Երբ Աստուծոյ Մարդը Խօսի

Posted on June. 24. 2021

Եկեղեցին Հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն
Զրահանդերձ է փայլուն, մինչ իր խաչերն են դաշոյն
Եւ զանգակներն են բոմբիւն եւ երգն է միշտ յաղթութիւն…
Վահան Թէքէեան

Մի ոմն, Սեւակ Յակոբեան, թափթփուկ «Ռամկավար», անդրադառնալով վերջերս Մայր Աթոռի սատայանապետ՝ Արշակ չարքեպիսկոպոս Խաչատրեանի կատարած «հերոսութիւն»ներուն, «ԶԱՐԹՕՆՔ» օրաթերթի ընդմէջէն կը սրբացնէ լրբազանը, անոր տալով իր արժեքէն վեր գնահատականներ։

Ռամկավարներու կապուածութիւնը Մայր Աթոռին նկատմամբ յայտնի է մեզ 1956 թուականէն իվեր։

Սակայն այս օրերուն, Սեւակ Յակոբեան կոչեցեալի նման թափթփուկ «Ռամկավար»ներ, Գարեգին Բ.ի ու անոր պնակալէզ «հոգեւորականներուն» քաքած քաքը մաքրելու նուաստացուցիչ դերակատարութիւնը ստանձնած են։

Սեւակ Յակոբեան եւ իր պատկանած «կուսակցութեան» վարձկանները անտեղեա՞կ են արդեօք, վերջին քսանամեակին Մայր Աթոռի մէջ կատարուած զեղծումներուն, չարաշահումներուն, որոնք օր ցերեկով կը կատարուին նոյնինքն Գարեգին Բ.ի ցուցմունքներով։

Յետոյ, ի՞նչ իրաւունքով, Հայ եկեղեցւոյ սահմանած ո՞ր օրէնքին համաձայն, Արշակ, Միքայէլ չարքեպիսկոպոսներ, չվարդապետներ ու չքահանաներ իրաւունք կը ստանան քաղաքական ասպարէզ իջնել ու քարոզարշաւի մասնակցիլ ու իրենց զօրակցութիւնը յայտնել այս կամ այն թեկնածուին, դաշինքին։

Խնդրեմ պրն. Յակոբեան, եթէ տեղեակ էք նման օրէնքի մը գոյութենէն, հաճեցէք մեր ուշադրութեան յանձնել։

Իսկ ինչ կը վերաբերի Ձեր այն հաստատումին, թէ՝ «Սրբազանին կեցուածքները սակայն կու գան շատ աւելի կանուխ օրերէ՝ 2018-էն, երբ նորաբոյս ազգադաւ մարդուկներ փորձեցին Հայոց Ս. եկեղեցին արժեզրկել»։

Նկատի ունենալով, որ այս մասին, յարգելի պատմաբան տիար Գէորգ Եազըճեան արդէն իսկ լուսաբանած է Ձեզ այս առիթով, իմ կողմէ աւելորդ պիտի ըլլար նոյնը կրկնելու։

Եթէ իրապէս, Արշակ լրբազանը «խիզախ» է, թող խիզախութիւնը ունենայ ու խօսի Մայր Աթոռի շրջանակէն ներս տեղի ունեցող կնամոլութեան, միասեռականութեան, թմրամոլութեան եւ այլ զզուելի երեւոյթներու մասին։

Եթէ իրապէս, Արշակ լրբազանը «առիւծ» է, ուրեմն սխալ վայրի մէջ կը գտնուի, զինք պէտք է փոխադրել կենդանաբնական պարտէզ, ուր կրնայ խիզախօրէն թագաւորել։

Դուք ռամկավարներդ ձեր ծնունդէն ի վեր հալածած էք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ու հիմա ելած էք ու կը պաշտպանէք «Հայրենիք» դաշինքը, որուն, բացի գողապետ՝՝ Ռոբիկ Քոչարեանէն, մաս կը կազմէ նաեւ վերոնշեալ կուսակցութիւնը։ Ի՞նչ է, հիմա պէտք է ըսել, որ բարեկամիս բարեկամը, բարե-կամս է։

Լրջանալ պէտք է, պրն. Յակոբեան։
Գրեց՝ ԱՆԹՕ ՍԱՀԱԿ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *