Ըստ Միացեալ Նահանգներու. Հայաստանը Եւ Քանի Մը Այլ Երկիրներ Օգտագործուած Են Ռուսիոյ Անօրինական Ապրանք Հասցնելու Համար

Posted on March. 14. 2023

Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ընկերութիւնները յորդորած է խստօ
րէն պահպանելու Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները, որոնք սահմանուած են ՄոսկուայիՈւքրանիա ներխուժումէն ետք: Միացեալ Նահանգներ կը զգուշացնեն, որ հակառակ պարագային ատիկա կրնայ յանգեցնել հաւանական հե-տապնդումներու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը յղում կատարելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան:
Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան, առեւտուրի եւ ելեւմուտքի նախարարութիւնները նշած են, որ որոշ «դերակատարներ կը շարունակեն փորձել խուսափիլ Ռուսիոյ առնչուած պատժամիջոցներէնփորձելով շրջանցել արտածման վերահսկողութիւնը», ներառեալ երրորդ կողմի միջնորդութեամբ:
Հրապարակուած ուղեցոյցին մէջ կը նշուին Չինաստանի, Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ուզպեքիստանի նման երկիրներ, որոնք «օգտագործուած են արգիլուած ապրանքները անօրինական կերպով Ռուսիա կամ Պիելոռուսիա հասցնելու համար»:
Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնը շեշտած է, որ ձեռնարկատէրերը պէտք է տեղեակ ըլլան Ռուսիոյ դէմ սահմանափակումներն ու պատժա-միջոցները ջնջելու համար կիրարկուող մարտավարութիւններէն, եւ կոչ ուղղած է պատասխանատու գտնուելու` իրականացնելով համապատասխան խիստ հսկողութիւն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *