Ռայիսին Ալիեւին Յստակ Հասկցուցած Է` Պատմական Սահմաններու Եւ Իրան-Հայաստան Տարանցիկ Երթուղիներու Որեւէ Փոփոխութիւն Պիտի Արժանանայ Իրանի Վճռական Պատասխանին

Posted on October. 20. 2022

Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Իրանի նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Իպրահիմ Ռայիսիի հանդիպումը: Անոնք Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցին Ասիոյ մէջ համագործակցութեան եւ վստահութեան քայլերու 6-րդ վեհաժողովին: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Միրան Փրես» օրաթերթին հաղորդումով Իրանի նախագահի աշխատակազմի ներկայացուցիչ Մոհամետ Ճամշիտի յայտնած է. «Նախագահ Ռայիսին Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւին յստակ հասկցուցած էպատմական սահմաններու, շրջանային աշխարհաքաղաքականութեան եւ Իրան-Հայաստան տարանցիկ երթուղիներու որեւէ փոփոխութիւն պիտի արժանանայ Իրանի վճռական պատասխանին», ըսած է ան: «Թեհրան նաեւ դէմ է շրջանին մէջ որեւէ եւրոպական զինուորական ներկայութեան», աւելցուցած է Ճամշիտի: Իրան Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Մօտ Մեծ Ռազմափորձ Պիտի Կատարէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօր. Մոհամետ Փաքփուր յայտարարած է յառաջիկայ օրերուն երկրին հիւսիսը զօրքերու մեծ ռազմափորձերու մասին: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհրնիուզ» կայքը: «Յառաջիկայ օրերուն Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային զօրքերու «Էկթետար/Ուժ» զանգուածային ռազմափորձերը պիտի կատարուին երկրի հիւսիսային սահմաններուն վրայ Արազի շրջանին մէջ Յեղափոխական պա-հակագունդի շրջանային «Աշուրա» ռազմակայանին մէջ», յայտնած է Մոհամետ Փաքփուր:
Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային զօրքերու հրամանատարը յայտարարած է, որ մեծ ռազմափորձերու կատարումը համահունչ է առաքելութեան իրականացման տարեկան ծրագիրին, որուն նպատակն է բարձրացնել Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային զօրքերու մար-տական պատրաստուածութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *