Ճատրակ. «Թաթա Սթիլ Մասթըրզ». Լեւոն Արոնեանի Հաւասարութիւններու Շարքը Շարունակուեցաւ

Posted on February. 12. 2023

Նետերլանտներու Վիյք Աան Զի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի «Թաթա Սթիլ Մասթըրզ» միջազգային մրցաշարքին մասնակցողները, միօրեայ դադարէ մը ետք, կատարեցին 9-րդ հանգրուանի մրցումները:
Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ հանդէս եկող Լեւոն Արոնեան, որ ճերմակ քարերով մրցեցաւ նետերլանտցի Ժորտեն վան Ֆորիսթի հետ, անոր հետ արձանագրեց հաւասարութիւն մը31-րդ շարժումին: Հայաստանի հաւաքականի նախկին յառաջատարը այսպիսով արձանագրեց իր 8-րդ հաւասարութիւնը (յաջորդական չորրորդը):
10-րդ հանգրուանին եւս Արոնեան արձանագրեց հաւասարութիւն մը, այս անգամհունգարացի Ռիշար Ռափորի հետ: Արոնեան իր միակ յաղթանակը արձանագրեց 5-րդ հանգրուանին պարտութեան մատնելով գերմանացի Վենսան Քէյմերը:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Արոնեան, որ ցարդ ապահոված է 5,5 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը:
Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Նոտիրպեկ Ապտուսաթարով, որ այս հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վենսան Քէյմերի հետ, այժմ 7 կէտով միանձնեայ կը շարունակէ գլխաւորել դասաւորման պարագլուխի դիրքը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *