Ստեփանակերտ Պաքուի Հաղորդագրութիւնը Ապատեղեկատուութիւն Որակեց

Posted on May. 21. 2023

Պաշտպանութեան բանակը հերքեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախա-րարութեան պնդումը, թէ «պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները 11 Մայիսի լոյս 12ի գիշերը կրակ բացին Արցախի Մարտակերտի, Ասկերանի, Շուշիի եւ Քաշաթաղի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ»:
Ստեփանակերտը հերթական ապատեղակատուութիւն որակեց այս լուրը:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնած էր, որ «Մայիսի 11ի լոյս 12ի գիշերը եւ այս պահուան դրութեամբ՝ Բասարկեչարի շրջանի Զօդ (Գեղարքունիքի մարզի Սոթք) բնակավայրի ուղղութեամբ կը նկատուի յարաբերական անդորր»:
Միաժամանակ, Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը պնդած էր, որ վերջին մէկ օրուան ընթացքին հայկական զինուժը ականանետերով եւ հրետանային զինատեսակներով 17 անգամ ռմբակոծեց Ատրպէյճանի բանակի դիր-քերը` «Քելբաջարի, Լաչինի եւ Թովուզի շրջաններու քանի մը բնակավայրերու ուղղութիւններով»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *