Եւրոպական Միութիւնը Մասնագէտներ Պիտի Ուղարկէ Հայաստան՝ Դիտարկելու Նոր Առաքելութեան Տեղակայման Կարելիութիւնը

Posted on December. 16. 2022

Եւրոպական Միութիւնը յառաջիկայ շաբաթներուն, մասնագէտներու խումբ
պիտի ուղարկէ Հայաստանդիտարկելու հոն նոր քաղաքացիական առաքելութիւն մը տեղակայելու կարելիութիւնը։ Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց միութեան արտաքին գործոց նախարար Ժոզեփ Պորելի բանբերը առանց յստակ ժամկէտներ նշելու:
«Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար մնայուն կապի մէջ է կողմերուն հետ: Այս պահուն, միութիւնը եւ անդամ երկիրները տեղւոյն գործընկերներուն հետ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենան՝ քննարկելու համար, թէ ինչպէ՛ս կրնան նպաստել կայուն խաղաղութեանտեղւոյն վրայ ներգրաւուած ըլլալու միջոցով: Այդ նպատակով, Եւրոպական Միութիւնը յառաջիկայ շաբաթներուն մասնագէտներու խումբ մը պիտի ուղարկէ Հայաստան դիտարկելու նոր առաքելութեան տեղակայման կարելիութիւնը, որպէսզի նպաստէ վստահութեան հաստատման», նշեց ան։
Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդներու առաքելութիւնը կ՛աւարտի վեց օրէն: Արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բանբերը, չպատասխանեց «Ազատութեան» հարցումին, թէ ինչո՛ւ Եւրոպական Միութիւնը որոշեց չերկարաձգել գործող այս առաքելութիւնը` յատկապէս, որ պաշտօնական Երեւան ողջունած էր նման կարելիութիւն մը:
Սթանօ միայն շեշտեց, որ Փրակի մէջ կողմերը պայմանաւորուած էին երկու ամիսով տեղակայել դիտորդներ Հայաստանի մէջ: «Ինչպէս նշած է բարձր ներկայացուցիչ Պորել, մենք կ՛ուզենք յարգել մեր յանձնառութիւնը, եւ առաքելութիւնը իր գործունէութիւնը պիտի աւարտէ 19 Դեկտեմբերին», ըսաւ ան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *