Մխիթարեանի Փոխանցման Արժէքը Նուազեցաւ

Posted on November. 19. 2022

Հեղինակաւոր գերմանական «Թրանսֆերմարքեթ» կայքը հրապարակեց Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») մասնակցող ֆութպոլիստներուն նոր արժեւորման դասաւորումը:
Նափոլիի վրացի միջնապահ Խվիչա Վարացխելիայի փոխանցման արժէքը 35 միլիոն եւրոյէն բարձրացաւ 60 միլիոն եւրոյի:
Սակայն Ինթեր Միլանին մաս կազմող հայրենի ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման արժէքը նուազեցաւ 6 միլիոն եւրոյի (նախապէս8 միլիոն եւրօ): Փորթուգալցի 23 տարեկան յառաջապահ Ռաֆայէլ Լէաօ, որ մաս կը կազմէ Ա. Սէ. Միլանի, կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը (85 միլիոն եւրօ):
«Քալչիօ»-ի ամէնէն արժէքաւոր կազմը ունի Ա. Սէ. Միլան` 569,05 միլիոն եւրօ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *