Եւրօ-2024. Հայաստան Պարտուեցաւ Թուրքիայէն 1-2 Արդիւնքով

Posted on April. 13. 2023

Ֆութպոլի Եւրոպայի 2024 թուականի առաջնութեան զտումի մրցաշարի առաջին խաղին Հայաստանի ազգային խումբը իր յարկին տակ 1-2 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Թուրքիոյ հաւաքականէն:
Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ շաբաթ երեկոյեան կատարուած հանդիպումին հաշիւը բացուեցաւ 10-րդ վայրկեանին, երբ Տիգրան Բարսեղեանի սուր փոխանցումէն յետոյ Օզան Քաբաքը գրաւեց սեփական բերդը: Այդուհանդերձ, Թուրքիոյ հաւաքականը յաջողեցաւ ոչ միայն հաւասարեցնել արդիւնքը, այլեւ յաղթանակ հասաւ: 35-րդ եւ 64-րդ վայրկեաններուն Հայաստանի բերդը գրաւեցին Օրքուն Քիոքթիւն եւ Քերեմ Աքթիւրքօղլուն:
Զտումի D խումբին մէջ Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն բացի ընդգրկուած են նաեւ Խորուաթիայի, Ուելսի եւ Լատվիայի հաւաքականները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *