Արցախէն Մեկնաբանած Են Արտաքին Գործերու Նախարարի Պաշտօնին Վարդան Օսկանեանի Եւ Արա Այվազեանի Թեկնածութիւնը Քննարկելու Լուրերը

Posted on December. 4. 2022

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Լուսինէ Աւանեսեանը, պատասխանելով Արցախի մէջ արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնին Վարդան Օսկանեանի եւ Արա Այվազեանի թեկնածութիւններու քննարկման վերաբերեալ լուրերուն, նշած է, որ նախագահը Արցախի Արտաքին գործերու գերատեսչութիւնը ղեկավարելու առաջարկ անոնց չէ ըրած, եւ այս պահին նման հարց օրակարգին մէջ չկայ: «Դաւիթ Բաբայեանը շարունակում է կատարել արտաքին գործերի նախարարի լիազօրութիւնները` որպէս ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Նախագահը Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործերի գերատեսչութիւնը ղեկավարելու առաջարկ Վարդան Օսկանեանին կամ Արա Այվազեանին չի արել, եւ նման հարց այս պահին օրակարգում չկայ: Յստակ որոշում կայացնելուց յետոյ արտաքին գործերի եւ միւս նախարարների նշանակումների վերաբերեալ հրամանագրերը կը հրապարակուեն», ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակը:
Աւելի վաղ մամուլին մէջ լուրեր կը շրջանառուէին, թէ Արցախի արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնին համար կը քննարկուին Վարդան Օսկանեանի եւ Արա Այվազեանի թեկնածութիւնները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *