Posted on May. 10. 2024
Կիրակի գիշեր վերջ գտաւ Պելկրատի մէջ (Սերպիա) տեղի ունեցած բռնըց- քամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:
92 քկ կշիռի աւարտական մրցումին, Հայաստանի ազգային խումբի անդամ Նարեկ Մանասեան վիրաւոր ըլլալով չներկայացաւ ռուս մրցակիցին դէմ եւ արծաթ մետալով բաւարարուեցաւ:
Արծաթէ մետալ շահած էր նաեւ 48 քկ կշիռի մասնակից Բարեղամ Յարութիւնեան:
57 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Արթուր Բազեան, 60 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Արթուր Սահակեան, 50 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Անուշ Գրիգորեան եւ 70 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Անի Յովսէփեան շահած էին պրոնզէ մետալներ:
Հայաստանի տղոց հաւաքականը 35 երկիրներու մէջ գրաւեց 4-րդ դիրքը, մինչ աղջկանց հաւաքականը գրաւեց 5-րդ դիրքը: