Երուսաղէմը առաքելական Ս. Աթոռի Տնօրէն Ժողովը Հայ Եկեղեցւոյ դէ՞մ կը գործէ, աղանդաւո՞ր է

Posted on May. 10. 2023

Գրեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

Երէկ, 6 մայիսին տարածած հաղոր-դագրութեամբ, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան Առաքելական Աթոռին դիւանը յայտարարեց, թէ
Տնօրէն Ժողովը կարգալոյծ հռչակած է Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Պարէտ ծայրագոյն վարդապետ Երէցեանը եւ զայն վտարած միաբանութեան շարքերէն:
Այս վճիռին հիմք կը ներկայացուի՝ «Ս. Աթոռոյս կարգաց եւ կանոնաց հանդէպ դրսեւորած անհաւատարիմ ընթացքը եւ յատկապէս «Կովերուն Պարտէզը» կալուածի համաձայնագրի վերաբերեալ անոր կատարած կարգ մը խարդախութիւնները եւ խաբեբայութիւնները»:
Յայտնենք, թէ այս մեքենայութեանց մասին սփիւռքահայ մամուլը, մասնաւորաբար ԳԵՂԱՐԴ կայքը, ատենին գրեց, սակայն… լսող չեղաւ, մինչեւ որ բանը բանէն անցաւ:
Նուրհան պատրիարքը եւս մեղսակից է, քանի որ ատենին ականջալուր չեղաւ Պարէտի մեքենայութիւններէն զգուշացնող մամուլի հրապարակումներուն:
Այս կարգադրութեամբ, Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռի միաբանները Հայ Եկեղեցւոյ դէ՞մ դուրս եկած կ՛ըլլան ըստ հիւանդագին ուղեղ ունեցող կարգ մը գարեգինապաշտներու <տրամաբանութեան>:
Բազմիցս գրած ենք ու բարձրաձայնած՝ Մայր Աթոռի այսօրուայ գահակալի նմանօրինակ եւ աւելի ծանր կարգազանցութեանց մասին:
Ժամանակն է, որ Մայր Աթոռի միաբանութիւնն ալ դուրս գայ իր ՅԱՆՑԱՒՈՐ
ԼՌՈՒԹԵՆԷՆ, որ ՄԵՂՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Է ԳԱՐԵԳԻՆԵԱՆ ՇԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ:
Պիտի գտնուի՞ն Մայր Աթոռի եւ մեր նուիրապետական միւս Աթոռներու միաբաններ, բացի Աստուծոյ ու ազգիս հայոց «քաջ եւ առանց ամօթոյ» ծառայ Հայր Կորիւն Առաքելեանէն, որոնք համարձակին դէմ դուրս գալ Գեղարդագող Գարեգին Բըըը-ին եւ հրապարակաւ պահանջեն անոր հրաժարեցումը Լուսաւորչի գահէն, թէ՞ պիտի շարունակեն լռել՝ մինչեւ որ վերջնականապէս հեղինակազրկուի ու քայքայուի մեր սրբութիւն սրբոց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը:
{Գէորգ Եազըճեանի Դիմատետրի էջէն):

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *