Փալոն. «Միացեալ Նահանգներու Աջակցութիւնը Չափազանց Կարեւոր Է Ազրպէյճանի Հետագայ Յարձակումը Զսպելու Եւ Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը Ապահովելու Համար»

Posted on December. 16. 2023

Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը չափազանց կարեւոր է Ազրպէյ-ճանի հետագայ յարձակումը զսպելու եւ Հայաստանի տարածքային ամբող-ջականութիւնը ապահովելու համար: Այս մասին ´Էքսª-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրենք Փալոն:

Ան աւելցուցած է, որ ստորագրած է երկկուսակցական երկպալատ նամակը, ուղղուած` Քոնկրեսի ղեկավարներուն` անոնց կոչ ուղղելով Հայաս-տանին ուղղուած անվտանգութեան աջակցութիւնը ներառել յառաջիկայ լրացուցիչ ֆինանսաւորման օրինագիծին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու վերին ու ստորին պալատներու 60 անդամներ Քոնկրեսի ղեկավարներուն կոչ ուղղած են անվտանգութեան աջակցութիւն ուղարկելու Հայաստան եւ լրացուցիչ օգնութիւն տրամադրելու Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն:

Այս մասին կը նշուի ծերակուտական Ալեքս Փատիլլայի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Աննա Էշուի հեղինակած նամակին մէջ:

Քոնկրեսի երկու պալատներու անդամները կոչ կ՛ուղղեն` 10 միլիոն տոլար յատկացնելու Հայաստանի պաշտպանութեան ոլորտի ֆինանսաւորման համար, ինչպէս նաեւ լրացուցիչ օգնութեան օրինագիծով նախատեսուած մարդասիրական օգնութեան մէկ մասը հասանելի դարձնելու Հայաստանի համար` բաւարարելու կարիքները 120.000 հայերու, որոնք սեպտեմբերին Ազրպէյճանի յարձակումէն եւ ցեղային զտումներէն ետք բռնի տեղահանուած են Լեռնային Ղարաբաղէն:

´Այժմ, երբ Ազրպէյճանի բռնակալ Իլհամ Ալիեւը վերափոխած է շրջանը` օգտագործելով զինուորական ուժ, մենք մտավախութիւն ունինք, որ ան համարձակութիւն ձեռք բերած է` դարձեալ նման ձեւով վարուելու: Մենք յատկապէս մտահոգուած ենք, որ Ազրպէյճանը պիտի շարունակէ իր յարձակումը` գրաւելով Հայաստանի գերիշխան տարածքըª, նշուած է նամակին մէջ:

Քոնկրեսականները կը նշեն նաեւ, որ Հայաստանը յատկապէս խոցելի դարձած է, որովհետեւ ´հեռացած է իր անվտանգութեան աւանդական երաշխաւոր Ռուսիայէն` աւելի սերտ կապեր հետապնդելով արեւմտեան ժո-ղովրդավարութիւններուն հետª:

Ըստ քոնկրեսականներու, Կովկասի մէջ ամերիկեան ղեկավարութիւնը անհրաժեշտ է` զսպելու համար Ազրպէյճանի հերթական յարձակումը եւ հայերուն թոյլ տալու պաշտպանելու իրենց ժողովրդավարութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *