Թեհլիրեանի Անգլերէնի Թարգմանուած Յուշագրութիւններու Ներկայացում

Posted on December. 16. 2022

Երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2022-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշերու անգլերէն թարգմանուած գիրքին ներկայացումը:
Թեհլիրեանի յուշագրութիւնները անգլերէնի թարգմանուած են լիբանանահայ Պետօ Տեմիրճեանին կողմէ, իսկ գիրքի հրատարակութեան աշխատանքը ստանձանած էր «Կոմիտաս» հիմնարկըԱրա Սարաֆեանի տնօրինութեամբ: Օրուան հանդիսավարն էր Քրիստ Խրոյեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց. «Մեր պատմութեան մէջ հազուագիւտ է զէնք ու միաժամանակ գրիչ բռնող ձեռքը. Այդ ձեռքն ունէր նաեւ Թեհլիրեան: Անոր յուշագրութիւնները ոչ միայն ականատեսի, այլ ի գործ լծուող մարտիկի վկայութիւններ են, որոնց վրայ պէտք է գուրգուրալ, մեկնաբանել եւ անոնց ընդմէջէն հասկնալ ու տրամաբանել ամբողջ ազգի մը ցաւն ու տառապանքը, այն ժամանակ, երբ անտարբերութիւնը ամենադիւրին միջոցն էր զանոնք թօթափելու, ինչպէս այսօր նաեւ»:
Սկիզբը հեռակայ կապով հանդէս եկաւ «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա
Սարաֆեան, որ անդրադարձ մը կատարեց աշխատանքի մասին, լուսարձակի տակ առաւ գիրքին եւ զայն ակադեմական ու գիտական շրջանակներու յանձնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւփոխյարաբերական կապը հեղինակին հետ: «Այսօր արդէն կը մտածուի յուշագրութիւնները ռուսերէնի, թրքերէնի եւ քրտերէնի թարգմանելու մասին: Սակայն աշխատանքի ամէնէն էական բաժինը գիրքին տարածումն է, անոր ցրւումը, եւ այս իմաստով հայկական միութիւններն ու կազմակերպութիւնները մեծապէս կրնան նպաստել», նշեց Սարաֆեան: Ապա գիրքի հեղինակ Պետօ Տեմիրճեան խօսեցաւ իր անձնական փորձա-ռութեան եւ գիրքին մասին, որուն մեծ բաժին աշխատանքը կատարուեցաւ «Քորոնա» ժահրի օրերուն: Նշեց, թէ ինչո՛ւ յատկապէս այս մէկը ընտրեց եւ յայտնեց իր դիմագրաւած դժուարութիւնները: Սակայն ձեռք երկարող մարդիկ չպակսեցան, եւ օրըստօրէ աշխատանքը բիւրեղացաւ եւ գիրքը լոյս տեսաւ: Ապա խօսք առաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան հարստացնելով երեկոն եւ փոխանցելով հետաքրքրական որոշ տեղեկութիւններ «Նեմեսիս»-ի եւ անոր դերակատարներուն հետ կապուած: Խօսեցաւ անոնց մարդու տեսակին, տարած աշխատանքին եւ յետգործունէութեան իրենց վարած կեանքին մասին: Ապա ողջունեց աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց «Կոմիտաս» հիմնարկին ու հեղինակին:
Յիշենք, որ Փամպուքեան նաեւ իր ներդրումը ունէր այս աշխատանքի կատարելագործման մէջ:
Աւարտին ներկաները հարցադրումներ կատարեցին, եւ զրոյց մը տեղի ունեցաւ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *