Բռնցքամարտ. Էլիտա Քոչարեան Եւրոպայի Ախոյեան

Posted on November. 24. 2023

Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի 22 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումները շարունակուեցան: Էլիտա Քոչարեան ոսկի մետալ մը շահեցաւ:

Աւարտականին Էլիտա 3-2 արդիւնքով դժուար եւ կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ ռումանացի Անտրէա Մարինի վրայ, 60 քկ կշիռի մրցումին:

48 քկ տղոց մրցումներու ծիրին մէջ Մուշեղ Պայանտուրեան, որ Ռուսիոյ դրօշին տակ կը խաղայ, 5-0 արդիւնքով յաղթահարեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Թուրալ Սարիեւը:

54 քկ տղոց մրցումներուն, Անտրէ Փեհլիվանեան (Ռուսիա) 5-0 արդիւնքով յաղթեց թուրք Չան Քայային:

57 քկ տղոց մրցումներուն, Ռուսլան Ասլիքեան 4-1 արդիւնքով յաղթեց իտալացի Միքելէ Պալտասիի:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *