Ապահովութեան Խորհուրդը Քննարկեց Լաչինի Միջանցքի Փակման Հարցը. Ֆրանսան Յայտարարութեան Նախագիծ Ներկայացուց

Posted on December. 31. 2022

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը 21 դեկտեմբերին գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած կացութիւնը:
ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրա-պետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան նիստի ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ քայլերու ձեռնարկելու, Ազըր-պէյճանէն պահանջելու վերցնել Լա-չինի միջանցքի փակումը, ինչպէս նաեւ փաստահաւաք առաքելութիւն տեղակայել Լաչինի միջանցքին մէջ:
Ան շեշտեց, որ Ազրպէյճան Լաչի-նի միջանցքին մէջպետական հովանաւորութեամբ զանգուածային ար-շաւի ձեռնարկած է: Մտացածին պատրուակով կազմակերպելով Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակումը Ազրպէյճան թիրախաւորած է 120 հազար մարդ: Առնուազն 1100 քաղաքացիներ չեն կրնար վերադառնալ իրենց տուները, երեխաները բաժնուած են իրենց ծնողներէն, ընտանիքներէն, առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններու տրամադրումը խաթարուած էստեղծելով կեանքին սպառնացող կացութիւններ: «Հակառակ խաղաղապահ ուժերու ջանքերուն, ազրպէյճանական կողմին հետ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու բանակցութիւնները, որոնք նպատակ ունին վերականգնել միջանցքի ապահով եւ անխաթար շահագործումը, առ այսօր որեւէ արդիւնքի չեն յանգած: Ազրպէյճանի գործողութիւններուն համակարգուած բնոյթը, ներառեալ նախորդ միջադէպերը, որոնց ընթացքին կը թիրախաւորուէին քաղաքային ազգաբնակչութիւնը, ենթակառոյցները, անգամ մը եւս ապացոյց է անոր, որ Լաչինի միջանցքի փակումը իրականութեան մէջ նախապէս ծրագրուած գործողութիւն է, որ կ՛իրականացուի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ նպատակ հետապնդելով վնաս պատճառել ազգաբնակչութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մեծածաւալ մարդասիրական ճգնաժամ յառաջացնել», ըսաւ Հայաստանի ներկայացուցիչըաւելցնելով. «Բնապահպանական մտահոգութիւններուն որեւէ յղում ոչ այլ ինչ է, քան կեղծ պատրուակ արդարացնելու Լեռնային Ղարաբաղի ազգաբնակչութիւնը գոյութեան միջոցներէն զրկելը, անոնց հիմնարար իրաւունքները մերժելը»:
«ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղենք քայլերու ձեռնարկելուպահանջելու Ազրպէյճանէն լիարժէքօրէն յարգել 9 նոյեմբեր 2020 -ի եռակողմ յայտարարութեան կէտերը եւ անմիջապէս ու անվերապահօրէն դադրեցնել Լաչինի միջանց-քի փակումը վերացնելով փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան անվտանգ եւ ապահով կազմակերպման բոլոր խոչընդոտները, ինչպէս նաեւ փաստահաւաք առաքելութիւն տեղակայել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Լաչինի միջանցքին մէջգնահատելու տեղւոյն մարդասիրական կացութիւնը, ապահովելու ՄԱԿ-ի գործակալութիւններուն համար անխոչընդոտ հասանելիութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական նպատակներով: Հայաստանը Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ կատարելու միջազգային խաղաղութեան եւ անվտան-գութեան պահպանման իր պարտականութիւնը, ձեռնարկելու պատշաճ քայլերու եւ յստակօրէն դատապարտելու Ազրպէյճանի յարձակողական գործողութիւնները, որոնք գոյութենական սպառնալիք կը յառաջացնեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար, անոնց ազատ ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքին համարառանց արտաքին բռնաճնշումի վախի», եզրափակեց Հայաստանի ներկայացուցիչը: Միացեալ Նահանգներ Կոչ Կ՛ուղղեն Կարելի Եղածին Չափ Արագ Ապաշրջափակելու Լեռնային Ղարաբաղը ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգուած են Լաչինի միջանցքի տեղաշարժի խոչնդոտներով եւ այդ պատճառով յառաջացած մարդասիրական իրավիճակով: «Լաչինի միջանցքի տեղաշարժի խոչընդոտը ետ կը մղէ խաղաղութեան հոլովոյթը խաթարելով այս հոլովոյթին նկատմամբ միջազգային վստա-հութիւնը, եւ կրնայ կարողական ծանր մարդասիրական հետեւանքներու յանգեցնել: Կոչ կ՛ուղղենք Ազրպէյճանի կառավարութեան եւ այլ կողմերուն, որոնք պատասխանատու են միջանցքի անվտանգութեան համար, կարելի եղածին չափ արագ ապաշրջափակելու Լեռնային Ղարաբաղը», ըսաւ Միա-ցեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը:
Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն անմիջապէս դադրեցնելու այն գործողութիւնները, որոնք կը խաթարեն խաղա-ղութեան հոլովոյթը եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին ներքեւ իրենց պարտաւորութիւնները կատարեն: «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մի-ջեւ կուտակուած խնդիրները պէտք է լուծուին խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով: Բանակցութիւնները տեւական խաղաղութեան հասնելու միակ ձեւն են», նշեց Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը:
Ֆրանսայի Ներկայացուցիչ. «Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժի Սահմանափակումները Անընդունելի Են»
ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը յիշեցուց եւ ընդգծեց 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ Ազրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւնըերաշխաւորել քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու, բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը: «Վերջին շրջանի իրադարձութիւնները մեզ շատ մտահոգած են: Երկու հանգամանք կ՛ուզեմ ընդգծել: Նախ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ միջանցքի ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները անընդունելի են: Լաչինի միջանցքի փակման ուղիղ հետեւանքն է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մեկուսացումը, մարդասիրական հետեւանքները օրէ օր կը վատթարանան», ըսաւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը: Ան ընդգծեց, որ Ֆրանսան կոչ կ՛ուղղէ անվերապահօրէն վերսկսելու ապրանքներու եւ պարագաներու տեղաշարժը միջանցքով միեւնոյն ժամանակ լիովին ապահովելով ազգաբնակչութեան իրաւունքները: Ֆրանսան կոչ կ՛ուղղէ գործադրելու 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած յանձնառութիւնները: Ֆրանսան նաեւ կ՛ընդգծէ, որ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան յանձնառութեան համաձայն, պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ մարդոց, փոխադրութեան միջոցներու եւ ապրանքներու տեղաշարժի անվտանգութիւնըԼաչինի միջանցքի երկայնքով, երկու ուղղութիւններով: Ֆրանսան նաեւ կոչ կ՛ուղղէ անմիջապէս հասանելիութիւն ապահովելու մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, ՄԱԿ-ի գործակալութիւններուն շրջափակման հետեւանքները կրող բնակչութեան հետ աշխատելու համար: Ֆրանսան կ՛արձանագրէ, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի առաջին անցումները կազմակերպուած են:
«Ֆրանսան երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէստեղծելու միջավայր, որ նպաստաւոր պիտի ըլլայ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ յաջողութեան հասնելու եւ յառաջընթացի համար: Անիկա պէտք է ըլլայ միայն երկխօսութեամբ, եւ ոչ թէ ուժի գործադրութեամբ: Եւ պէտք է լուծուին գոյութիւն ունեցող բոլոր խնդիրները, երաշխաւորուին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար իրաւունքները եւ երաշխիքները», աւելցուց ներկայացուցիչը: ՄԱԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը վստահեցուց, որ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեան զուգահեռ պիտի շարունակէ սատարել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան ջանքերուն: «Մենք պիտի սատարենք բոլոր քննարկուող նիւթերուն ուղղութեամբ յառաջընթացին, յատկապէս խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին ուղղութեամբ, սահմանագծման, սահմանազատման ուղղութեամբ եւ հաղորդակցութեան ուղիները բանալու ու շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ», ըսաւ ան: Ֆրանսայի ներկայացուցիչը յիշեցուց, որ այս տարի Փրակայի մէջ կատարուած հանդիպումը, որուն մասնակցած են Հայաստանի վարչապետը, Ազրպէյճանի նախագահը, Ֆրանսայի նախագահը, Եւրոպական խորհուրդի նախագահը, թոյլ կու տայ լուրջ յառաջընթացի հասնելու: Ֆրանսան պատրաստ է բոլոր կողմերուն հետ աշխատելու օգնելու հասնիլ այս նպատակներուն բոլոր գործընկերներուն եւ շահագրգիռ կողմերու հետ միասին:
Ֆրանսայի ներկայացուցիչը աւելցուց, որ ներկայացուցած են յայտարարութեան նախագիծ, որ մինչեւ առաւօտ բաց է քննարկումներու համար:
Ռուսիոյ Ներկայացուցիչ. «Կ՛ակնկալենք, Որ Մօտիկ
Ապագային Փոխադրամիջոցային Լիարժէք Հաղորդակցութիւնը Պիտի Վերականգնի»
ՄԱԿ-ի Մօտ Ռուսիոյ Ներկայացուցիչը Յայտնեց, Որ Իր
Երկիրը Կ՛ակնկալէ, Որ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը կապող Լաչինի միջանցքով փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան վերականգնումը տեղի պիտի ունե-նայ մօտ ատենէն:
«Կ՛ակնկալենք, որ մօտիկ ապագային փոխադրամիջոցային լիարժէք հաղորդակցութիւնը պիտի վերականգնի: Ռուսական կողմը պաշտպանութեան նախարարութեան, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանա-
տարութեան, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարա-րութեան մակարդակով վերջին օրերու ընթացքին կը ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ ջանքերունԼաչինի միջանցքին մէջ կացութեան շուտափոյթ կարգաւորման համար: Կա-նոնաւոր հաղորդակցութիւններ կազմակերպուած են հայ եւ ազրպէյճանցի գործընկերներու հետ», ըսած է ան: Ռուսիոյ ներկայացուցիչին համաձայն, այդ աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղած է հասնիլ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ կազի մատակարարման վերսկսման եւ միջանցքով երթեւեկութեան մասնակի ապա-շըրջափակման: «Բանակցութիւն տեղի կ՛ունենայ Ազրպէյճանի բնապահպանական փորձագէտներու հետ Լեռնային Ղարաբաղի հանքավայրեր այցելելու կարգին շուրջ», եզրափակեց ան:
Չինաստանը Լաչինի Միջանցքին Շուրջ Կացութեան Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Լուծման Յոյս Ունի ՄԱԿ-ի մօտ Չինաստանի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ իր երկիրը յոյս ունի, որ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ պիտի լուծուի:
«Մենք կը հաւատանք, որ Լաչինի միջանցքին շուրջ վէճերը պէտք է լուծուին երկխօսութեան միջոցով: Ռուսիան այս ուղղութեամբ կատարած է աշխատանք, որ ողջունելի կը նկատենք: Չինաստանը կ՛ողջունէ: Մենք յոյս ունինք, որ Ռուսիոյ եւ այլ մտահոգ կողմերու միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Լաչինի միջանցքին շուրջ վէճը կարելի եղածին չափ շուտ պիտի լուծուի: Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը դրացիներ են, եւ միացեալ անվտանգութեան, համագործակցութեան հասնիլը կը համապատասխանէ անոնց շահերուն», ըսաւ ան:
Ան աւելցուց, որ Չինաստանը կը խրախուսէ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը Ռուսիոյ եւ այլ կողմերու միջնորդութեամբ լուծելու իրենց միջեւ վէճերըմեկնելով յարաբերութիւնները կարգաւորող միջազգային օրէնքէն: «Որեւէ ջանք, որ ասոր կը նպաստէ, կառուցողական դեր պիտի կատարէ», եզրափակեց Չինաստանի ներկայացուցիչը: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ. «Անհրաժեշտ Է Ապահովել Լաչինի Միջանցքով Տեղաշարժի Ազատութիւնը 9 Նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ Յայտարարութեան Համահունչ» ՄԱԿ-ի մօտ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներկայացուցիչը յայտնեց, որ իր երկիրը մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեան աճով:
«Մենք կը շարունակենք ընդգծել, որ կարեւոր է նուազեցնել լարուածութիւնը եւ զսպուածութիւն ցուցաբերել: Բոլոր կողմերը պէտք է խուսափին կացութիւնը սրելէ, մասնաւորաբարիրենց հռետորաբանութեամբ, որովհետեւ ատիկա կրնայ մարդասիրական ծանր հետեւանքներ ունենալ: Շատ կարեւոր է, որ քաղաքային անձերու համար կացութիւնը բարելաւուի, եւ անոնց կեանքը չվտանգուի: Մենք համաձայն ենք ընդհանուր քարտուղարին հետ, որ անհրաժեշտ է ապահովել Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնը 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան համահունչ: Վերջին իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ անհրաժեշտ է գտնել կայուն եւ տեւական լուծումհիմնուելով մինչեւ այս պահը ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն վրայ», ըսաւ ան: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներկայացուցիչը վերահաստատեց իր երկրին սկզբունքային դիրքորոշումը, որ տագնապը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ: «Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք խաղաղ եւ դիւանագիտական ճամբով գտնելու լուծումը: Կոչ կ՛ուղղենք կառուցողական աշխատանքը շարունակելու շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հասնելու համար: Մենք եւ միջազգային ընտանիքը պարտաւոր ենք ամէն ինչ ընել, որպէսզի ապահովենք կայունութիւն, երկխօսութիւն եւ խաղաղ գոյակցութիւն: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները պիտի շարունակեն այդ ուղղութեամբ բոլոր ջանքերուն սատարել», եզրափակեց ան:
Բրիտանիա. «Ազրպէյճանի Կողմէ Լաչինի Միջանցքի Փակումը Կրնայ Մարդասիրական Լուրջ Հետեւանքներու Յանգեցնել»
ՄԱԿ-ի մօտ Բրիտանիոյ ներկայացուցիչը յայտնեց, որ իր երկիրը խորապէս մտահոգուած կը մնայ վերջին շրջանին Լաչինի միջանցքի փակման հանգամանքով:
«Մենք ուրախ ենք, որ կազի շրջան մատակարարումը վերականգնուած է, սակայն կը շարունակենք կոչ ուղղել, որ միջանցքը անմիջապէս վերաբացուի: Լաչինի միջանցքը միակ ճամբան է, որով առօրեայ անհրաժեշտ պարագաները կրնան շրջան ուղարկուիլ:
Միջանցքի փակումը կը շարունակուի աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր, եւ մարդասիրական ծանր հետեւանքներու վտանգ, յառաջացած է յատկապէս ձմրան ամիսներուն: Մտահոգութեամբ կ՛արձանագրենք նաեւ, որ քաղաքային անձեր մնացած են եւ չեն կրնար տեղաշարժիլ: Անոնց հրատապ վերադարձը նոյնպէս կարեւոր անհրաժեշտութիւն է», ըսաւ ՄԱԿ-ի մօտ Բրիտանիոյ ներկայացուցիչը:
Ան աւելցուցած է, որ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները կապի մէջ են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն հետ:
«Տեւական խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն դիւանագիտութեան սկզբունքներու, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներու համաձայն: Բրիտանիան կը շարունակէ աջակցիլ միջազգայնօրէն կազմակերպուող բանակցային ջանքերուն, որոնց նպատակն է շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովել», եզրափակած է Բրիտանիոյ ներկայացուցիչը:
Քննարկումէն ետք Բրիտանիոյ կառավարութեան կայքը հրապարակած է իր երկրի ներկայացուցիչին արտասանած խօսքը, որուն վերնագիրին մէջ յստակօրէն արձանագրուած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակումը կրնայ մարդասիրական լուրջ հետեւանքներու յանգեցնել:
Ալպանիոյ Ներկայացուցիչ. «Լաչինի Միջանցքով Ազատ Ու Անվտանգ Տեղաշարժի Համաձայնութիւնը Պէտք Է Յարգուի»
ՄԱԿ-ի մօտ Ալպանիոյ ներկայացուցիչ Ֆերիտ Հոխհան ընդգծեց Լաչինի միջանցքի երկայնքին մարդոց ու ապրանքներու ազատ տեղաշարժի անհրա-ժեշտութիւնը:
«Հակառակ որոշ հարցերու մէջ տարբեր տեսանկիւններունմենք, բայց եւ այնպէս, կը գնահատենք, որ կողմերը յանձնառու են երկխօսութեան եւ բոլոր խնդիրներու խաղաղ հանգուցալուծման: Մենք կը գիտակցինք, թէ որքա՛ն կարեւոր է ապահովել միջանցքի երկայնքով ազատ ու անվտանգ տեղաշարժը երկու երկիրներու համաձայնութիւններուն համահունչ: Այդ համաձայնութիւնները պէտք է յարգուին: Եւ երկու կողմերը պէտք է զանոնք իրագործեն: Ապրանքներու եւ մարդոց ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով կարեւորա-գոյն նշանակութիւն ունի տարածքին մէջ ապրող բնակչութեան համար», ըսաւ Ֆերիթ Հոխհան:
Ան նշեց, որ ռուս խաղաղապահ զօրախումբը տեղւոյն վրայ պէտք է ապահովէ մարդոց, ապրանքներու եւ փոխադրամիջոցներու ազատ տեղաշարժը միջանցքի երկայնքին: Իսկ ինչ կը վերաբերի բնական պաշարներու շահագործման առնչուած մտահոգութիւններուն, ան ըսաւ, որ Ալպանիան երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ լիարժէք բանակցութիւններու միջոցով գտնելու լուծումներ: Ալպանիոյ ներկայացուցիչը յիշեցուց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուՓրակայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը, որուն հիմամբ համա-ձայնութիւն ձեռք բերուած է Եւրոպական Միութեան դիտորդներ ուղարկել Հայաստան[Ազրպէյճան սահման: Այս ուղղութիւնը ճիշդ ուղղութիւն է, եւ Ալպանիան կ՛աջակցի այս զարգացումներուն: Ան նկատեց, որ երկու կողմերը յանձնառութիւն յայտնած են կարելի եղածին չափ շուտ ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը: Ներկայացուցիչը ատիկա աւելի քան կարեւոր նկատեց ո՛չ միայն սահմանամերձ տարածքներու անվտանգութեան, այլ նաեւ ընդհանրապէս բոլոր գոյութիւն ունեցող խնդիրներու խաղաղ լուծման համար: «Խաղաղ, բանակցուած լուծումը այլընտրանք չունի: Որքան շուտ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը այս ուղղութեամբ երթան, այդքան աւելի լաւ այդ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն եւ շրջանին համար», եզրափակեց ան: Նորվեկիան Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Երաշխաւորելու Լաչինի Միջանցքի Երկայնքին Անվտանգ Տեղաշարժը ՄԱԿ-ի մէջ Նորվեկիոյ ներկայացուցիչ Մոնա Եուլ յայտնեց, որ Նորվեկիան խորապէս մտահոգ է Լաչինի միջանցքի զարգացումներով եւ այն հանգամանքով, որ ատիկա կրնայ առաւել եւս ապակայունացնել շրջանըԱզրպէյճանին կոչ ուղղելով երաշխաւորել միջանցքով անվտանգ տեղաշարժը: «Միջանցքի փակումը արդէն իսկ ծանր մարդասիրական հետեւանքներ ունեցած է, բժշկական պարագաներ, դեղորայքը եւ բժշկական տարհանումը ընդհատուած են: Կենսական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու մատակարարման որեւէ խաթարում նախ եւ առաջ կը վնասէ ամէնէն խոցելիները, եւ ատկէ պէտք է խուսափիլ: Բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք հաւատարիմ մնալու նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած յանձնառութիւններուն: Յատկապէս, Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք երաշխաւորելու Լաչինի միջանցքի երկայնքով անվտանգ տեղաշարժը: Ոեւէ մէկուն շահերէն չի բխիր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ծանր կացութիւն ստեղծելը», նշեց Եուլը: Ան ընդգծեց, որ խնդիրի լուծման պէտք է հասնիլ երկխօսութեամբ եւ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններով կոչ ուղղելով առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու, քայլերու ձեռնարկելու եւ բարեխղճօրէն ու առանց նախապայմաններու վերադառնալու բանակցային սեղանի շուրջ:
Նորվեկիոյ մնայուն ներկայացուցիչը ողջունած է այն հանգամանքը, որ Լաչինի միջանցքի փակման հարցը քննարկման դրուած է Ապահովութեան խորհուրդին մէջ: «Միջազգային ընտանիքը չի կրնար սպասել, թէ այս փո-թորկայոյզ կացութիւնը ինքնին պիտի անհետանայ, պիտի վերանայ: Մենք կ՛ողջունենք շրջանին մէջ միջնորդական ջանքերը, կ՛ողջունենք միջազգային ընտանիքի ջանքերըուղղուած բանակցութիւններու խորացման», եզրափակեց Մոնա Եուլ: Հնդկաստանի Ներկայացուցիչ. «Երկու Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք Դիւանագիտական Ուղիներ Գտնելու
Հասնելու Տեւական, Խաղաղ Լուծման» ՄԱԿ-ի մօտ Հնդկաստանի ներկայացուցիչը յայտարարեց, որ Լաչինի միջանցքի փակումը ծանր հետեւանքներ ունեցող կացութիւն է, որ կրնայ մար-դասիրական ճգնաժամի վերածուիլ:
«Ընդհանուր քարտուղարը (ՄԱԿ-ի, «Ա.») կոչ ուղղած է նուազեցնելու լարուածութիւնը եւ ապահովելու միջանցքի երկայնքին տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնընախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն համապատասխան: Մենք կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը շրջանին մէջ միջնորդական շարունակական ջանքերուն: Մենք մշտապէս այն դիրքորոշումը ունեցած ենք, որ նման վէճերը պէտք է լուծուին դիւանագիտութեան եւ երկխօսութեան միջոցով: Մենք երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք դիւանագիտական ուղիներ գտնելու հասնելու տեւական, խաղաղ լուծման», ըսաւ Հնդկաստանի ներկայացուցիչը:
Ան աւելցուց, որ Հնդկաստանը կը շարունակէ վերահաստատել, որ համաշխարհային կարգի հիմքին վրայ պէտք է ըլլան միջազգային օրէնքը, ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը եւ բոլոր պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքը:
Մեքսիքա. «Քաղաքային Անձեր Վտանգող Որեւէ
Կացութենէ Պէտք Է Խուսափիլ»
ՄԱԿ-ի մօտ Մեքսիքայի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ իր երկիրը մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի լարուածութեան աճինկապուած Լաչինի միջանցքին մէջ կացութեան հետ, ինչպէս նաեւ մտահոգուած է ստեղծուած կացութեան մարդասիրական հաւանական հետեւանքներուն համար պայմանաւորուած մարդասիրական օգնութիւնը տեղ հասցնելու անկարելիութեան հետշատ ծանր եւ մտահոգիչ պայմաններու մէջ, որոնք աւելի բարդացած են ձմրան ամիսներուն պատճառով: «Մարդոց ու փոխադրամիջոցներու տեղաշարժի արգելակման շարունակումը մեզ շատ կը մտահոգէ, ուստի կոչ կ՛ուղղենք ապահովելու ազատ տեղաշարժը միջանցքի ամբողջ երկայնքով 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան կէտերուն համապատասխան: Ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղենք հետեւելու միջազգային օրէնքի արժեչափերուն, ներառեալ միջազգային մարդասիրական օրէնքի արժեչափերուն», ըսաւ Մեքսիքայի ներկայացուցիչը:
Դիւանագէտին համաձայն, Մեքսիքան կողմերուն կոչ կ՛ուղղէյարգելու եւ լիովին գործադրելու 9 նոյեմբերի եռակողմ համաձայնութեան բոլոր կէտերը եւ յաղթահարելու իրենց տարակարծութիւնները երկխօսութեան միջոցով նպատակ ունենալով կնքել խաղաղութեան համաձայնագիր, որ էապէս պիտի նպաստէ շրջանին մէջ կայունութեան:
«Բոլոր միջազգային ենթակաները, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ կամ երկխօսութիւն կազմակերպել կողմերուն հետ, կոչ կ՛ուղղենք յորդորել անոնց յաղթահարելու իրենց տարակարծութիւնները դիւանագիտական միջոցներով: Ի վերջոյ, մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք խուսափելու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան լարուածութեան բերել կամ մարտական գործողութիւններու բռնկումին յան-գեցնել: Նախորդ ճգնաժամերու ժամանակ մարդկային մեծ կորուստներ արդէն եղած են, եւ քաղաքային անձեր վտանգող որեւէ կացութենէ պէտք է խուսափիլ», եզրափակած է Մեքսիքայի ներկայացուցիչը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *