Ամերիկահայերի զգալի մասը պայքարում է Հայ եկեղեցու Արեւմտեան թեմի՝ ոչ Աստուածընտիր առաջնորդի ապօրինութիւնների դէմ

Posted on November. 24. 2023

Ամերիկահայերի զգալի մասը պայքարում է Հայ եկեղեցու Արեւմտեան թեմի՝ ոչ Աստուածընտիր առաջնորդի ապօրինութիւնների դէմ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ընթերցողներուն եւ հեռուստադիտողներուն, ովքեր շատ սերտօրէն կը հետեւին «USA ARMENIAN LIFE» -ի եւ Հայ կեանքի» հաղորդումներուն: Ուրեմն առաջին հերթին պիտի ունկնդրենք տիկին Սեդա Ղարիբեանին, որ Սեպտեմբերի 19-ի յաջորդող օրերուն ինչպիսի ապրումներ ունեցաւ մեր ժողովուրդը, եւ այդ առթիւ իր գնահատանքի խօսքը կը լսենք: Եւ յաջորդին յաջորդ հեռուստադիտողը Մարգարիտա Յակոբեանն է, որ կ՛անդրադառնայ հետազօտող լրագրութեանն հետ առընթեր, այն ըսենք՝ դիպուկ լուսանկարներու, որոնք կը ցուցադրուին հաղորդումներու ժամանակ եւ նաեւ կը հրատարակուին «USA ARMENIAN LIFE» -ի եւ Հայ կեանք» Շաբաթաթերթի մէջը: 

Իսկ երրորդ զրուցակիցը Նվարդն է, որ քաջատեղեակ անձնաւորութիւն մըն է, որ դրամատան մէջ աշխատած է եւ ինչպիսի վկայութիւն կուտայ մեր ժողովուրդի ներքին տզրուկներու մասին, եւ որոնց կարգին ղարաբաղյան 5-րդ շարասիւնի կցորդներէն՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու կցորդներէն Յովնան չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի մասին: 

Լսենք տիկին Ղարիբեանին: 

Սեդա Ղարիբեան – Բարի լոյս, սիրելի եւ շատ յարգելի Աբօ ջան: Անչափ շնորհակալ եմ, որ տեսանիւթը ուղարկել էիք, որովհետեւ ես

երէկ երեկոյեան չեմ նայել, զբաղուած էի, բայց շատ շնորհակալ եմ, որ ուղարկեցիք: Նայեցի, եւ ասեմ, որ մանաւանդ առաջին բաժինը, ինչը վերաբերւում է Հայաստանի ընդունելութեանը՝ ինչպէս ընդունեց արցախցի մեր եղբայրներին, քոյրերին, ոտքից գլուխ փշաքաղուել էի: Էնքան հուզուեցի, իսկապէս , ես էլ հպարտութեան մեծ զգացողութիւն եմ ունեցել էդ օրուանից, որ Հայաստանն իր էդքան դժուար վիճակով կարողացաւ էդպէս պատւով ընդունել իր հարազատներին եւ հնարաւորինս ամեն բան անել, որպէս զի թեթեւացնի նրանց վիճակը, հոգսը: 

Ցաւի մէջ ենք, այո՛, բոլորս, Արցախը կորցրեցինք, աննկարագրելի ցաւ ա, բայց ես էլ Ձեր նման էն հոգու խորը ինչ-որ մի հատ զգացողութիւն ունեմ, որ էս ամբողջը մի թատերակացուած բան էր, որ էսպէս չպիտի մնայ, որ ամեն ինչ փոխուել ու ա: Ես դրական, լաւ զգացողութիւն ունեմ էդ բանի մասին: Ի՞նչ ասեմ, ինչ-որ ասել էք, սրտովս էր, այո՛, էդ Հռոմի ստատուտը, կանոնադրութիւնը հաստատելը եւ էդ արտաքին հետախուզութիւնը. այդ բոլորը լաւ քայլեր են: Աստուած ուժ եւ զօրութիւն տայ մեր իշխանութեանը, մեր կառավարութեանը,եւ մեզ բոլորիս, որ կարողանանք նեցուկ կանգնել, հզօրացնել մեր փոքրիկ երկիրը՝ 29.800 քառ.կմ մնացած մեր էդ սրբութիւն երկիրը: Պահենք, որպէսզի դա էլ, Աստուած մի՛ արասցէ, չկորցնենք: 

Աստուած Ձեզ շատ առողոջութիւն տայ, ես շատ հպարտ եմ, որ Ձեր նման, պարոն Մխիթարեանի նման մարդիկ կան, որ էսպէս ճշմարիտ խօսքի կողմնակից են եւ առանց վախենալու ասում են, մարդկանց 

երեսին շպրտում են: Այն մարդկանց, որոնք, իսկապէս , ժամանակին շատ քայքայիչ գործունէութիւն են ծաւալել եւ հիմա էլ ծաւալում են մեր հայրենիքի հանդեպ: Աստուած ուժ, կորով տայ, եւ յաջողութիւն եմ մաղթում Ձեր բոլոր գործերին: 

Իմ խորին շնորհակալութիւնը յայտնէք նաեւ պարոն Ոսկան Մխիթարեանին; Աստուած ուժեղացնի մեզ, մեր երկիրը, որ կարողանանք պահպանել էդ մի փոքրիկ, սուրբ հողը: Շնորհակալութիւն Աբօ ջան նորից, եւ Ձեզ լաւ, բարի օր եմ մաղթում եւ բարի շաբաթավերջ, կը խօսենք նորից: Շնորհակալութիւն տեսանիւթն ուղարկելու համար, հուզուեցի, եւ ինչպէս ասացի արդեն՝ փշաքաղուեցի: Շնորհակալ եմ, ցտեսութիւն, կը խօսենք: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Հիմա ալ լսենք տիկին Մարգարիտա Յակոբեանին: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Այո՛, սիրելինե՛ր, սա մեր, մեր ըսելով՝ իմ նման հետազօտող լրագրողներու հիմնական առաքելութիւնն է, որ մենք կ՛արձագանք մեր առօրյայէն ներս եղած անցուդարձածներուն, որոնք խորապէս կ՛ազդեն հայ ազգի վրայ՝ ի հայրենի, եւ ի սփիւռս աշխարհի: Նաեւ ամենակարեւորը, կ՛ազդեն հայկական 

պետականութեան վրայ: Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ, երբ որ մեր ժողովուրդը բազմաճակատ պայքար կը տանի՝ թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին: 

Ուրեմն այս զրոյցներու մէջը մենք ականատես կ՛ըլլանք այնպիսի արտայայտութիւններու, որոնք իրապէս մեզի մտածել կուտան, թէ արդէօ՞ք մենք պէտք է անտարբեր մնանք եւ լուռ մնանք, յատկապէս այն պարագային, երբ որ մեր ժողովրդի ներքին տզրուկները եւ որոնց կարգին 5-րդ շարասիւնի պատկանող մեր «պարազիտները» իրենց անձնական դիրքերը պաշտպանելու համար իրենց նման բարոյազուրկ, անբարոյական փաստաբաններ կը վարձեն ե՛ւ հայրենիքի մէջը, ե՛ւ սփիւռքին մէջը: 

Այդպիսի փաստաբաններ կը զօրակցին այստեղ Յովնան չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին, որ բազմաթիւ մութ գործերու մէջը մասնակից եղած է եւ ձեռնմուխ եղած է: Ուրեմն, տեսէ՛ք, թէ ինչպիսի փաստաբաններ, օրինակ՝ պարոն Պրայըն Քապաթեք, որ իրեն համար մեծ, ըսենք՝ պաշտպանական աշխատանքներ կը տանի` յօգուտ իր նման կոռուպացուած Յովնան չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին: Ինքն ալ իր հերթին Քալիֆոռնիոյ Փաստաբանական Վարչութեան կողմէ, սա պետական մարմին է, հետաքննութեան թիրախ դարձած է, որովհետեւ ինքն ալ ուղղակի, թէ անուղղակի թիրախ դարձած է Հայոց Ցեղասպանութենէ, վերապրած, իսկ այլ պարագային՝ ցեղասպանութեան զոհ գացած՝ կեանքի ապահովագրութեան տէր հայրենակիցներու իրաւունքներու ոտնահարման համար: 

Իբրեւ թէ այս փաստաբանը պէտք է պաշտպաներ բազմահազար զոհեր եւ իրենց հետեւորդներուն, որ իրենց իրաւունքները ստանային New York Life-էն եւ AXA-էն: Տեսէ՛ք՝ ինչպիսի միլիոնաւոր դոլարներ AXA-էն եւ New York Life-էն ստացած միլիոնաւոր տոլարներ կերած են: Եւ այդ անձիք, որոնք ապօրինի իւրացում կատարած են, նոյն այդ անձնաւորութիւններն են, որոնք ուղղակի կապ ունեցած են ե՛ւ պարոն Պրայըն Քապաթեքի հետ՝ կոռումպացուած փաստաբանի հետ, ե՛ւ նաեւ կոռումպացուած Արեւմտեան թեմի առաջնորդ կամ չառաջնորդ Յովնան չարքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին հետը: 

Հիմա լսենք Նվարդին, որ դրամատան (Bank-ի) պաշտօնեայ եղած է. եւ շատ քաջատեղեակ անձնաւորութիւն մըն է: 

ՆՈՒԱՐԴ – Մեր Առաքելական եկեղեցու պատիւը ասանկ գետնին տալու համար ա: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Նվա՛րդ, այն օրը շատ հետաքրքրական դրուագ մը պատմեցիր, ականատեսի վկայութիւններ կուտայիր, թէ ինչպէս Յովնան Տէրտէրեանը միայն հարուստներու ետեւէն ման կ՛ուգայ: 

ՆՈՒԱՐԴ – Ես միշտ կը զարամանայի, ես յաճախորդներու տուները կ՛երթայի, գործի տեղերը, որովհետեւ ամեն շաբաթ իմ մասնաճիւղիս գլխին 1.000.000 տոլար պէտք է բերէինք: Ես առաւօտ շատ կանուխ կ՛երթայի գործի, գործերը կը դասաւորէի, եւ վերջը անպայման կ՛երթայի «լոյերների», «դոկտորների» ( բժիշկների) բոլորի օֆիսները եւ երբ որ օրինակ՝ հոգեւոր հայրերիս մէկը, այդ ժամանակ կամ իրենց կիրակնօրեայ հաղորդումը ես առաջ կը նայէի: Եւ կը տեսնէի՝ բոլոր այդ իմ ընտիր յաճախորդները, որոնք բիզնես կը բերէին բանկին, իրենց քովն էին խեղճերը: Ասոր նպատակն ի՞նչ էր, որովհետեւ հոստեղի մարդիկ շատ միամիտ են, եւ մաքուր են: Ես գիտեմ՝ Կիրակի օրերը կը տեսնամ իրենք ծրարներն ինչպէս ․․․ այդ դրամահաւաքը, որ իրենք կ՛ընեն, թող կարգին տեղ մը հասնի, ասանք ապերախտի մօտը չերթայ: Այդ է իմ ցաւս, եւ ես միշտ ըսած եմ հոգեւոր հօրս ալ, մօրս ալ՝ այս մարդը բիզնեսմե՞ն է, թե՞ հոգեւորական է: 

Նման իմ յաճախորդներս ինքն իր ձէռքի մէջը վերցուցած է, բայց միւսը՝ Մուշեղը չունէր ատի: Ինչ-որ ճիշտն է, ճիշտն է, չունէր ատի: Ասոր աչքերը կը ֆռֆռային, «բիզնեսմեն» է աւելի ինքը, «բիզնեսմեն», ուրիշ ոչ մի բան: Ցաւալի է, ցաւալի: Ասի մեր եկեղեցիէն ալ անգամ հոգեւոր մայրս կ՛ըսե. «Նվա՛րդ քոյր, մեր եղբայրակցութիւնը Սայփրըս փողոցի վրայ է, որտեղ ես երեխաներին հայերէն կը սովորեցնէի եւ մէկ-մէկ ալ Կիրակի օրերը հոգեւոր պատգամներ կուտայի իրենց: Քոյրիկ , որ ասի մեր գիրքերը վերցուց, վերջը իրեն ըսինք, որ այսքան դրամ պիտի տայ, եւ ինքը չտուաւ: Ինչ ըրինք, մերդրամը չտուաւ, բայց եկեղեցին երկու թեմի առաջնորդների անունով է վախեցնում ձայն հանելէ»: Ներսում շատ գործեր կը կատարուին,  պարոն Չափարեան, շատ, շատ: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – «Ներսում ըսելով»՝ ի՞նչ նկատի ունիք: 

ՆՈՒԱՐԴ – Եկեղեցիների ներսում: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Այսինքն, «շատ գործեր» որ ըսել կ՛ուզէք, ժխտակա՞ն գործեր: 

ՆՈՒԱՐԴ – Ինչպե՞ս ըսեմ…Օրինակ՝ անգամ մը Դուք Ձեր պատգամի մէջը ըսիք, որ երկար ժամանակ առաջ էր, որ ընտրութիւններ կ՛ընենք, մենք կը մասնակցինք ատոնք: Ատի անհնարին բան մըն է: Ամեն ինչ, իրենց ընտրութիւնները կ՛ընեն փակ դռների ներսում՝ իրենց ուզած անձերով. որեւէ մի եկեղեցին նկատի ունենաս: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Սակայն, Նվա՛րդ, Հայաստանյաց Առաքելական եկեղեցին, ի տարբերութիւն բազմաթիւ քրիստոնէական կառոյցներու, շատ առողջ ժողովրդավարական համակարգ ստեղծած է արդեն բաւական տարիներ: 

Սակայն դժբախտաբար օրուան օլիգարխները, մէնատէրերը, երկու կառոյցներուն մէջն ալ՝ ե՛ւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, ե՛ւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կառոյցներու մէջն ալ յատուկ խմբաւորումներ ստեղծքւած են, որ ապօրինի իւրացուցած են ժողովրդավարական այդ համակարգի բոլոր իրաւունքներն ու լիազօրութիւնները, որ իւրաքանչիւր աշխարհական եւ կրօնական անդամ հաւասարապէս պէտք է ունենայ՝ ըստ Հայ եկեղեցւոյ կանոնադրութեան: Անշուշտ պարոն Մխիթարեանը երկար տարիներ կը գրէ այդ hijacking-արեւանգման մասին, թէ ինչպէս այդ իրաւունքները hijack եղած են – արեւանգուած են: Հիմա բազմաթիւ հայրենակիցներ եւ հաւատակիցներ մխիթարուած կը զգան, որ, ահաւասիկ, այդ անարդարութեան դէմ պայքարողներու բանակը համալրուեցաւ նաեւ Ձեր մասնակցությամբ: 

ՆՈՒԱՐԴ – Նշեմ, որ եկեղեցական ժողովրդավարութիւնը, սակայն, միայն թուղթի վրայ է: 

Այո՛, որովհետեւ սկսանք լսել: Շատ անգամ չէինք գիտեր, որ համակարգիչով չէինք խօսիլ, չէինք լսեր: Օրինակ՝ հասարակ մի բան. Այս 2012թ․-էն վերջը, երբ համակարգիչը կամ հեռուստատեսիլը կը միացնեմ, ես Յովնանին ալ տեսնամ, Գարեգին Բ-ին ալ, Արամին ալ, ես channel-ը (հեռուստաալիք) շուռ կուտամ: Ուրիշները կ՛ըսեն՝ «երեսը մի՛ նայիր, խօսքը լսէ», ես ալ կ՛ըսեմ՝ Կենաց Խօսքն ամեն օր կը ճաշակեմ, փառք Աստծոյ: Ես չգիտեմ՝ ի՞նչ իշխանութիւնով այդ կնիքն ինքն ինձի կուտայ որ, օ՞կ: Այդ խաչը, որ մեր երեսին կը կնքեն որ, ատ ալ մեզի մեծ օրհնութիւն է: Բայց իրենց ընդունած կնիքէն յետոյ այդ ալ ես չեմ գիտնար օրհնութիւ՞ն է, թէ՞ անեծք է մեր ազգին: Ատ ալ կը վախենամ: Որովհետեւ իրենք կնքուեցան, իրենք դաւաճանեցին Տէր Յիսուսը: Իրենք պէտք է առաջին գծի վրայ ըլլային, կարգին բան մը ըսէին ժողովրդին՝ մխիթարական: 

Բոլորիս արցունքները՝ ըլլայ սփիւռք, ըլլայ հայրենիք, ըլլայ Արցախ, մերինը Տիրոջը գետի մէջը լեցուեցաւ: Այդ 44-օրեայ պատերազմին ես գիտեմ, որ ըստեղ նստած՝ համակարգիչին դիմաց, չէի կրնար շարժուիլ: Բայց իրենք մեզի սխալ տեղեկութիւններ կուտուին: Համովիկ ձագուկս ինձի բռներ է Հայաստանը համակարգչի մէջէն սիրուն նկարել է frame-ի (շրջանակ) մէջը դրել է՝ Armenia, տատի՛կ, միայն աղօթի՛ր իրենց համար: Նայեցէ՛ք, երեխան բան մը ըրեր է, որ ինծի մխիթարէ, … բայց Աստծուն, իսկական հայ ըլլալով եւ հոգեւոր ամենաբարձր Հայր Արմէնին չուզեցին: 

Հայր Արմէնը կը քարոզէ, որ Հայր Պարթեւը՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած, ամբողջ օրը կը քարոզէ, որ Հայր Միքայէլը՝ Տաթեւի վանքէն, օհօ՜, ամբողջ աշխարհը կը զրնգացնէ: Ես անոնց կը լսեմ: Ես Յովնանին լսելու կարիքը չունիմ եւ Կենաց Գիրքն ալ ունիմ, բայց ասանկ… երկու պարանին վրայ խաղացողներին ես չեմ լսեր, անհնարին է: 

Դաւաճանեցին Յիսուսին, ինձ համար դաւաճանութիւն է: Հայր Պարթեւն ալ ատի ըսաւ, Աստուած, իրեն ալ օրհնելով, օրհնէ, իր ընտանիքն ալ, որ հանուն ազգի ինքն ալ այս ճշմարտութիւնը մէջտեղը հանեց: Եւ ասի զգուշութիւն է մեզի, զգուշութիւն: 

Ասանկ Բաներ, ի՞նչ ըսեմ, այդ գիրքը շատ խորշ էր, որովհետեւ իրեն որպէս հոգեւոր գիրք ըրած էին, պարոն Մխիթարեան, բայց ես վերցրեցի, չգիտեր՝ ինչ է, բայց նոր տեսագոյն մըն էր, որ վրան գրուած էր՝ Զարմացած բերիի տունը: Եւ կարդացի, եւ ապշեցայ, Վարդապետի ոդիսականը ըսելով եւ սիրտս եղաւ, ցաւաց: 

Խորապէս շնորհակալ եմ, պարոն Չափարեան եւ պարոն Մխիթարեան, Աստուած երկուսիդ ալ ընտանիքը օրհնելով օրհնէ, Աստուած մեր ազգը օրհնէ, եւ գիտեմ՝ պիտի օրհնէ: Եւ մենք առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդն ենք, նորէն Աստուած տայ, որ առաջինն ալ մնանք: Մաքրի ասանք ներսի եւ դուրսի թշնամիներից: Եթէ հոգեւորապէս զօրաւոր չես, ոչինչ ես, աս է «պրոբլեմը»: Մարդիկ շատ վատ վիճակում են: Ես Աստուծով եմ: Մինակ կը մտածեմ մեր հայրենիքի, Արցախէն տեղահանուած, Ուքրանիայէն տեղահանուած քոյրերի եւ եղբայրների մասին կը մտածեմ: 

Պարո՛ն Չափարեան, ապագային, երբ որ խօսիք հաճեցէք, այս Armenian Fund-ն ալ միշտ դրամահաւաքի գումարներ կը հաւաքէ եւ envelope-ներ կը ղրկէ: Քանի որ ղրկեցինք Արցախի պատերազմի ժամանակ, դուն ժողովրդին ըսէ՝ ինչպէս պէտք է ըլլայ այդ բոլորը: Որովհետեւ իրականում բոլորը ասանք հաղորդումները կը լսեն, խուճապի մէջ են՝ ու՞մ միջոցով ուղարկեն: Ատի անընդհատ, որ շեշտէք, ինչպէս անցեալ անգամ ըսիք՝ «1 սենտ անգամ իրեն չի տաս»: Ուրեմն ամեն անգամ կրկնէք, եթէ մէկ անգամ չեն լսած, միւս անգամ թող լսեն եւ անոր համեմատ, որպէսզի դրամահաւաքները ճիշտ տեղը հասնին, անոր նպատակին ծառայեն: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ճիշտ է, ճիշտ… 

ՆՈՒԱՐԴ – Որովհետեւ լուրերով ալ կը լսենք, որ ձէռքները վրան կը դնեն, էդ չեղաւ: Ամեն մէկը իրեն դժուարութիւններն ունի, բայց կ՛ուզէ իր հայրենիքին օգնի: Գիտէ՞ք, ատանք չի կարելի, չի կարելի: 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Եղաւ, շատ լաւ Նվարդ: Շատ շնորհակալ ենք: Մաղթելի է, որ այսպիսի զրոյցներ հետագային շարունակենք, եւ Ձեր օգնութեամբ հանրութիւնն իրազեկուի նոր բացայայտումների մասին: 

ՆՈՒԱՐԴ – Ամեն: Պէտք է ընենք, որովհետեւ լռելով՝ բան մը չըլլար, ճշմարտութեան կողմէն պէտք է ճշմարտութիւնը խօսինք, ասենք: Աստուած օրհնելով օրնի Ձեզի, օրհնուած օր եւ օրհնուած առաքելութիւններ:  Վերջաբան. 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ինչպէս տեսաք, սիրելի՛ հայրենակիցներ, շատ ոգեւորիչ է, որ մեր ժողովուրդը զարթօնք կ՛ապրի եւ մեր ներքին ինքնապաշտպանութեան բանակը՝ տեղեկութեամբ ամենուրեք զինուած հայորդիներու այդ բանակը հզօրացման ճանապարհին է: Եւ այդ է մեր փրկութիւնը, ատիկա պիտի ըլլայ մեր փրկութիւնը: Եթէ հայ ժողովուրդը իր ներքին մաքրութիւնը՝ ինքնամաքրման գործընթացը ուժեղացնէ եւ պահպանէ ինքնամաքրման գործընթացը, ապա շատ աւելի հեշտ է, որ արտաքին թշնամիներուն պարտութեան մատնենք: Եւ մեր ժողովուրդը, ներքուստ ուժեղանալով, կը դառնայ իսկապէս անպարտելի: Եւ այն ժամանակ բոլորս ալ կրնանք միասին բարձրաձայնել՝ ՀԶՕ՜Ր ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՀԶՕ՜Ր ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ՝ Ի ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ, Ի ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԻՒՆ ՀԱԿԱՀԱՅԵՐՈՒՆ: 

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *