Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Վազգէն Թեւանեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Posted on April. 29. 2023

Զաղրեպի մէջ (Խրուաթիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան 65 քկ դասակարգի մրցումներու աւարտականին, աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեան Վազգէն Թեւանեան, որ մրցեցաւ աշխարհի 23 տարեկանէն վար փոխախոյեան, Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան, Պուլկարիոյ ներկայացուցիչ Միքայ Սալիմ Նայիմի դէմ, արձանագրելով 12-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Նշենք, որ Թեւանեան, քառորդ աւարտականին, յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Ալի Ռատիմզատային, 4-1 արդիւնքով, իսկ կիսաւարտականին, ան արձանագրելով 12-4 արդիւնքով յաղթանակ մը Ուքրանիան ներկայացնող Էրիք Առուշանեանի դէմ, հաստատ քայլերով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Ասիկա առաջին ոսկի մետալն էր Հայաստանի ներկայացուցիչ Թեւանեանի համար, Եւրոպայի ախոյեանութեան գծով:
Նշենք, որ աշխարհի 23 տարեկանէն վար 2022-ի ախոյեանութեան աւարտականին, Թեւանեան իր յաղթանակը արձանագրած էր իր թուրք մրցակիցին դէմ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *