«ՖԻՏԷ». Մարիամ Մկրտչեան` Առաջին Հարիւրին Մէջ

Posted on April. 9. 2023

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնըՖԻՏԷ-ն, նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց ապրիլ ամսուան ճատրակի միջազգային նոր դասաւորումը: Տղոց դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, որ ունի վարկանշային 2853 կէտ: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն ռուս Եան Նեփոմնիաչի (2795) եւ չինացի Տինկ Լիրեն (2788): Հայաստանէն առաջին հարիւրին մէջ են Գաբրիէլ Սարգսեան (42-րդ), Հայկ Մարտիրոսեան (61-րդ) եւ Հրանդ Մելքումեան (100-րդ): Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Լեւոն Արոնեան եւ Սամուէլ Սեւեան յաջորդաբար կը գրաւեն 11-րդ եւ 52-րդ դիրքերը: Ինչ կը վերաբերի աղջկանց դասաւորման, պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի չինացի Եու Եիֆան (2628): Հայաստան առաջին հարիւրին մէջ ունեցաւ չորս ներկայացուցիչ հետեւեալ ձեւով.
Էլինա Դանիէլեան50-րդ, Լիլիթ Մկրտչեան 62-րդ, Աննա Սարգսեան72-րդ եւ Մարիամ Մկրտչեան 87-րդ:
Նշենք, որ Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան վերջին օրը, Մկրտչեան ամբողջացուց կրանտմասթըր ըլլալու չափանիշը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *