Ֆրանսայի Օվերն Ռոն-Ալփ Շրջանի Նախագահը Այցելեց Սիւնիք Եւ Լաչինի Միջանցք. Ատրպէյճանցիները Զայրացած Են

Posted on April. 9. 2023

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի Ֆրանսայի Օվերն Ռոն-Ալփի շրջանանային խորհուրդի նախագահ Լորան Վոքիէ եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Անոնք անդրադարձան համագործակցութեան եւ Սիւնիքի մարզին վերաբերող ծրագիրներուն։
Վոքիէ այցելեց Սիւնիք, ապա Լաչինի փակ միջանցքի մուտքըՏեղ գիւղի Կարմիր Հող կոչուող տեղամասը, ուր ան յայտարարեց, որ այս քայլով կ՛ուզէ ցոյց տալ աշխարհին, որ Ֆրանսա իր բարեկամ երկրին Հայաստանի կողքին է:
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան եւս Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան մէջ ընդունեց Լորան Վոքիէն։ Անոնք քննարկեցին Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, կատարուելիք աշխատանքը եւ մարդա-սիրական ծրագիրներու վերաբերեալ հարցեր։ Վոքիէ ն յայտնեց, թէ վստա է, որ Արցախի եւ իր ղեկավարած շրջանին միջեւ համագործակցութիւնը այսուհետեւ միայն աւելի պիտի խորանայ եւ ամրապնդուի:
Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց անորԱրցախի հանդէպ բարեկամական վերաբերմունքին համար: Վոքիէ հանդիպում ունեցաւ նաեւ 44օրեայ պատերազմին պատճառով բռնի տեղահանուած եւ Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած արցախցիներուն հետ, լսեց անոնց հարցերը եւ քննարկեց իրաւական հարցեր: Ապա տեղի ունեցաւ Ղազարեանի եւ Վոքիէի միացեալ մամլոյ ասուլիսը։ Վերջինս հաստատեց, որ պէտք չէ արտօնել, որ անուշադրութեան մատնուին Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային իրաւունքներու խախտումները թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ Լաչինի միջանցքին մէջ։ Աւելի ուշ Տաթեւ վանական համալիրին մէջ ստորագրուեցաւ պաշտօնական համաձայնութիւն Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեանի եւ Վոքիէի միջեւ, որ գործնականացումն է Հոկտեմբեր 2022ին որոշուած պայմանաւորուածութեան։ Արդարեւ, այդ թուականին երբ Սիւնիքի մարզպետը պաշտօնական այցելու-թեամբ Փարիզ կը գտնուէր, Օվերն Ռոն-Ալփի շրջանային խորհուրդը որոշեց 300,000 եուրօ գումար յատկացնել Սիւնիքին՝ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան հետեւանքներու յաղթահարման համար: Վոքիէ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ բացի տարբեր բնոյթի գործակցութենէ, կարեւոր է նաեւ ապահովական համագործակցութիւնը՝ հաստատելով, որ արդէն Օվերն Ռոն-Ալփ շրջանի եւ Սիւնիքի մարզի ճակատա-գիրները համատեղ են : «Այս կը նշանակէ, ով որ յարձակի Սիւնիքի վրայ, կը յարձակի Օվերն Ռոն-Ալփի վրայ, ով որ ոտնձգութիւն կը կատարէ Սիւնիքի հան-դէպ, ճամբուն վրայ պիտի հանդիպի Օվերն Ռոն Ալփին», ըսաւ ան։ Վոքիէ ընդգծեց, որ պէտք չէ թոյլ տալ, որ հաստատուի եւ կայունանայ այն իրավիճակը, երբ չի յարգուիր միջազգային իրաւունքը: Ան տեղեկացուց, որ Ֆրանսայի մէջ հայ համայնքը ներկայացնող կազմակերպութիւններուն հետ միասին կը միտի կազմակերպել մարդասիրական շարասիւն մը, որ պիտի փորձէ մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Արցախ: «Շարասիւնը կը կազմակերպուի մեր շրջանին աջակցութեամբ եւ կը կրէ մեր շրջանի դրօշը: Անիկա կը մօտենայ Լաչինի միջանցքին եւ կը պահանջենք, որ թոյլ տան, որ անիկա անցնի եւ հասնի Արցախ: Կա՛մ շարասիւնը կ՛անցի եւ այն ատեն մենք յոյսի փոքրիկ դուռ մը բացած կ՛ըլլանք, կամ շարասիւնը չի կրնար անցնիլ եւ այդ մէկը առիթ կ՛ըլլայ միջազգային եւ եւրոպական կազմակերպութիւններուն ներկայացնելու այս հարցը, որ անգամ մը եւս միջազգային իրաւունքի խախտում է, առ այդ, պէտք է դիմել համապատասխան գործողութիւններու», ըսաւ Վոքիէ: Փաշինեանի հետ հանդիպումին Վոքիէ բաժնեկցեցաւ Սիւնիքի մարզը կատարած այցելութեան իր տպաւորութիւնները։ «Մեզի համար շատ կարեւոր էր երթալ ինքնին Սիւնիքի մարզը եւ ըլլալ առաջին ֆրանսական տեղական իշխանութեան մարմինը, որ համագործակցութիւն կը մշակէ մարզին հետ, որովհետեւ մենք շատ լաւ կը հասկնանք, որքան առանցքային է Սիւնիքը Հայաստանի տարածքի ամբողջականութեան համար», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ հիմա որքան տեսանելի է ամբողջ ծանրութիւնը եւ դաժանութիւնը, զորս կը դիմագրաւէ մարզը: «Գիւղերը, որոնք մեկուսացուած են, ճանապարհները, որոնք կտրուած են, երբեմն քանի մը հարիւր կամ քանի մը տասնեակ մեթրի վրայ Ատրպէյճանի դրօշները կ՛երեւին», նշեց ան՝ աւելցնելով, որ նկատելի է միասնութեան ու համախմբման ոգիի առկայութիւնը: ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ Պաշտօնական Պաքու զայրացաած է Վոքիէի՝ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանի հետ ունեցած հանդիպումէն։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը «սադրիչ» անուանեց Ֆրանսայի պաշտօնական կառոյցներու գործողութիւնները նկատի ունենալով վերոնշեալ հանդիպումը:
Ատրպէյճանական կողմը զայրացած է նաեւ Վոքիէի յայտարարութենէն, ըստ որուն, իր ղեկավարած շրջանին աջակցութեամբ Լաչինի ճանապար-հով մարդասիրական շարասիւն կը կազմակերպէ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *