ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի կողմէ հայկական դպրոցի ֆոնտի կոպիտ չարաշահու՞մ

Posted on December. 16. 2023

Ծանօթ. Խմբ. – Շաբաթ, 2 Դեկտեմբերին ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԱ- ՊԸՆԴՈՒՄ մը ուղարկուեցաւ ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի կողմէ որ հասցէագրուած էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) եւ անոր մշակութային թեւ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) ղեկավարութեան եւ ՌԱԿ- ԹՄՄ-ին պատկանող բոլոր լրատուամիջոցներու խմբագիրներուն: Մինչեւ այսօր՝ 14 Դեկտեմբեր խմբագրութիւնը տակաւին պատասխան չէ ստացած ոչ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) եւ անոր մշակութային թեւ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) ղեկավարութենէն եւ ոչ ալ ՌԱԿ-ԹՄՄ-ին պատկանող բոլոր լրատուամիջոցներու խմբագիրներէն: Ի հակապատկեր ՌԱԿ-ԹՄՄ-ի ղեկավարութեան խլացուցիչ լռութեան՝ բազմաթիւ սրտցաւ հայրենակիցներ արձագանքեցին: Արձագանքնողներու շարքին էին նաեւ քաջատեղեակ անձնաւորութիւններ ինչպիսին է ներքեւի նամակին հեղինակ՝ Սարգիս Թօմպուլեանը: Երկարամեայ ՌԱԿ-ԹՄՄ-ի անդամ պարոն Թօմպուլեան կը կատարէ նոր բացայատումներ: 

Մինչ այդ, 12 Դեկ.ին, ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ուղարկեց երկրորդ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑ- ՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԱՊՆԴՈՒՄը հասցէագրուած՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակ- ցութեան (ՌԱԿ) եւ անոր մշակութային թեւ՝ Թէքէեան Մշակութային Միու- թեան (ԹՄՄ) ղեկավարութեան եւ ՌԱԿ-ԹՄՄ-ին: 

«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» Շաբաթաթերթի յարգելի պարոն խմբագիր Աբօ Չափարեան, 

Կեցցէ՛ք: Շատ բարձր կը գնահատեմ Ձեր քաջութիւնը: Այս մարդիկը անկիւնած էք Ձեր այս գրութեամբ: 

Այս պարապ տակառները Ձեր հարցումներէն որեւէ մէկուն պիտի չպատասխանեն: Ի՞նչ պատասխանեն եթէ բանը բանէն շատո՜նց անցած է եւ գումարին մէկ մասը արդէն շոգիացած: Բացառուած չէ, որ Ձեզի պատասխանեն՝ «ծախելով» իրենց երբեմնի շէֆիկ Էտմոն Կոտալազեան/Երուանդ Ազատեան մարդուկը: 

Իմ ունեցած տեղեկութիւններով, 14,5 միլիոն տոլարէն 1 միլիոն գանձած է Փանոս Քեշիշեան կոչուած անձ մը իբրեւ real estate-ի իր «արդար» միջնորդչէք, 1 միլիոնի չափ գացած է իբրեւ պետական տուրք, 1 միլիոնի չափ կորսնցուցած են Նիւ Եորքի պորսային մէջ, 50 հազար տոլար նուիրած են Հայկական բանակին՝ 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն ետք, 175 հազար տոլար ծախսած են Երեւանի «Ազգ» թերթի խմբագրութեան սենեակները բարեկարգելու համար (վարձած էին պետութենէն, որ իրենց ձեռքէն ետ առած է … բարեզարդուած վիճակով), շուրջ 350 հազար ծախսած են Երեւանի մէջ քանի մը տարի առաջ ՌԱԿ-ի ազատեանական թեւի ընդհանուր պատգամաւորական ժողովի մասնակիցներու օդանաւային տոմսերու, պանդոկներու կեցութեան, կերուխումի եւ ժողովին առնչուած այլ՝ շատ «ազգային» գործունէութեանց վրայ: 

Ասոնք դեռ իմ իմացածներս են: «Պայքար»-ը եւ «Ազգ»-ը առատօրէն կը ֆինանսաւորուին այս գումարով: «Պայքար»-ի մշտական յօդուածագիր երկու հոգիէ իմացած եմ, որ իւրաքանչիւր յօդուածի համար խմբագրութիւնը իրենց կը վճարէ 50 տոլար, իսկ փաստական խմբագիր Պայծիկ Գալայճեանը կը ստանայ 1200 տոլար ամսական: Հետեւաբար, մինչեւ հիմա, երեւի մէկ միլիոն մըն ալ «Պայքար»-ի տպագրութեան եւ յօդուածագիրներու եւ խմբագրուհիի վարձատրութեան համար ծախսուած է: 

Ըստ հաւաստի աղբիւրներէ իմ ստացած տեղեկութիւններուս, անցեալ տասնամեակին Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնն ալ պիտի ծախէին: Իրենք կը պահանջէին 42 միլիոն տոլար, բայց հաւանական գնորդները 28 միլիոնէ աւելի չեն տուած: Այդ գործարքը յաջողցնելու համար, հետեւողականօրէն, ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ՁԵՒՈՎ նահանջել տուին Թեքէեան դպրոցին աշակերտութեան թիւը, որ 1970-ականներուն 1000-էն աւելի էր եւ ետքը իջաւ … 72 հոգիի, մանկապարտէզէն, նախակրթարանէն ու միջնակարգէն ծիծաղելի թիւով շրջանաւարտներու քանակով՝ 3-7 հոգի: Մանկապարտէզի երեք, նախակրթարանի վեց եւ միջնակարգի երեք կարգերուն դասարաններէն ոմանց աշակերտութեան թիւը 10 հոգիէն պակաս է, ոմանք՝ նոյնիսկ 3 հոգի: 

Թեքէեան կեդրոնին մէջ գտնուող «Զարթօնք» օրաթերթի եւ ՌԱԿ-ի գրասենեակները դպրոցը պիտի տեղափոխէին եթէ կեդրոնը ծախուէր: Սակայն 4 օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը եւ կեդրոնին մեծ վնասներ կրելը, լիբանանեան տնտեսական ահաւոր անկումը, երկրին քաղաքական ու ապահովական անկայուն վիճակը տապալեցին ծախելու դաւադրութիւնը, թերեւս առժամաբար: Այս կեդրոնի վաճառքի դաւադրութեան գլխաւոր դէմքը Յակոբ Գասարճեան ըսուած ողորմելի ոչնչութիւն «ռէյյիս» Տոն Քիշոթն է՝ իբրեւ Սանչօ Փանզա կողքին ունենալով «Զարթօնք»-ի խմբագիր ողորմելին՝ Սեւակ Յակոբեանը: 

Սիրելի՛ պարոն Չափարեան, 

Իբրեւ վերջաբան, հարցում մըն ալ իմ կողմէս. որեւէ տարբերութիւն կա՞յ Բերձորի մէջ ԹՄՄ-ի հովանաւորած Թեքէեան վարժարանի կեանքին վերջ տուած Ալիեւի մը եւ Լոս Անճելոսի Արշակ Տիգրանեան վարժարանի կեանքին դաւադրաբար եւ ստորաբար վերջ տուած այս «հայազգի» արարածներուն միջեւ: 

Յարգանքներով՝ 

Սարգիս Թօմպուլեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *