Հայերէնը կը զուարճանայ

Posted on May. 26. 2021

Կիլիկեհայ(ութիւն) – կիլիկահայ(ութիւն)
Ո՞րն է, կը կարծէք, այս երկուքէն աւելի ճիշդը ու տակաւին՝ աւելի բարեհունչը:
Այս հարցը յառաջացաւ, երբ «Ազգ»-ի (23 ապրիլ 2021) խմբագրականին մէջ հանդիպեցայ առաջին՝ կիլիկեհայ ձեւին: Սակայն նոյն հարցը քիչ մը աւելի հանգամանալից դրած է հայր Անդրանիկ Կռանեան իր բառարանի վարդագոյն բաժնին մէջ (1982-ի հրատարակութիւն), ուր ե-ին ի նպատ կը կարդանք. «Իա երկբարբառը բառակազմութեան մը պարագային կը ձայնափոխուի ե-ի. օրինակ՝ Իտալիա-իտալերէն, Կիլիկիա-կիլիկերէն»:
Այլ խօսքով՝ երկուքն ալ հակած են ի նպաստ իա > ե հնչիւնափոխական ծանօթ երեւոյթին:

  • * *
  1. Սկսինք կիլիկեհայ-ով:
    «Ազգ»-ին տրամաբանութիւնն ալ այն է, որ Կիլիկիա յատուկ անունին «իա» վերջաւորութիւնը պէտք է դառնայ ե, այսինքն՝ իա > ե, ինչպէս այդ կը պատահի ոսկի-արիչ> ոսկերիչ, կաշի-ա-գործ>կաշեգործ, այգի-ա-պան>այգեպան եւ նման բառերու մէջ:
    Եթէ երեւոյթներուն քիչ մը աւելի խորը թափանցենք, ապա պիտի նկատենք, որ իա-ով վերջացող տեղի յատուկ անունները հայ արմատին կը կապուին՝
    ա) կա՛մ անփոփոխ կազմով. օրինակ՝ Անգլիա>անգլիա-հայ, Սուրիա>սուրիա-հայ, Դանիա>դանիա-հայ եւ այլն:
    բ) կա՛մ նետելով իրենց վերջի «իա» հնչիւնախումբը. օրինակ՝ Ռուսիա>ռուս-ա-հայ, Սպանիա>սպան-ա-հայ, Իտալիա-իտալ>ա-հայ եւ այլն:
    Այս երկուքէն դուրս ուրիշ կաղապար չենք գտներ. հետեւաբար մենք պիտի ունենայինք՝ կա՛մ կիլիկիահայ, կա՛մ կիլիկահայ, սակայն երբեք ու երբեք կիլիկեհայ:
    Արդ, ասոնցմէ առաջինը շատ անբարեհունչ է, մինչ երկրորդը՝ կիլիկահայ-ը՝ կիլիկահայութիւն ձեւի տակ արդէն վաղուց որդեգրուած կը գտնենք:
    Ստորեւ օրինակներու աղբիւրներ՝
    ***«Արեւ», խմբ. Միքայէլ Կիւրճեան, «Հայկական յաղթանակներ Ատանայի մէջ», ա. սիւնակ, 4 օգոստոս 1920 (օրին Կիլիկիոյ մէջ հրատարակուող թերթ եղած է այս):
    ***Գասպար Տէրտէրեան, «Արեւմտեան Հայաստանի հանրապետութեան պաշտօնաթերթ», 12 օգոստոս 2019, էջ 14:
    ***«Լրագիր-ամ», «Հայերի վիճակը քեմալական Թուրքիայում», թիւ 19 մայիս 2020:
    ***Ահարոն Շխրտըմեան, «Միհրան Տամատեան՝ “Հայ ժողվուրդի նուիրեալ մարտիկը”», «Պայքար», 16 օգոստոս 2020, թիւ 188:
    Յատկանշական է, որ տեղաբնակի անուններուն մէջ հայերէնը կը նետէ այլ վերջաւորութիւններ եւս. օրինակ՝ Կիպրոս-կիպրահայ, Դամասկոս-դամասկահայ, Պոնտոս-պոնտահայ, Եգիպտոս-եգիպտահայ: Միւս կողմէ՝ անփոփոխ կը պահէ այն տեղանունները, որոնք կը վերջանան «ա» ձայնաւորով. օրինակ՝ Ֆինլանտա>ֆինլանտա-հայ, Ֆրանսա>ֆրանսա-հայ, Պելճիքա>պելճիքա-հայ, Քանատա>քանատա-հայ եւ այլն:
    Ինչպէս կը նկատենք, Կիլիկիա > կիլիկեհայ կաղապարը ընդմիշտ կը բացակայի:
  • * *
  1. Հիմա գանք հայր Կռանեանի լեզուանունի կազմութեան վարկածին:
    Հայերէնը լեզուանուն կազմելու համար ունի երկու ածանց՝ -երէն եւ
    -արէն, որոնք կ’աւելնան ազգանուան վրայ. օրինակ՝
    ***հայ-հայերէն, պարսիկ-պարսկերէն,
    ***յոյն-յունարէն, չինարէն:
    Ճիշդ է, որ Կիլիկիա կու տայ կիլիկերէն, սակայն այստեղ իա>ե ծանօթ հնչիւնափոխութիւնը դերակատարութիւն չունի. եթէ պահ մը մտածէինք,– ինչպէս կը մտածէ հայր Կռանեան,– որ իա հնչիւնախումբի գումարն է այդ ե ձայնաւորը, ապա բանիւ նովին պիտի ընդունէինք, որ կիլիկերէն լեզուանունը գումարն է Կիլիակիա եւ րէն բաղադրիներու, իսկ մենք գիտենք, որ լեզուանուն կազմող րէն ածանց չունի հայերէնը:
    Ուրեմն, ինչպէս որ բնակիչի անուն կազմելու առթիւ տեղանունը կը նետէր իր իա բաղադրիչը՝ Սպան-իա>սպան-ացի, Իտալ-իա>իտալ-ացի (տե՛ս վերը բ.), այնպէս ալ լեզուանուն կազմելու առթիւ ան կը նետէ իր այդ բաղադրիչը եւ ապա կը միանայ երէն ածանցին. ճիշդ այսպէս ալ եղած է կիլիկերէն-ի պարագային, ուր երէն ածանցը աւելցած է Կիլիկ հիմքին վրայ, ինչպէս եւ տուած է կիլիկ-երէն: Նոյն այդ Կիլիկ հիմքին վրայ աւելցած է հայ (երէն) բաղադրիչը՝ յօդակապի մը միջնորդութեամբ եւ տուած է կիլիկ-ա-հայ:
    Իսկ ինչպէ՞ս կը յառաջանան տեղա-բնակներու անունները, օր՝ կիլիկեցի:
  • * *
    Կիլիկահայ, ֆրանսահայ, սու-րիահայ, վիրահայ անունները կազմո-ւած են ազգանիշ անուններու հիմքի վրայ:
    Ծանօթ.—Մեր լեզուն թոյլ չի տար այլ ազգու-թիւններ նշող հիմքերու վրայ կազմել տեղաբնակի անուններ. օրինակ՝ ֆրանսահայ-ին համարժէքը կարելի չէ կազմել պարսիկ, վրացի, արաբ, քուրդ, թուրք, ազերի, ռուս եւ այլ ազգանուններով. չենք կրնար ըսել քանատապարսիկ, իտալաքուրդ, ռուսաթուրք եւ այլն: Ինչո՞ւ այսպէս է,– ճիշդ պատասխանը չունինք:
    Տեղաբնակի ընդհանուր անուն կազմելու միջոցներ եւս ունի հայերէնը ի դէմս ցի, ացի, եցի ածանցներու, օրինակ՝ երեւանցի, շիրակացի, մշեցի:
    Այս պարագային ածանցները կ’աւելնան հետեւեալ բաշխումով.
    ***ցի ածանցը կ’աւելնայ անփոփոխ տեղանունին վրայ. օրինակ՝ Երեւան>երեւան-ցի, Իրաք>իրաք-ցի, Ֆրանսա>ֆրաանսա-ցի, Կրետէ>կրետէ-ցի, Մալթա>մալթա-ցի:
    Իա-ով վերջացող տեղանուններուն վրայ ան նմանապէս կրնայ անփոփոխ աւելնալ, օրինակ՝ Անգլիա-անգլիա-ցի, Սուրիա-սուրիա-ցի, Դանիա-դանիա-ցի: Սակայն կը պատահի, որ աւելնայ իա>ե հնչիւնափոխ ձեւի վրայ. օրինակ՝ Կիլիկ-իա > կիլիկ-ե-ցի :
    ***ացի ածանցը կրնայ աւելնալ անփոփոխ տեղանունին վրայ, օրինակ՝ Շիրակ>շիրակ-ացի, Աթէն(ք)>աթէն-ացի, Վիր(ք)>վր-ացի, Չին>չին-ացի, Շուէտ>շուէտ-ացի, քաղաք>քաղաք-ացի, գիւղ>գիւղ-ացի: Կամ տեղանուան իա բաղադրիչը թօթափած տարբերակի վրայ. օրինակ՝ Գերման-իա>գերման-ացի, Սպան-իա>սպան-ացի, Իտալ-իա>իտալ-ացի, ինչպէս նաեւ ոս բաղադրիչը թօթափած տարբերակի վրայ. օրինակ՝ Կիպր-ոս > կիպր-ացի, Եգիպտ-ոս > եգիպտ-ացի, Կորընթ-ոս > կորընթ-ացի, Պոնտ-ոս > պոնտ-ացի:
    Ի ձայնաւորով վերջացող տեղանուններու պարագային կը գործէ իա>ե հնչիւնափոխութիւնը. այսինքն՝ ի+ացի>եցի. օրինակ՝ Փարպի-փարպեցի, Շուշի-շուշեցի, Քղի-քղեցի, Լորի-լորեցի, Սիւնի(ք)-սիւնեցի, Նափոլի-նափոլեցի եւ այլն:
    *** Եցի ածանցը կ’աւելնայ տեղանունի անփոփոխ ձեւին վրայ օրինակ՝ Վան- վանեցի, Մուշ-մշեցի, Խութ-խութեցի, Օձուն-օձնեցի, Սիս-սսեցի, թաղ-թաղեցի եւ այլն:
    Մենք ի վիճակի չենք որոշելու համար, թէ կիլիկեցի անունը ինչպէ՞ս յառաջացած է. ա) իա>ե հնչիւնափոխութեա՞մբ, թէ՞ բ) իա բաղադրիչի թօթափումով եւ կիլիկ+եցի բաղադրիչներով:

Մրցոյթ 16. Լուծում.
***Գրագէտը ցոյց տուաւ գիրքին մէջ առկայ մեծաքանակ սխալները:
***Վարչապետը հանդէս եկած է իր հրաժարականով (յայտարարութեամբ):
***Բախտը երկար թակեց իր դուռը, բայց ան չուզեց լսել անոր բախիւնը:
***Բազմիցս այս կէտը յանձնուած էր անոնց ուշադրութեան:
(Բազում կամ բազմաթիւ առիթներով…)
***Վաղ թէ անագան անպայման պիտի տիրանանք մեր հողերուն:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Համբարձում Յարթունեան (7), Ալին Գոճակէօզեան (9), Արմենակ Աւագեան (9), Գէորգ Եազըճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (9), Մանուէլ Ֆարաճեան(9), Պերճ Տէր Սահակեան (8), Ռաֆֆի Ստեփանեան (9), Դանիէլ Թիւֆենքճեան ( 7), Եփրեմ Թոքճեան (9), Համո Ապտալեան (7):
Մրցոյթ 17. Կէտերը փոխարինել առողջական կամ առողջապահական բառով:
*** Մեծ հայրս ունի իր … սկզբունքները:
*** Շրջանը … միջոցներու պակասէն կը տառապի:
*** … հարցերու բերումով յետաձգեց քննութիւնը:
*** Քանիներ … պատրուակներով խուսափեցան զինուորագրուելէ:
*** Բժիշկը … թելադրանքներ ըրաւ աշակերտութեան:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *