Այսօր Հայաստան–Խրուաթիա Մրցումը` Երեւանի Մէջ

Posted on September. 17. 2023

Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («ԵՒՐՕ-2024») զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօրերկուշաբթի, 11 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը հիւրընկալէ Խրուաթիան, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ, ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Նշենք, որ օրուան կեդրոնի իրաւարարն է ֆրանսացի Քլեման Թուրփին: Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին հայրենի կազմը, որ մրցեցաւ Թուրքիոյ դէմ, անոր դաշտին վրայ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Նախքան մրցումին մեկնարկը տրուիլը, Հայաստանի քայլերգի ընթացքին թուրք համակիրները սուլեցին: Այս մրցումին Հայաստան ոչ միայն մրցեցաւ 11 մարզիկներու դէմ, այլեւ մարզադաշտին մէջ գտնուող 32 հազար թուրք համակիրներուն դէմ:
Հայաստանի եւ մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Փիւնիկ Երեւանի 33 տարեկան միջնապահ Արտակ Դաշեան (49-րդ):
Մրցումին 88-րդ վայրկեանին, ֆրանսական Ռենի 21 տարեկան յառա-ջապահ Պերթուտ Եըլտըրըմ նշանակեց Թուրքիոյ հաւասարութեան կոլը:
Այսպիսով, Դ. խմբակին մէջ Հայաստան, որ ցարդ կատարած է չորս մրցում, ապահովեց մրցաշարքի իր 7-րդ կէտը:
Թուրքիայէն Հայաստան վերադառնալով` Հայաստանի ազգային հաւաքականը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ արժանացաւ շատ ջերմ ընդունելութեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *