Արցախի Պատգամաւորները Փութինին, Պայտընին Եւ Մաքրոնին Կոչ Կ՛ուղղեն` Ստեփանակերտի Օդակայանի Գործարկման Ուղղութեամբ Քայլերու Ձեռնարկելու

Posted on January. 13. 2023

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորները, խորհրդա-րանի նախագահ Արթուր Թովմասեանի գլխաւորութեամբ, դիմած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներ Ռուսիոյ նախա-գահ Վլատիմիր Փութինին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնինկոչ ուղղելով շօշափելի քայլեր կիրարկելու Բերձորի միջանցքի բացման կամ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման ուղղութեամբ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Արցախի Ազգային ժողովի հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Այսօր 25-րդ օրն է, որ կը շարունակուի փակ մնալ Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան: «Արցախեան հիմնախնդիրը միակ տագնապն էր, որուն մասին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի բոլոր համանախագահող երկիրները գրեթէ նոյն տեսակէտը ունէին: Մարդասիրական աննախադէպ աղէտի առջեւ կանգնած Արցախի ժողովուրդը, մեծ հաշուով, ո՛չ միայն հասցէական յայտարարութիւններու կարիք ունի, այլ նաեւ, կը կարծեմ, այդ ուղղութեամբ գործնական ու տեսանելի քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը կայ: Առողջական ծանր խնդիրներով հիւանդները զրկուած են անհրաժեշտ դեղորայքէն եւ առողջապահական ծառայութիւններէն, Արցախը զրկուած է մանկական սնունդի եւ պարենային ու առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու մատակարարումէն: «Քաղաքակիրթ աշխարհին, մասնաւորաբար Մինսքի խմբակին համանախագահող երկիրներուն կոչ կ՛ուղղենք որոշակի քայլեր կիրարկելու միջանցքի բացման կամ օդային կամուրջի Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման ուղղութեամբ, ինչ որ պիտի արտօնէ ձմեռնային ժամանակաշրջանին քիչ մը կանխելու Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող մարդասիրական տագնապալի ճգնա-ժամը»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *