Թուրքիան Արցախէն Ուքրանիա Ուղարկած Է Աւելի Քան 2000 Սուրիացի Զինեալ

Posted on March. 15. 2022

Թուրքիան Ուքրանիա ուղարկած է սուրիացի զինեալներ, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած էին Հայաստանի հետ տագնապին մասնակցելէն ետք: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է սուրիական ընդդիմութենէն աղբիւր մը:

«Թուրքիան Սուրիայէն աւելի քան 2 հազար զինեալ ուղարկած էր Լեռնային Ղարաբաղ` մասնակցելու Հայաստանի դէմ 2020 թուականի զինուորական գործողութիւններուն, եւ այդ զինեալներուն մեծ մասը զինուորական գործողութիւններու աւարտէն ետք մնացած էր այնտեղ: Թուրքիան զինեալները Ղարաբաղէն ուղարկած է Ուքրանիա` ուքրանական բանակի կողքին տագնապին մասնակցելու համար», ըսած է աղբիւրը:

Անոր համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղէն Ուքրանիա մեկնած զինեալները մաս կազմած են ուքրանական իշխանութիւններուն կողմէ ստեղծուած օտարերկրեայ լեգէոնի կազմին:

Լրատուամիջոցներու տուեալներով` 2020 թուականին թրքական հետախուզութիւնը Արցախ ուղարկած էր շուրջ 2500 զինեալներ, որոնցմէ 300-ը մահացած են, մէկ մասը վերադարձած է Սուրիա: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շուրջ հազար զինեալներ մնացած էին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *