տեսակէտէ անյարմար գտայ ըսածդ։ Եկուր համաձայնինք, որ հոս մեր «կեղտոտ լուացքին» մասին պիտի չխօսինք։ Շատ ճիշտ ես, երբ խօսքիդ մէջ հաստատեցիր թէ «որեւէ պատասխանատու Դաշնակցական, ԵՍ-ով խօսելու իրաւունք չունի ՀՅԴ-ին մէջը»։
Պարոն Պէրպէրեան, շատ կը ներես, բայց դուն «50 տարուայ ՀՅԴի գաղափարական սկզբունքներուն ինքնակոչ պահապանը չես» այլեւս շարքերուն մէջ՝ իմ նմաններուն համար։ Կը ցաւիմ, որ այլեւս մեր շարքերու խրամատներուն մէջ չեն քո նմանները՝ մեզ հետ մեր գաղափարական շարժումը բարեփոխելու եւ արդիականացնելու, որպէսզի ազգին շահերուն ծառայէ այս կարոյցը։
Սիրելի Նազարէթ, անգամներ՜ ընդհանուր ժողովներու մասնակցած ես եւ առիթներ ունեցած ես բարեփոխումներ մտցնելու մեր կարոյցէն ներս։ Իսկ երբ ձախողեցար, եւ երբ այլեւս համաձայն չեղար այդ ժողովներու որոշումներուն (ճիշտ կամ սխալ), դուն թքեցիր այդ կարոյցին վրայ։
Աւելի՜ն, ըրածդ կեղծաւոր պատեհապաշտութեան կը մօտենայ, երբ քաջութիւնը չունիս մեր 130-ամեայ շարժման սպառնացող ԲՈԼՈՐ վտանգներուն դէմ արտայայտուելու։ Լաւ, որ քու աւագ ընկերներդ քեզ այս խեղճութեանդ մէջ չտեսան… Ափսո ՜ ս վաստակիդ։
Նախկին ընկեր Նազարէթ, «Վազգէն Շուշանեանը» մեզի օրինակ մի բերեր։ Եթէ ուզածդ դաշնակցականօրէն պայքարիլ է, զղջումնագրով մը դիմէ յաջորդ Ընդհանուր Ժողովին եւ միացիր մեզի՝ բարեփոխելու մեր հաւաքական վիճակը։ Իսկ եթէ ոչ, քու միակ ելքը կը մնայ ընդունիլ որոշումներուդ հետեւանքը եւ «ձեր ուղղիով» զբաղիլ։ Իսկ ՀՅԴ-եան ազգային գաղափարական ուղիի պայքարը շատ պիտի խնդրեմ, որ իր հազարաւոր գիտակից ուխտեալ շարքայիններուն թողես։ Դուն այլեւս դաշնակցական չես։ Մնացածը՝ ի զուր աղմկոց։
Իսկ մենք շուտով կը վերականգնենք մեր կազմակերպական շրջանի դաշնակցական կարգապահութիւնը եւ յետոյ մէկ բռունցքով կը շարունակենք կերտել մեր նահատակներու վայել հզօր հայկական պետութիւնը։ Անտեղիտալիօրէ՛ն։
Ամենայն անկեղծութեամբ` Ռաֆֆի Արտահալճեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *