Լոս Անճելոսի երկու ինքնահռչակ մէնատէրեր կը փորձեն արեւանգել հայ համայնքի ղեկավարութիւնը‘ առանց ժողովրդական ընտրութիւններու

Posted on August. 24. 2019

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Շատ ընթերցողներ եւ հեռուստադիտողներ կրնան յիշել, որ վերջին մի քանի ամիսներու ընթացքին այս յօդուածագիրը իր մտահո-գութիւնը կը բարձրաձայնէր համայնքի մէջ տարբեր կազմակերպական ղեկավարներու մեղսակացական համերաշխութեան մասին սուտ «միասնութեան» ծխածածկոյթի տակ:
Վերջապէս, եկած է ժամանակը հրապարա-կայնացնելու այս նեխուած («կոռումպացուած») եւ ինքնահռչակ, այսպէս կոչուած «համայնքի ղեկավարներուն» իրենց անունները յստակօրէն նշելով, որոնք իրենց կազմակերպութիւններու մէջ իրականութեան մէջ յայտնի են որպէս «բռնապետներ եւ մեծ-ագարներ»:




Այս գրողը ոչ մէկ բացասական բան մը չունի ըսելու բոլոր աւանդական հայ-կական քաղաքական կուսակցութիւն-ներու ու կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու մասին տեղական եւ համաշխարհային առումով, բայց ես կտրականապէս դէմ եմ անոնց, որոնք իրենց անձնական շահերու համար կը չարաշահեն իրենց ղեկավա-րական դիրքը՝ ամբողջ համայնքի վնասին: Օրի-նակի համար՝ իրենց ամուսիններու եւ գործընկերներու նշանակումը նշանակալի պաշտօններու վրայ, ինչպէս Կիլիկեան Արեւմտեան թեմի մէջ, այնպէս ալ Էջմիածնական Արեւմտեան թեմի մէջ՝ առանց պարտադիր որակաւորումներու: Ակնյայտ «նեպոթիզմ» — «ԽԾԲ-ութիւն, «Խնամի Ծանօթ Բարեկամ»ութիւն։
Երկար տարիներ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ- կուսակցութիւնը) վատաբանելէ ետք որով մոլորութեան մէջ նետած էր Արեւմտեան թեմի հակադաշնակցական անդամներուն եւ այդ ընթացքին գաղտնի «սիլի-բիլի» ըրած էր ՀՅԴ-ի այս շրջանի մէնատէր Վիգէն Յովսէփեանին հետ, եւ այժմ՝ Տէրտէրեան անոր հետ յայտնուած է նոյն «անկողինի» մէջ: Այսքան համերաշխութ՜իւն. ոչ անպայման իրական միասնութեան կամ որևէ այլ յարգելի պատճառով, ինչպիսին է՝ յօգուտ ժողովրդի ընդհանուր բարիքին, այլ իրենց սեփական կազմակեր-պութենէ ներս իրենդ տկարացած դիրքերը ամրապնդելու համար:
Վերջերս, երբ համայնքի ականաւոր անդամ մը ինծի ըսաւ, որ «Յովնան Տէրտէրեան դարձած է ԱՄՆ արեւմտեան նահանգներու մէջ հրոսակային մեծամիտ ղեկավար մը, որ մարմաջ ունի վերահսկելու ամէն ինչ», ես անոր ըսի. «Տէրտէրեան այդպիսին եղած է որովհետեւ մէկ այլ հրոսակային մեծամիտ ղեկավար մը, յանձինս՝ կուսակցական միահեծան Վիգէն Յովսեփեան ակտիւ աջակցութիւն կը շնորհէ Յովնանին»: Այսպիսով, «տանգոյի համար անհրաժեշտ են երկու հոգի»:
Մեզմէ շատերը այժմ ուշի-ուշով կը հետեւին Յովսեփեանի եւ Տէրտէրեանի միջեւ զարգացող քաղաքական տանգոյին:
Սա Յոսեփեանի եւ անոր կատարածոներու թատերական հանդէսի մը նախնական փուլն է ինչպէս ՀՅԴ արեւմտեան շրջանի կազմակերպութեան մէջ, այնպէս ալ Արեւմտեան Թեմի նման այլ կազմակերպութիւններու մէջ:
Յովսէփեանի գլխաւոր կամակատարը՝ Տէրտէրեան միացած է Յովսէփեանի «երգչախումբին», որպէսզի «Արևմտեան ԱՄՆ-ի Համահայկական Խորհուրդի» նոր եւ մեծ հնչող անունով հովանիի տակ բարձրաձայն արտասանէ հնչեղ եւ խոշոր տպաւորութիւն ստեղծող գաղափարներ:
Յովսէփեան եւ Տէրտէրեան՝ վերջերս հռչակուած «Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհրդի» գլխաւոր օլիգարխներուն, միացած են վարկաբեկուած Էտմոն Ազատեանի Հայ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը («ՌԱԿ»): Ազատեան ՌԱԿ-ի եւ «Թէքէյեան» մշակութային միութեան կենտրոնական վարչութեան բարձրագոյն ղեկավարն է, որ անարդարացիօրէն փակեց Լոս Անճելոսի մէջ գտնուող Արշակ Տիգրանեան հայկական վարժարանը: Անոնք լուծարեցին վարժարանի բոլոր շէնքերը, որոնք կը գնահատուէին մօտ 15,5 միլիոն տոլար: Ոչ ոք չի գիտեր, թէ ու՞ր գացին այդ գումարները:
Ինչպէս Աստուածաշունչը կþըսէ Մաթէոս 7: 3-ին մէջ, «Ինչո՞ւ ձեր եղբոր աչքին փուշը կը տեսնէք, իսկ ձեր աչքի գերանը՝ ոչ»: Ազատեան հիմա յանդգնութիւնն ունի մէկ այլ մեղաւորի մը՝ ՀԲԸՄ-ի Պերճ Սեդրակեանին քննադատելու համար, որ անարդարացիօրէն 2005-ին փակեց հայկական սփիւռքի լաւագոյն կրթական կեդրոններէն մէկը՝ Կիպրոսի մայրաքաղաք՝ Նիկոսիայի Մելքոնեան Կրթական Հաստա-տութիւնը:
Ազատեան գրած է լայնօրէն վարկաբեկուած ՀԲԸՄ-ի Սեդրակեանի մասին. «Մելքոնեանի փակումը … պատճառ դսարձած է երկու առանձնայատուկ աւերիչ սխալներու: Եւրոպական միութիւնը արեւմտահայերէնը սահմանած է որպէս ոչնչացման ենթակայ՝ վտանգուած լեզու. հետեւաբար, ֆինանսական միջոցներ պիտի դրամադրուէին լեզուն պահ-պանելու համար … Մելքոնեան վարժա-րանի փակումը այդ պահին դասուեցաւ որպէս դաշոյնահարութիւն՝ ուղղ-ւած հայկական սփիւռքի թիկունքին: Ահա եւ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան քաղաքական զգուշաւո-րութիւնը… (որ) չունի խելամիտ բացատը-րութիւն:… Եթէ Պատրիարքը (Մութաֆեան) կենդանի ըլլար, ապա իրաւասութիւն կþունենար ՀԲԸՄ-ի ղեկավա-րութեան հարցաքննելու բարեգործական ֆոնտի եղած վայրի եւ անոր եկամուտներու օգտագործման վերաբերեալ: … Բայց, այն բանը որ աւելի վատ է, ակնյայտօրէն, ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան շրջանակէն ներս կան կրթական առաքելութեան եւ փիլիսոփայութեան հակադարձում, մասնաւորապէս անոր ներկայ նախագահի, իմ յարգելի ընկերոջ՝ Պերճ Սեդրակեանի հայացքներու մէջ»:
Հայկական դպրոցներու ապօրինի լուծարող մը, հայկական շատ այլ դպրոցներու մէկ այլ ապօրինի լուծարողին կþանուանէ «իմ հարգելի ընկեր»: Որքան ծիծաղելի է:
Յովսեփեան եւ Տէրտէրեան միաւորուած են նաեւ Արեւմտեան թեմի 23 միլիոն դոլար արժողութեամբ Սբ. Ղեւոնդեանց տաճարի հիմնական շինարար Սինան Սինանեանի կողմէ: Տէրտէրեանի հայեցողութեան ներքոյ կառուցապատման ծախսերը խորհրդաւոր կերպով աճած էին՝ 12/14 միլիոն տոլարէն հասնելով հսկայական 23 միլիոն տոլարի: Որպէս ՀԲԸՄի Արեւմտեան շրջանի նախագահ, Սինանեան նաեւ ՀԲԸՄ-ի կողմէ յայատնի բռնապետ Սեդրակեանի քուրքուրանքի արարկան է: Անոնց միացած է նաեւ Տէրտէրեանի առաջակարգ կամակատար Ժոզէֆ Կանիմեան, որ Լոս Անճելոսի «Արարատ տան» նախագահն է:
Մարդ հարց կուտայ, թէ ինչո՞ւ Յովսէփեան-Տէրտէրեան երկակը այդքան յուսահատօրէն կը փորձէ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Համահայկական խորհուրդի» միջոցով հետապնդել պաշտօնի բարձրացում:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդը միակը չէ, որ ներկայիս խուճապի մէջ է՝ ի դեմս իր կազմակերպութեան ներսը ուժգնացող քննադատութիւններու՝ իշխանութիւնը իւրացնելու, կոռուպցիայի, նեպոտիզմի, այլ չարագործութիւններու վերաբերեալ: Անոր այժմ միացած են ինչպէս ՀՅԴ-ի մէջ Յովսէփեան կլանը, այնպաս ալ ՀԲԸՄ-ի մէջ Պերճ Սեդրակեանի մէնատիրական հրոսակախումբը:
Անցեալ ամիս, ես Լիբանան էի: Հանդիպեցայ երեք աւանդական քաղաքական կուսակցութիւններու՝ ՀՅԴ, ՌԱԿ, ՍԴՀԿ-Հնչակեան կուսակ-ցութիւններու, Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր անդամներու, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ համայնքի ուսուցիչներու եւ քաղաքական ղեկավարներու հետ: Իմ զրուցակիցներու ճնշող մեծամասնութիւնը ժխտական կեցուածք ունէին Վիգէն Յովսէփեանի եւ անոր ենթակայ ու կամակատար Տէրտէրեանին հանդեպ: Անոնք վերահաստատեցին, որ Տէրտէրեան վտարուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն, քանի որ ան բազմիցս բռնուած էր այլ ճեմարանականներու հետ սեռային գործողութիւններու մասնակութեան ընթացքին իր իսկ կուսակրօնական երդումը խախտելով։ Բոլոր անոնք, որոնք զբաղուած էին այդ տեսակ անբարոյական գործողութիւններով, միանուագ վտարուած են Տէրտէրեանի հետ:
2015-ին ես գրած էի յօդուած մը ՝ «Հայաստանը եւ Ղարաբաղը աւելի ժողովրդավարական են, քան Սփիւռքը» որ ՀՅԴ-ի անդամներու շարքերէն ներս վրդովմունքի ալիք բարձրացուց, ու անոնք սկսան հարցեր տալ. «Որքա՞ն ժամանակ դեռ եւս պիտի շարունակուի ՀՅԴ-ն Արեւմտեան ԱՄՆ-ի մէջ իր սեփական բուրգին վերածած Վիգէն Յովսէփեանի ազդեցութիւնը կուսակցութեան ընտրութիւններու վրայ‘ իր իշխանութիւնը հավերժացնելու համար: Անոր կինը՝ Նօրա Յովսէփեան, դարձած է ամբողջական բռնակալ մը ANCA-ի Արեւմտեան շրջանի մէջ: Չնայած որ ANCA-ն ժողովրդավարական իրաւունքներու պաշտպանն է, սակայն այն ամէն բան է, բացի ժողովրդավարական ըլլալէն:
Անդրադառնալով ԱՄՆ-ի Համահայկական Խորհուրդին, Քալիֆոռնիոյ նախկին նահանգապետ Ճօրճ Տէօքմէճեանի քաղաքականութեան խորհրդական եւ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի մէջ ամերիկահայ համայնքի երկարամեայ առաջատար անդամուհի՝ Հելէն Հայկ ըսաւ. «Ես մասնակցած եմ վերջերս տեղի ունեցած Համահայկական խորհուրդի ժողովին եւ կը կարծեմ, որ շատ դրական է, որ գործող բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայ ղեկավարները միասին աշխատին‘ ի նպաստ մեր երիտասարդութեան եւ համայնքին: Միեւնոյն ժամանակ, ես կը հաւատամ, որ կարեւոր է ստեղծել ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած ներկայացուցչութեան համակարգ‘ եզակի արժեքաւոր նոր նախաձեռնութիւններու իրականացման համար, որոնք համայնքի ընտրուած ներկայացուցիչները կրնան զարգացնել՝ հիմնուելով իրենց ընտրողներու մանդատի վրայ»: Հելէն Հայկ ներկայիս կը հանդիսանայ Համաշխարհային հարցերու Խորհուրդի (World Affairs Council-OC) անդամ: Ան աշխատած է Սպիտակ տան երկու վարչակազմերու հետ (մէկը‘ միջազգային տնտեսական զարգացում): Որպէս Soroptimist-ի նախագահ, ան մասնակցած է ՄԱԿ-ի համար հասարակական կազմակերպութիւններու (ՀԿ) նախաձեռնութիւններու զարգացման:
Մեկնաբանելով Արեւմտեան ԱՄՆի Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորումը՝ Քալիֆոռնիոյ նահանգի Լոնկ Պիչի համալսարանի քաղաքագէտ պրոֆեսոր Զ. Ս. Էնդրու Տէմիրճեան նշած է. «Ինքնապահպանող օլիգարխիան անցեալին կը պատկանի: Այժմ մենք կþապրինք 21-րդ դարի մէջ՝ նպատակ ունենալով վերացնել 17-18-րդ դարերու հասարակական, գործաարարակն եւ կառավարութեան գործեւերու հին եղանակները: Համայնքի ընտրուած անդամները մեզի պէտք է ներկայանան ժողովրդական քուէարկութեան միջոցով, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի իրաւունք ունենայ անհրաժեշտութեան պարագային փոխարինելու խորհուրդի մէջ չաշխատող ներկայացուցչին: Առանց ժողովրդավարական ընտրութիւններու, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու խորհուրդի համահայկական առաջնորդները կը համարուին հայ համայնքի անօրինական ներկայացուցիչներ՝ խախտած ըլլալով հայկական սփիւռքի իւրաքանչիւր անդամի իւ նախընտրած թեկնածուի օգտին քուէարկելու անքակտելի իրաւունքը: Անոնց, որոնք կþառաջնորդուին ժողովրդավարական սկզբունքներու հաստատուն համոզմամբ, պիտի չընդունուին եսասիրական, ինքնասէր անհատներու փոքր խումբի մը կողմէն»:
2015թ-ի «Սփիւռքի կազմակերպման դինամիկան. Միասնութեան որոնում» խորագրով իր գրքին մէջ, պրոֆեսոր Տէմիրճեան գրած է. «Առաջ շարժուելու համար եկէք չենթարկենք մեր որոշումները այն նոյն ճակատագրին, ինչ ծաղկի սայլակները կը ստացան Փասատինայի մէջ վարդերու շքերթի ավարտէն ետք: Հակառակ պարագային, ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած միասնական ներկայացուցչական մարմին ձեւաւորելու մեր ջանքերը նորէն ու կրկին կը մնան անըմբռնելի կամ նոյնիսկ դեռ չծնուած: Բայց եթէ մենք կանգնինք ուսի-ուսի տուած, ապա ոչ մէկ լեռ այնքան բարձր չի կրնար ըլլալ, որպէսզի մեզի զրկէ հայ ազգին յաջողութիւնները աւելի բարձր մակարդակներու հասցնելէն: Հայերը կը հպարտանան հնագոյն երկրէն սերելու համար, որ յայտնի է որպէս քաղաքակրթութեան բնօրրան: Սակայն, համեմատած այլ երկիրներու մեծամասնութեան հետ, անոնք չեն կրցած համախմբուիլ ժողովրդավարական ընտրական գերագոյն կառոյցի մը մէջ‘ ի շահ բոլորի: Մենք մտային կարողութիւն ունեցող ցեղ ենք, բայց, ըստ երեւոյթին, այնքան ալ խելացի չենք: … Եկէք հակադարձենք գրաւչութեան ալիքին՝ հաւատարիմ մնալով յետաձգուած յաջողութիւններու գիտակցութեան, որ միջազգային սփիւռքի կառոյցը ապագայի հետ վերջնական կամուրջ մըն է, քանզի ապագան կը պատկանի այն սփյուռքներուն, որոնք հիմա կը կազմակերպուին իրենց գոյատեւման սիրոյն»:
Որպէս հետաքննող լրագրող եւ ամերիկահայ կրօնական եւ համայնքային կազմակերպութիւններու իրավիճակի ժամանակագրութեան վերաբերեալ գիրքերու հեղինակ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ նախկին կուսակրօն քահանայ, Լոս Անճելոսաբնակ Ոսկան Մխիտարեան ըսաւ.«Լոս Անճելոսի մէջ 50 տարիներու ընթացքին ես նկատած եմ, որ այսպէս կոչուած «ղեկավարման» մենաշնորհը կը պահուի շրջանակի մը մէջ՝ օտարելով նոր կրթուած ու պատասխանատու սերունդին, արգելք ըլլալով անոնց լուծումներու մասնակից ըլլալու իրենց իրաւունքին: Մէնաշնոր-հային ղեկավարութիւնը լիովին կոռումպացուած է եւ չի յարգեր ոչ մէկ օրէնք եւ կարգ: Եթէ ոչ այսօր, ապա ե՞րբ մենք պիտի համախմբուինք ժողովրդավարական ընտրուած ղեկավարութիւն ստեղծելու մեր իրական ջանքերով, որպէսզի քայքայումէ փրկենք սփիւռքը»:
ԱՄՆ արեւմտեան շրջանի մէջ գտնուող 170 ամերիկահայ կազմակեր-պութիւններէն միայն մի քանին‘ մօտ 20 կազմակերպական առաջնորդներ հաւաքուած են եւ կը հռչակեն «ԱՄՆ Արեւմտեան նահանգներու համահայկական խորհուրդ» հնչեղ անուամբ կազմակերպութեան ստեղուծմին մասին:
Արեւմտեան ԱՄՆ-ի այսպէս կոչուած Համահայկական խորհուրդի 20 կազմակերպութիւնները իրականութեան մէջ երկուսուկես բուրգ են: Բուրգ թիւ 1ը կը պատկանի ՀՅԴ-ի մէնատէր՝ Վիգէն Հովսեփեանին որուն մէջ կան մօտ ՀՅԴ-ի 1.050 անդամ եւ յարակից կազմակերպութիւններ՝ Առաջնորդարան Հայոց ԱՄ Նահանգներու Արեւմ. Թեմի, Հայ Oգնութեան Միութեան, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, ՀԵԴ-ի, Ամերիկայի Հայ Դատի մէջ կան լրացուցիչ անդամ՝ շուրջ 6.500 հոգի։ Բուրգ թիւ 2 – Տէրտէրեանի Արեւմտեան թեմը, որն ունի հիմնական եւ յարակից կազմակերպութիւններով շուրջ 3500 անդամ‘ ՀԲԸՄ, ՌԱԿ-Ռամկավար կուսակցութիւն, Հայկական Համագումար‘ եւս 550 անդամներով: Բուրգ 3, որ ունի շուրջ 1250 անդամ, բաղկացած է Հայ Իրաւաբանական Միութենէն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմէն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութենէն (AEUN), Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութենէն (AMAA), Միացեալ Հայ Երիտասարդներէն (UYA), Պոլսահայ Միութենէն (OIA):, Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութենէն (AYAC), Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութենէն (ASLA), Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութենէն:
Մասնակից բոլոր 20 կազմակերպութիւններու համախմբուած անդամակցութիւնը կը կազմէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 1,2էն 1,5 միլիոնանոց ամերիկահայ բնակչութեան ընդամենը 1% տոկոսը:
Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն եւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններ մերժած են միանալ այս ինքնակոչ մարմնին: 150 ոչ-մասնակից կազմակերպութիւններու ընդհանուր անդամակցութիւնը կը կազմէ աւելի քան 10,000 անդամ:
Խորհուրդի առաքելութիւնը շատ բարձր կը հնչէ (տե՛ս ներկայացուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը էջ 6), բայց իրականութեան մէջ այդ պարզապէս ֆասադ է ‘«համայնքի ղեկավարներու» տիտղոսը ոչ-պատշաճ ձեւով իւրացնելու համար‘ առանց ժողովրդավարական ընտրութիւններ ապահովելու եւ համայնքի ներկայացուցչութեան ժողովրդական մանդատ ապահովելու:
Այսպէս կոչուած «Համահայկական խորհուրդի» ձեւաւորման ժամկէտը առանձնայատուկ կը թուի այն առումով, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կը նախատեսէ այցելել Լոս Անճելոս 2019-ի Սեպտեմբեր 22-ին: 20 ներկայացուցիչներէն երկու կամ երեք համանախա-գահներու ընտրութիւնը կրնայ սխալ մեկնաբանուիլ Յով-սէփեանի եւ Տէրտէրեանի ու անոնց կամակկատարներու կողմէ, որպէս Արեւմտեան ԱՄՆի ամերիկահայ համայնքի ինքնակոչ ղեկավարներ Վարչապետ Փաշինեանի հետ հնարաւոր հանդիպման ընթացքին:
Որպէս ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի նախկին անդամ, ղեկավար պաշտօնի տէր, ականատես ըլլալով զանազան անարդարութիւններու «օլիգարխներու» կողմէ ես հրաժարեցայ։ Յետագային, որպէս լրագրող ես բռնութեան թիրախ դարձայ տարբեր կազմակերպչական օլիգարխներու կողմէ‘ որոնք կը միտէին խաբանել իմ աշխատանքը որպէս ամերիկահայ ազատ մամուլի անդամ: Որպէս «Նոր Կեանք»ի (1978), ապա՝ USA Armenian Life եւ «Հայ Կեանք»ի (1985) հիմնադիր, ես անընդհատ ոտնձգութեան թիրախ եղայ ինչպէս ՀՅԴ օլիգարխներու կողմէ, այնպէս ալ հակա-դաշնակցական օլիգարխներու կողմէ: Եւ վերջերս ալ Տէրտէրեանական կլանի անդամներու կողմէ կեանքի սպառնալիք ստանալով (2018 թ. Դեկտեմբեր 23):
Վերջին մի քանի տասնամեակներու ընթացքին ես տեսած եմ շատ այլ զոհեր, եւ այժմ եկած է ժամանակը այս ամէնին վերջ տալու եւ բարձրաձայն ըսելու. «Ալ կը Բաւէ»:
Այժմ ես այս յoդուածը կը գրեմ Վիգէն Յովսէփեանի կլանականներու եւ իր զինակից Յովնան Տէրտէրեանի կլանակիցներու կողմէ թիրախ դառնալու գնով։
Առթնամիտ եւ վերահսկիչ հայութիւնը ժամանած է: Հայկական սփիւռքը այժմ տեղակայուած է ամբողջ աշխարհի մէջ: Մեր ժողովուրդը ներսէն քանդող մակաբույծներ, զգոյշ եղ՛էք: Դուք անընդհատ դիտակէտին տակ էք ամեն տեղ:

One response to “Լոս Անճելոսի երկու ինքնահռչակ մէնատէրեր կը փորձեն արեւանգել հայ համայնքի ղեկավարութիւնը‘ առանց ժողովրդական ընտրութիւններու”

  1. Գեվորգյան says:

    Պառակտման նոր ձեվեր ե՞ն հայտնագործել մեծագարները:Դա թաքնված միշտ էլ եղել է:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *