Հայաստան-Ազրպէյճան Միացեալ Յայտարարութիւն. Ազրպէյճան Ազատ Կ՛արձակէ 32 Հայ Զինուորական Ծառայողներ

Posted on December. 16. 2023

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմը միացեալ յայտարա-րութիւն տարածած են:

Ինչպէս ´Արմէնփրեսª-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետու-թեան վարչապետի աշխատակազմէն, յայտարարութեան մէջ նշուած է. ´Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը համակարծիք են, որ շրջանին մէջ վաղուց սպասուած խաղաղութեան հասնելու պատմական կարելիութիւն կայ: Երկու պետութիւնները կը վերահաստատեն ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու յարգման հիման վրայ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման հասնելու իրենց մտադրութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին եւ
Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմին միջեւ բանակցութիւններու հիմամբ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է երկու պե-տութիւններուն միջեւ վստահութեան կառուցման ուղղութեամբ շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու մասին:

Առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը ազատ կ՛արձակէ 32 հայ զինուորական ծառայողներ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր հերթին, առաջնորդուելով մարդա-սիրութեան արժէքներով, եւ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, ազատ կ՛ար-ձակէ 2 ազրպէյճանցի զինուորական ծառայողներ:

Իբրեւ բարի կամքի քայլ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր աջակցու-թիւնը կը յայտնէ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային ուխտի Մասնակիցներու համագումարի 29-րդ նստաշրջանը (´ՔՈՓ 29ª) հիւ-րընկալելու նպատակով Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցած դիմումին եւ կը հանէ իր թեկնածութիւնը: Հայաստանի Հանրապետու-թիւնը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը յոյս կը յայտնեն, որ Արեւելեան Եւրոպայի խումբի միւս պետութիւնները նոյնպէս կ՛աջակցին հիւրընկալելու նպատակով Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցած դիմումին: Իբրեւ բարի կամքի քայլ` Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Արեւելեան Եւրոպայի խումբի ´ՔՈՓª-ի բիւրոյին անդամակցելու համար առաջադրուած` Հայաստանի Հանրապետութեան թեկնածութեան:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակեն իրենց քննարկումները վստահութեան կառուցման աւելի շատ միջոցառումներու իրականացման վերաբերեալ` մօտ ապագային կեանքի կոչելու համար, եւ կոչ կ՛ուղղեն միջազգային հանրութեան` աջակցելու իրենց ջանքերուն, որոնք պիտի նպաստեն երկու պետութիւններուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան կառուցման եւ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան Հարաւային Կովկասի ամբողջ շրջանին համարª:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *