Իրանի Դեսպանատունը Հերքած Է Իրանի Մէջ 160 Հայ Զինուորներ Գտնուելու Եւ Զանոնք Վերադարձնելու Նախապայմաններու Մասին Տեղեկութիւնը

Posted on May. 26. 2021

Իրանեան «ՓարսԹուտէյ» կայքը հրապարակած է Երեւանի Մէջ Իրանի դեսպանատան յայտարարութիւնը հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառուող 160 հայ զինուորներու Իրանի տարածքին մէջ գտնուելու վերաբերեալ կեղծ լուրերուն մասին:

Տեղեկութիւնը նաեւ տարածած է Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը:

Մէջբերուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատունը կը հերքէ եւ կեղծ ու անհիմն կը նկատէ որոշ հայկական լրատուամիջոցներու մէջ շրջանառուող լուրերը, թէ Իրանի մէջ կը գտնուի 160 հայ զինուոր, եւ թէ իրանեան կողմը զանոնք վերադարձնելու համար նախապայմաններ ներկայացուցած է»:

160 հայ զինուորներու մասին լուրը նախապէս հերքած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *