Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի Պաշտպանած Բանաձեւը

Posted on April. 9. 2023

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ հաղորդագրութեան համաձայն, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ սատարուած հակաշրջափակման AJR 1 բանաձեւը, որ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի 100-օրեայ շրջափակումը, ընդունուած է Քալիֆորնիոյ համագումարի (խորհրդարան) դատական յանձնախումբին կողմէերկկուսակցական ճնշող աջակցութեամբ: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի տեղական ղեկավարները ներկայ էին յանձնախումբի լսումներուն եւ ցուցմունք տուին ի պաշտպանութիւն բանաձեւի արագ ընդունման, որ կը վերահաստատէ Քալիֆորնիոյ կողմէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը, Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղէ շտապ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու արցախահայութեան եւ Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղէ պատասխանատուութեան ենթարկելու Ազրպէյճանը իր յարձակողապաշտութեան համար կիրարկելով Պաքուին տրամադրուող ռազմական օգնութեան 907-րդ յօդուածի սահմանափակումները:
«Սա խիզախ քայլ էդատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը, եւ Քալիֆորնիոյ հաւատարմութեան վերահաստատումը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին կը վկայէ մեր արժէքներու էութեան մասին իբրեւ ամերիկացիներ եւ իբրեւ Քալիֆորնիոյ բնակիչներ», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Սան Ֆրանսիսքոյի ներկայացուցիչ Խաչիկ Թազեան դատական յանձնախումբին առջեւ: «Այս բանաձեւով եկէք համոզուինք, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը եւ մեր հարկային տոլարները թոյլ չեն տար Ազրպէյճանի նախայարձակումը հայ ժողովուրդին դէմ, քանի որ Ալիեւի վարչակարգը կ՛իրականացնէ այս ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան քիթին տակ»:
Հայ դատի յանձնախումբի Պըրպենքի մասնաճիւղի երկարամեայ ղեկավար Անդրանիկ Ջարչաֆճեան խօսած է ամերիկահայ համայնքին եւ շրջափակումէն տուժած Արցախի ժողովուրդին միջեւ խոր կապերուն մասին: «Արցախի 120.000 բնակիչներուն մէջ է իմ որդիս, որ ծնած եւ մեծցած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ եւ տեղափոխուած Հայաստանօգնելու գիւղական համայնքներուն: Անոր Հայաստան հասնելէն անմիջապէս ետք Ազրպէյճանը սկսաւ իր յարձակումին Արցախի վրայ, իսկ որդիս մնաց օգնելու տեղահանուած գաղթականներուն: Մինչեւ շրջափակումը, Ան կ՛ապրէր Արցախի մէջ մարդասիրական աշխատանքով եւ դրամահաւաքով պատերազմէն տուժած համայնքներու համար: Հիմա ան կնոջ եւ մեր 16 ամսական թոռնուհիին հետ 100 օրէ աւելի շրջափակման մէջ են»:
Բանաձեւը կու գայ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ նախագահ Պայտընի վրայ ճնշումներու խորապատկերին վրայ, որպէսզի Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկուի հայ ժողովուրդին դէմ իր նախայարձակումին համար: Ներկայացուցիչ Ֆրենք Փալոնը, Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբի համանախագահներ Կաս Պիլիրաքիսը, Ատամ Շիֆը եւ Տէյվիտ Վալատաոն եւ Քոնկրեսի աւելի քան 80 գործընկերներ կ՛առաջնորդեն Ներկայացուցիչներու տան երկկուսակցական բանաձեւը (H.Res.108), որ կը դատապարտէ շրջափակումը եւ կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու Արցախի 120.000 հայերու համար կենսականօրէն անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնը երաշխաւորելու համար: Անոնք զրկուած են սնունդէ, վառելիքէ եւ բժշկական պարագաներէ եւ այլ կենսական նշանակութիւն ունեցող մարդասիրական ապրանքներ աւելի քան 100 օր սառցակալման պայմաններու մէջ:
AJR 1-ը քննարկման պիտի դրուի Քալիֆորնիոյ համագումարի նիստերու դահլիճին մէջ հինգշաբթի, 30 մարտ 2023-ին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *