Եւրոպական Միութիւնը Կը Հակադարձէ Պաքուին՝ Վերահաստատելով Պրիւքսելի Եւ Քիշնեւի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը

Posted on May. 21. 2023

Հակառակ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն՝ Եւրոպական Միութիւնը կը վերահաստատէ, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները ոչ միայն Պրիւքսելի մէջ, այլ նաեւ Մոլտովայի մէջ hհանդիպում պիտի ունենան՝ Ֆրանսայի նախագահին եւ Գերմանիոյ վարչապետին մասնակցութեամբ։
«Ինչպէս Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուէր, մենք կ՛ուզենք դարձեալ ընդգծել, թէ կայ համաձայնութիւն, որ Պրիւքսելի մէջ, 14 Մայիսին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները պիտի հանդիպին Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլի հետ, եւ որ անոր պիտի զուգորդէ հանդիպում մը Քիշնեւի մէջ՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ՝ Գերմանիոյ վարչապետ Շոլցի եւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի մասնակցութեամբ», «Ազատութեան» յայտնեց Միշէլի բանբեր Պերենտ Լէյց։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ալիեւ Քիշնեւի հանդիպումին կրնայ չմասնակցիլ։ Աւելի՛ն, նախարարութեան բանբերը պնդեց, որ հնգակողմ այդ հանդիպումը ոչ-պաշտօնական բնոյթ ունի եւ կրնայ տեղի ունենալ միայն Պաքուի առաջադրած նախապայմանին պարագային։
«Մենք յայտարարած ենք, թէ հաւանաբար ատրպէյճանական կողմը մաս-նակցի այն պայմանով, որ անիկա պիտի չփոխարինէ պրիւքսէլեան ձեւաչափը։ Սակայն, տակաւին վերջնական համաձայնութիւն չէ տրուած, որովհետեւ հան-դիպումի մանրամասնութիւնները չեն հրապարակուած», ըսաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէն։
Պրիւքսելէն հակադարձեցին՝ ըսելով թէ բոլոր կողմերը մինչ այդ քաղաքական համաձայնութիւն տուած են թէ՛ Շարլ Միշէլի մասնակցութեամբ, թէ՛ Քիշնեւի մէջ՝ հնգակողմ ձեւաչափով նախատեսուած հանդիպումներուն։ «Մենք կը պատրաստուինք անոնց գործադրութեան», «Ազատութեան» ըսաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի բանբեր Պերենտ Լէյց։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *