ԵԽԽՎ-ի Դիտորդները Կոչ Կ՛ուղղեն Վերականգնելու Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժը

Posted on December. 24. 2022

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ)(Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի դիտարկումի գծով) չորս համազեկուցողները միացեալ յայտարարութեամբ անդրադարձած են Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած վիճակին արտայայտելով իրենց մտահոգութիւնը ազատ տեղաշարժի ընդհատման փաստին վերաբերեալ:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին կ՛ըսուի չորս համազեկուցողներու համատեղ ստորագրած յայտարարութեան մէջ:
«Միջանցքի երկայնքին պէտք է արագ վերականգնուի մարդոց եւ ապրանքներու տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը: Մենք կոչ կ՛ուղ ղենք 9 նոյեմբեր 2022 եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կողմերուն անյապաղ ձեռնարկել անհրաժեշտ միջոցներ», կը նշուի Եան Լիտել-Կրէյնճըրի (Բրիտանիա), Լիզ Քրիսթոֆերսենի (Նորվեկիա), Քիմմօ Քիլեունենի (Ֆինլանտիա, SOC) եւ Պորիանա Ապերկի (Շուէտ) ստորագրած յայտարարութեան մէջ:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար` ստեղծուած իրավիճակը եւ դիւանագիտական ջանքերը չորեքշաբթի օր քննարկուած են ԵԽԽՎ դիտարկումի յանձնախումբին կողմէ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի եւ ԵԱՀԿ-ի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյի հետ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
«Մենք կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը ապահովելու անհրաժեշտ բոլոր քաղաքական աջակցութիւնը, ներառեալ շրջանին մէջ փաստահաւաք առաքելութիւն իրականացնելու միջոցով», կ՛եզրակացնեն համազեկուցողները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *