Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ Հայրենադարձութեան Եւ Համարկման Առաջին Կեդրոնը

Posted on August. 5. 2023

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ Երեւանի մէջ ներկայ գտնուած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի Հայրենադարձութեան եւ համարկման առաջին կեդրոնի բացման արարողութեան: Միջոցառման ներկայ եղած են նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատրեանը, Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը, նախարարներ, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Իր խօսքին մէջ վարչապետը նշած է, որ կան բազմաթիւ տէ ֆաքթօ հարցեր, որոնց մարդիկ մէկ երկրէ այլ երկիր տեղափոխուելու պարագային կը բախին, խնդիրներ կ’ունենան: «Եւ մենք քննարկումներում արձանագրեցինք, որ եթէ բարձրաստիճան պաշտօնեան կարող է հայրենադարձուելու ընթացքում ունենալ նման խնդիրներ՝ կապեր ունենալով եւ հասանելիութիւն ունենալով, ընդհուպ Հանրապետութեան վարչապետի, նախագահի, նախարարների հետ, ապա ի՞նչ կարող է տեղի ունենալ բազմաթիւ այլ մարդկանց հետ, որոնք նման հնարաւոր կապեր չունեն:
«Եւ պէտք է արձանագրել, որ սա մի իրադարձութիւն է, որը կապ ունի մեր մօտեցումների հետ՝ որոշումների կայացման եւ դրանք իրագործելու ընթացքում, որովհետեւ այսօր էլ Կառավարութեան նիստում քննարկում ենք, որ ոչ միայն պէտք է յայտարարենք դիրքորոշումները, այլեւ դիտարկենք հակառակ կողմից: Իսկ գործնականում դրանք ի՞նչ խնդիրներ են առաջ բերում:
«Հայրենադարձութիւն բառը բոլորիս համար թանկ, կարեւոր եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող արտայայտութիւն է, բայց երբ քաղաքական մակարդակում դա յայտարարում ենք՝ չենք արձանագրում, որ քաղաքական ուղերձն այո՛, բազմաթիւ մարդկանց մօտ կարող է յառաջացնել ոգեւորութիւն, ցանկութիւն, բայց մի պետական կառավարման կամ իրաւական մի ընթացակարգերի հետ բախուելուց մարդու ոգեւորութիւնը կարող է զրոյանալ եւ հակառակը՝ հետ պտըտուել ու յառաջ բերել զղջման խորը զգացում, թէ ինչու ես այս ճանապարհին ոտք դրեցի», ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ այդ քննարկումներուն շնորհիւ հասկցուած է այնպիսի հիմնարկին անհրաժեշտութիւնը, որ աջակցի բոլոր այն մարդոց, որոնք հայրենադարձութեան շատ կարեւոր որոշում պիտի կա-յացնեն:
«Բայց նաեւ մենք արձանագրեցինք, որպէսզի այդ որոշումը լինի հնարաւորինս գործնական, պէտք է դա լինի ոչ թէ ուղղակի համօրինակ, դասական պետական մարմին մը, այլ պէտք է ըլլայ տեղ մը, որը նաեւ պաշտօնական հնարաւորութիւններ կ’ունենայ, ոչ-պաշտօնական հնարաւորութիւններ կ’ունենայ, մշտական հաղորդակցութեան մէջ կը լինի այն մարդկանց, քաղաքացիական հասարակութեան հետ, որոնք նոյնիսկ պետական կառավարման մարմիններից առաջ առնչուել, առերեսվել են թեմային եւ գիտեն բոլոր նրբութիւնները։ «Պարոն Սինանեանն արդէն նշեց, որ այս գրասենեակի եւ հիմնարկի նպատակը մար-դուն ուղեկցելն է մտադրութեան ձեւաւորման փուլից։ Աւելին, սա նաեւ եւս մէկ գործնական քաղաքական ուղերձ է, որ հայրենադարձութիւնը ցանկալի է։ Կառավարութիւնն ուզում է Հայաստանի Հան-րապետութիւն վերադարձած աւելի ու աւելի շատ մարդկանց տեսնել: Արդէն նշուեց, որ առարկայական եւ ենթակայական հանգամանքների բերումով կան որոշակի միտումներ, եւ մեր խնդիրն այն է, որ այդ միտումներին զուգահեռ նաեւ մեր հաւանական հայրենադարձներին մատուցենք այնպիսի ծառայութիւններ, որոնց վերաբերեալ խօսակցութիւնները կ’ոգեւորեն ուրիշներին նոյնպէս քայլ անել դէպի հայրենադարձութիւն, դէպի Հայաստանի Հան-րապետութիւն», նշած է Նիկոլ Փաշինեան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *