Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը Հրաժարական Պիտի Տայ

Posted on August. 5. 2023

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան 29 Յուլիսին հրաժարական պիտի տայ: Ան 28 Յուլիսին յայտարարեց, որ խորհրդարանի ղեկավարի պաշտօնէն կը հեռանայ ի՛ր որոշումով:
«Իմ անձնական որոշմամբ քաղաքական պատասխանատուութիւն եմ վերցնում հեռանալու Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնից, բայց միշտ հաւատարիմ կը մնամ 1991 թուականին մեր ժողովրդի կողմից հանրաքուէով ընդունուած գաղափարին», գրութեան մը միջոցաւ յայտարարծ էր Թովմասեան՝ աւելցնելով. «Մինչեւ վերջին շունչս ծառայելու եմ Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ նրա ժողովրդին, Արցախի Հանրապետութեանը եւ նրա ժողովրդին: Աստուած պահապան Հայաստան աշխարհին»։ Նոյն օրը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդունեց Արթուր Թովմասեանը, որ ներկայացուց Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնէն իր հրաժարականի պատճառները: «Արայիկ Յարութիւնեանը շնորհակալութիւն է յայտնել Արթուր Թովմասեանին երկարամեայ պետական ու քաղաքական գործունէութեան համար եւ մաղթել առողջութեան շուտափոյթ վերականգնում», կ՛ըսուի հանդիպումին վերաբերող հաղորդագրութեան մէջ: Յայտնենք, որ Արթուր Թովմասեան Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը կը վարէր 21 Մայիս 2020էն ի վեր, իսկ ընդհանրապէս խորհրդարանական գործունէութեան սկսած էր 1995ին: Խորհրդարանի նոր ղեկավարի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ շաբաթասկիզբին: Նախքան Թովմասեանի հրաժարականին մասին յայտարարուիլը՝ 27 Յուլիսին, Արցախի Ազգային ժողովը արտակարգ նիստի մը ընթացքին օրէնսդրական փոփոխութեան մը ճամբով կրճատեց Ազգային ժողովի ղեկավարի թեկնածու առաջադրելու ժամկէտը գործող 10օրեայ ժամկէտը վերածելով երկօրեայի:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *