Միրզոյեան-Լաւրով- Պայրամով Հանդիպում

Posted on October. 20. 2022

Երէկ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի, Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճէյհուն Պայրամովի եռակողմ հանդիպումը, որուն ընթացքին Լաւրով նշեց, որ յոյս ունի քննարկել երեք երկիրներու ղեկավարներու 2020 եւ 2021 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու կատարումըհասկնալու համար «ինչպէ՛ս յառաջ շարժիլ»: Լաւրովի համաձայն, բարձր մակարդակով ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնները հիմք կը դնեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու բոլոր երեւոյթներու լուծման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման: «Առանձին նիւթեր են, ի հարկէ, խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելը, տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ համաձայնութիւններու լրացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմ յանձնախումբի ստեղծման միջոցով սահմանազատման իրականացումը ռուսական կողմի խորհրդատուական աջակցութեամբ:
Մեկնելով անկէ, որ ժամանակը արագ կ՛ընթանայ, իրադարձութիւնները կը զարգանան բաւական շեշտակի, կը կարծեմ, որ այսօր շատ յարմար առիթ է քննարկելու այս նիւթը եւ տեսնելու, թէ ի՛նչ կրնանք զեկուցել մեր ղեկավարներուն անոնց ստորագրած համաձայնութիւններու իրականացման վերաբերեալ», ըսած է Լաւրով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ նախարարները քննարկած են հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած միացեալ ջանքերը: Հաստատած են հաւատարմութիւնըՀայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի յայտարարութիւններու բոլոր կէտերուն համալիր պահպանման: «Կատարուած է առարկայական քննարկում շրջանի մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման հարցերու վերաբերեալ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ:
Քննարկում եղած է նաեւ Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման յանձնախումբի աշխատանքի եւ երեք երկիրներու հասարակական ներկայացուցիչներու եւ փորձագէտներու երկխօսութեան վերաբերեալ: Առանձին ուշադրութիւն դարձուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման շուրջ բանակցութիւններու հոլովոյթին:
«Համաձայնութիւն գոյացած է յառաջիկային շարունակելու տարբեր մակար-դակներու վրայ եռակողմ հաղորդակցութիւնները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *