Ֆրանսան Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերականգնելու Բերձորի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժը, Արցախի Բնակչութեան Կազի Եւ Ելեկտրականութեան Շարունակական Մատակարարումը

Posted on August. 5. 2023

Ֆրանսան իր ափսոսանքը կը յայտնէ Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին յամառ փակման վերաբերեալ, որ կը հակասէ զինադադարի համաձայնագիրներով ստանձնած պարտաւորութիւններուն ու կը վնասէ բանակցային հոլովոյթին: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Ֆրանսայի եւրոպական եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Փարիզ իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատարի26 յուլիսի յայտարարութեան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վրայ ազդող մարդասիրական իրավիճակի վերաբերեալ: Ֆրանսան Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները, մասնաւորաբար կիրարկելու Միջազգային դատարանի 22 փետրուարի որոշումին մէջ նշուած միջանկեալ միջոցները, որոնք պարտադիր են: Ֆրանսան կոչ կ՛ուղղէ վերականգնելու բեռներու, մարդոց եւ ապրանքներու ազատ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութիւններով եւ բնակչութեան կազի եւ ելեկտրականութեան շարունակական մատակարարումը: «Եւրոպական Միութեան հետ համատեղ, Ֆրանսան լիովին հաւատարիմ կը մնայ շրջանին մէջ կայուն եւ արդար խաղաղութեան հաստատման», նշած է նախարարութիւնը վկայակոչելով Ֆրանսայի նախարարի ուղերձը, որ յղած էր ապրիլի վերջաւորութեան Հայաստան եւ Ազրպէյճան կատարած այցելութեան ժամանակ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *