«Լոս Անճելոսի Արարատ Տարեցներու Տուն»ը Շահադիտական Խմբի Կողմէ՝ Հափշտակման Թիրախ

Posted on February. 16. 2020

ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

«Լոս Անճելոսի Արարատ Տուն»ը երկար ժամանակ եղած է Հարաւային Քալիֆոռնիոյ ամերիկահայութեան հիացմունքի, գուրգուրանքի եւ հպարտութեան արարկան:
Տարիներ շարունակ, «Լոս Անճելոսի Արարատ Տուն»ը աջակցութիւն ստացած է համայնքի բոլոր հատուածներէն եւ ան նաեւ ծառայած է բոլոր կարիքաւոր տարեցներուն՝ առանց քաղաքական պատկանելիութեան, աշխարհագրական ծագման եւ կրօնական դաւանանքի խտրականութեան:
Անդամակցութեան վրայ հիմնւած ոչ-շահոյթաբեր կազմակերպութեան «Արարատ» Բուժարանը վաստկած է շարք մը այնպիսի հեղինակաւոր համաամերիկեան մրցանակներ ինչպիսիք են՝ «2018-ի Արծաթէ Համապետական Որակի Մրցանակը» եւ «2017 Բրոնզէ Համապետական Որակի Մրցանակը»:
«Լոս Անճելոսի Արարատ Տուն»ը յայտնի է նաեւ որպէս ժողովրդավարութեամբ առաջնորդուող կազմակերպութիւն, որտեղ վերջնական վերահսկողութիւնը միշտ կը պահպանուի հարիւրաւոր քուէարկող անդամներու ձեռքի մէջ:
Ընդհանուր անդամութեամբ կողմէ ընտրուող հոգաբարձուներուն պարզապէս կը յանձնարարուի յարգել Ժողովրդի կամքը ու ընդհանուր անդամութեան, նուիրատուներու եւ աւելի լայն համայնքի մադատով կատարել բարոյական եւ ճշմարիտ հոգաբարձուներու պարտականութիւնները:
Բացի այդ, բազմամիլիոնանոց տոլար արժողութեամբ անշարժ գոյքը եւ ֆոնտերը միշտ եղած են անդամներու ուշադրութեան եւ վերահսկողութեան տակ: Գործող ենթաօրէնսդրութիւնը անդամներուն իրաւունք տուած է իրականացնել իրէնց քուէարկութիւնը, այլ իրաւունքները ու պարտականութիւնները:
Թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան պաշտպանութեան ներքոյ «Լոս Անճելոսի Արարատ Տուն»ը դարձած է ամերիկահայութեան ամենաժողովրդավար, ֆինանսապէս առողջ կազմակերպութիւններէն մէկը:
Սակայն ներկայիս, մասնաւոր խումբ մը կը փորձէ գրաւել եւ հնարաւորինս չարաշահել «Լոս Անճելոսի Արարատ Տուն»ը։
Ներկայիս հոգաբարձուներու խորհուրդի անյայտ հատուածը կը փորձէ չեղեալ յայտարարել հարիւրաւոր անդամներու քուէարկութեան իրաւունքը, որպէսզի
1) Իրենց նեղ խմբակցական շահերուն ենթարկեն կազմակերպութիւնը եւ անոր հարստութիւնը.
2) Միակողմանի որոշում կայացնեն կազմակերպութեան յետագայ ուղղութեան վերաբերեալ եւ
3) Թելադրել տարեցներու բնակութեան ընդունելու գործընթացը
4) Հաւանականօրէն ստեղծել մենաշնորհ, որ, ի վերջոյ, կրնայ պատճառ դառնալ աւելի քան հարիւր միլիոն տոլարի ֆոնտերու, անշարժ կալուածներու եւ այլ գոյքներու, պատմական իրերու զանգուածային իւրացնման եւ (կամ) սխալ կառավարման «Արարատ Տան Էսկիճեան» թանգարանէն ներս:
«Լոս Անճելոսի Արարատ Տան» վաղեմի անդամ մը ողբաց. «Սա յեղաշրջում է»:
Մէկ այլ մտահոգ անդամ մը նշեց. «Սա լուրջ հարց է, ինչու՞ շտապել, եւ որ այն առաջին հերթին պէտք է ներկայացուի ամերուկահայ համայնքէն ներս, հանրութեան գիտակցութեան առաջնագծին»:
Վերջերս շարք մը անդամներ կապ հաստատեցին «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»ի եւ USA Armenian Life-ի խմբագրութեան հետ՝ յայտնելով թէ խորապէս մտահոգուած են ներկայ ղեկավարութեան կողմէ առաջ քշուող օրէնսդրական փոփոխութեան բանաձեւով մը:
Այսպէս կոչուած «Երկրորդ Կէտի Փոփոխութեան» մասին բանաձեւը թաքնուած է 7-էջանոց, երկար, ոչ-թուարկուած, անստորագիր նամակագրութեան 4-րդ էջի մէջ, որ վերնագրուած է. «Լոս Անճելոսի Արարատ Տան» կանոնադրութեան երկրորդ փոփոխութիւնը»: Նոյնիսկ թուղթի գոյնը զվարճալի է եւ ունի համայնքային նախաձեռնութիւններու մասին գովազդող թռուցիկներու տեսքը: Ստացողները նոյնիսկ կրնան հակուած ըլլալ անտեսելու ձանձրալի նամակի կարեւորութիւնն ու հրատապութիւնը: Խափուսիկ։


Նամակագրութիւնը պատրաստուած է այնպէս, որ վստահութիւն ներշնչէ ընթերցողներու մտքին մէջ եւ տպաւորութիւն ստեղծէ, որ անմեն բան սովորական ընթացքի մէջ է, բայց իրականութեան մէջ այնտեղ թաքնուած է խոշոր ռումբ մը:
Թաքնուած ռումբը ներկայացուած է 4-րդ էջի երկու անպարկեշտ պարբերութիւններու տեսքով, որոնք գրուած են շատ ընկերական ոճով, որ կը միտի ապակողմնորոշել հետեւեալ խորագրով. «Լոս Անճելոսի Արարատ Տան» կանոնադրութեան երկրորդ փոփոխութիւն»:
Մանր տառերով գրութիւնը կ’ըսէ.
«ՅՕԴՈՒԱԾ Գ.
ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Բաժին 1. ԱՆԴԱՄՆԵՐ. Կազմակերպութիւնը անդամներ պիտի չունենայ: Որեւէ գործողութիւն, որ պիտի պահանջէր բոլոր անդամներու մեծամասնութեան կողմէ հաստատում կամ անդամներու կողմէ հաստատում, պիտի պահանջէ միայն Խորհուրդի հաստատումը: Բոլոր իրաւունքները, որոնք հակառակ պարագային պէտք է տրուէին անդամներուն, կը պատկանին հոգաբարձուներուն:
Բաժին 2. ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐ. Սոյն՝ Գ յօդուածի մէջ ոչ մէկ բան չի սահմանափակեր ձեռնարկութեան իրաւունքը՝ իր հետ կապուած անձերուն անուանելու որպէս «անդամներ», նոյնիսկ եթէ այդ անձինք անդամ չեն, համաձայն՝ Քալիֆոռնիոյ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութեանց վերաբերեալ օրէնքի 5056րդ բաժնի հասկացողութեամբ: Կազմակերպութիւնը կրնայ փոփոխել իր յօդուածները կամ սոյն Կանոնակարգերը, որոնք կը փոփոխուին Քալիֆոռնիոյ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութեանց մասին օրէնքի մէջ ամրագրուած օրէնքով նախատեսուած մասնակցի այս կամ այն իրաւունքները, ինչպէս նախատեսուած է Քալիֆոռնիոյ ոչ-շահութաբեր կազմակեր-պութեանց մասին օրէնքին մէջ, ոեւէ անձի կամ անձերու, որոնք իրաւասու չեն քուէարկելու հոգաբարձուներու ընտրութեան կամ կազմակերպութեան գրեթէ բոլոր գործարքներու տնօրինման, միաձուլման կամ լուծարման կամ կազմակերպութեան յօդւածներու մէջ կամ կանոնադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու կամ այն պատուիրակութիւններու ընտրութեան համար, որոնք կþընտրուին վերեւ նշուած քուէարկութեան իրաւունքներով բայց ոչ մէկ այդպիսի անձ չի կրնար անդամ ըլլալ 5056րդ բաժնի հասկացողութեամբ»։
Ինչո՞ւ համար կը կատարուի այս շահադիտական քայլը որ քողարկուած է անմեղ հնչող բանաձեւով մը:
«Լոս Անճելոսի Արարատ Տուն»-ը նախապէս թիրախաւորուած էր Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանի կողմէ՝ ներդրելու համար մօտ 15 միլիոն տոլար՝ Տէրտէրեանի կցորդներու կողմէ եւ Արեւմտեան Թեմի Թեմական Թորհուրդի նախկին նախագահ՝ Ժոզէֆ Կանիմեանի եւ ընդհանուր կապալառու Սինան Սինանեանի առաջարկած համատեղ շինարարութեան մը մէջ: Շահերու հակասո՞ւմ։
Այնպէս կը թուի, որ քանի որ Տէրտէրեան եւ անոր գործակալները չէին կրցած ստանալ 15 միլիոն տոլար, այժմ անոնք կը ցանկանում են գրաւել ամբողջ կազմակերպութիւնը:
2019-ի Յունիսին այս գրողը զեկուցած էր USA Armenian Life եւ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» շաբաթաթերթերու մէջ. «Այնպէս մը կþերեւայ, թէ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ արք. Յովնան Տէրտէրեանի եւ անոր ներքին օղակին համար «Լոս Անճելոսի Արարատ Տուն»-ը կը հանդիսանայ կալուածներով հարուստ թիրախ մը, որ պէտք է իր հակակշռին տակ առնէ Տէրտէրեանի կլանը, որ կը ղեկավարուի անձնապէս՝ Տէրտէրեանի եւ անոր կլանակիցներ՝ փաստաբան ժոզէֆ Քանիմեան եւ «Լոս Անճելոսի Արարատ Տան» Խնամակալներու Խորհուրդի այլ անդամներու կողմէ: «Լոս Անճելոսի Արարատ Տան» ներքին աղբիւրներ կը տեղեկացնեն այս խմբագրին, որ մի քանի տարի առաջ՝ արք. Տէրտէրեան եւ Կանիմեան համատեղ ջանքերով փորձեցին համոզել «Լոս Անճելոսի Արարատ Տան» հոգաբարձութեան խորհուրդին՝ համատեղ ձեռնարկութիւն իրականացնելու Արեւմտեան Թեմի հետ: Անոնց առաջարկն այն էր, որ «Լոս Անճելոսի Արարատ Տուն»ը կառուցէ մօտ 15 միլիոն տոլար արժող համալիր մը Սան Տիեկոյի մէջ Արեւմտեան Թեմին պատկանող դատարկ հողի վրայ: Խորհրդի մի քանի անդամներ դէմ արտայայտուած են այն մտքին, որ «Լոս Անճելոսի Արարատ Տան» գործունէութեան ծիրէն դուրս է համայնքի այլ կարոյցներու հետ նման համատեղ ձեռնարկութեան նախա-ձեռնումը»: Առաջարկութիւնը մերժուեցաւ:
Վերջերս, «Լոս Անճելոսի Արարատ Տուն»ը անդամ եւ նախկին հոգաբարձու, պարոն Նազար Աշճեան յայտնեց USA Armenian Life-ին եւ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ին. «Իմ կարծիքով անպարկեշտութիւն պիտի ըլլար այդպիսի գումարներ ուղղարկել Սան Տիեկօ Թեմի նախագիծին համար»։ Պարոն Աշճեանը նաեւ երկար տարիներ կամաւորաբար ծառայած է որպես Արեւմտյան Թեմի Թեմական Խորհուրդի Գանձապահ:
ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ «ԲԱՐԻՔՆԵՐԸ». Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի նման, որ այժմ յայտնի դարձած որպէս `«Կապալառու Գարեգին» անունով, Տէրտէրեանն ալ կը սիրէ նոր շինարարութիւններ, քանի որ նոր շինութիւնները կը ներկայացնեն գումար կորզելու հնարաւորութիւններ: Ի սկզբանէ Արեւմտեան Թեմի Սբ. Ղեւոնդեանց տաճարը 12-14 միլիոն տոլար պիւտճէով նախատեսուած էր աւարտել։ Սակայն ծախսեր հաշուապահութեան գիրքը փակուած էր 201ճ-ի ժամանակներուն: Ինչքան որ Մայր Տաճարի Շինարարական Յանձնաժողովի Գանձապետ պր. Նազար Աշճեան կը յիշէ շինարարութիւնը ամբողջացած է 16,5 միլիոն տոլար արժողութեամբ։ Սակայն աւելի ետք խորհրդաւոր պատճառներով «գինը» հասաւ 25 միլիոն տոլարի: Այժմ շարք մը նուիրատուներ կը հարցնեն. «Ո՞ւր գնաց աւելցած 9 միլիոն տոլարը»: Գլխաւոր կապալառուն Սինան Սինանեանն էր, որ «Լոս Անճելոսի Արարատ Տան» Խորհուրդի անդամ էր եւ արք Տէրտէրեանի եւ Յովսէֆ Կանիմեանի մերձաւոր զինակիցը:
ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ԱՇԽԱՏԵԼԱՈՃԸ.
Արք. Տէրտէրեանի եւ անոր կլանակիցներու աշխատելաոճն այն էր, որ անոնք հարուստ կազմակերպութեան մը կը ներքաշեն Թեմին պատկանող դատարկ հողի վրայ այսպէս կոչուած «համատեղ ձեռնարկութենէ մը» ներս:
ՀԱՄԱՏԵՂ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ,
ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ ՏՈԼԱՐՆԵՐ ՆԵՐԴՐՈՂ
ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒ/ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻՏՈՒՄՆԱՒՈՐ ՈՏՆԱՀԱՐՈՒՄ. Տէրտէրեանը կþօգտագործէ Թեմին պատկանող թափուր հող որպէս խայծ՝ ներգրաւելու ներդրողներու: Բազմամիլիոնանոց համատեղ ծրագրի աւարտէն յետոյ (Տաղլեան Համալիրի նման), ան հնարաւոր ամեն ինչ կþընէ, որպէսզի ֆինանսաւորող կողմը (ինչպէս պարոն Տաղլեան) միլիոնաւոր տոլարներ ապահովէ, բայց յետոյ ապօրինի բռնագրաւէ բազմամիլիոնանոց նոր կառուցուածքը՝ գլխաւոր բարերարին ուսերուն թողնելով բազմամիլիոնանոց ծանր վնասը: Արք. Տէրտէրեան փորձեց կողոպտել պարոն Տաղլեանին 17 միլիոն տոլար արժողութեամբ չվճարուած բանկային վարկի պարտաւորութիւնները վերջինիս ուսերուն բեռցնել փորձելով, որոնք անձնապէս երաշխաւորուած էին բարերարի կողմէն: Նախեւառաջ, պարոն Տաղլեան երբեք չէր ցանկացած ներգրաւուիլ եկեղեցւոյ հետ որեւէ գործարքի մէջ, բայց արք. Տէր-տէրեան շարունակեց դիմել, պաղատանքով հորդորել պարոն Տաղլեանին օգնել սնանկացման եզրին գտնուող Հոլիուտի Սբ. Յովաննու Կարապետ եկեղեցիին:
«Արեւմտեան Թեմն ընդդէմ՝ Պետրոս Տաղլեան» դատական գործի վերաբերեալ (Դատական Գործի թիւը՝ 18STCV02144) պաշտօնական դատական փաստա-թուղթերը ցոյց կուտան դատաւոր Ռանդոլֆ Համոքի դատավճիռը Արեւմտեան Թեմի դէմ: Հակառակ Տէրտէրեանի «Անօրինական կալանաւորի» բողոք-միջնորդութեան, դատաւոր Համոք որոշում կայացուց յօգուտ պարոն Տաղլեանին եւ հրամայեց Արեւմտեան Թեմին եւ Սբ. Յովաննու Կարապետ Հայկական եկեղեցւոյ Ծխական Խորհրդին վճարել պարոն Տաղլեանի կողմէն կա-տարուած բոլոր օրինական եւ փաստա-բանական վճարները: Տե՛ս դատական փաստաթուղթը / դատաւորի դատավճիռը էջ 7։
Արդեօ՞ք Արեւմտեան Թեմի կլանային խումբը «Լոս Անճելոսի Արարատ Տունէն» ներս կը գործէ նոյն ձեւով, ինչպէս ցոյց տրուած է այս յօդուածի սկիզբի հատուածին մէջ:
Վերջերս «Լոս Անճելոսի Արարատ Տան» երկարատեւ անդամներէն մէկը ըսաւ «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»ին եւ USA Armenian Life-ին. «Ես պիտի փափաքէի յորդորել «Լոս Անճելոսի Արարատ Տան» անդամներուն մասնակցիլ Մարտ 29-ի, կ.ե. ժամը 3-ին կայանալիք գալիք ընդհանուր անդամակցութեան ժաղավին, կանխելու համար անդամներու քուէարկելու իրաւունքի վերահաս աղիտալի կորուստի սպառնալիքը, որպէսզի բոլորս միասին եւ համատեղ՝ կարողանանք փրկել «Լոս Անճելոսի Արարատ Տուն»ը շահադիտական խումբի մը կողմէ ոչ-արդարացի բռնագրաւումէ»:
Մէկ այլ անդամ մը բարձրաձայնեց այս տագնապին հետ առնչուող ահազանգը՝ ըսելով. «Խորհուրդը կանոնադրութեան փոփոխութեան մասին բանաձեւը առաքեց առանց ընդհանուր անդամակցութեան հնարաւորութիւն ընձեռելու ուսումնասիրելու եւ (կամ) ընդդիմութիւն արտայայտելու: Խորհուրդը պէտք է ուղղէ իր յայտնապէս միտումնաւոր կամ դիտավորեալ պարտականութիւններու զլացումը: Փետրուար ամսուայ սկզբին, անդամներուն հասցէագրուած նամակագրութեան մէջ, Խորհուրդը յստակօրէն զլացած է ներառել ընդդիմութեան մէկ կամ աւելի անդամներու կողմէն ընդդիմութեան յայտարարութիւնը (ները): Անդամներու ու համայնքու իրաւունքն է, ենթաօրէնսդրութեան «Երկրորդ փոփոխութեան» վերաբերող բանաձեւին մասին պատշաճօրէն եւ բացօրէն քննարկել»:
Մեկ այլ սրտացաւ եւ մտահոգ անդամ մը խնդրեց որ ամերիկահայ բոլոր Զանգուածային Լրատուամիջոցները ներառեն եւ տարածեն հետեւեալ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄԸ. «Եթէ «Լոս Անճելոսի Արարատ Տան» ներկայ անդամները չտապալեն կանոնադրութեան մէջ առաջարկուած աղիտալի «Երկրորդ Փոփոխութիւնը»՝ որ կը միտի ջնջել ընդհանուր անդամներու քուէարկութեան իրաւունքը, Կիրակի՝ Մարտի 29-ին, 2020 թուականի հանդիպումը կրնայ ըլլալ անդամակցութեան կողմէ վերահսկուող վերջին հանդիպումը «Լոս Անճելոսի Արարատ Տան» կազմակերպութենէն ներս»:
«Լոս Անճելոսի Արարատ Տուն»ը հիմնուած է որպէս լիովին անկախ կազմակերպութիւն առանց կողմնակալութիւն կատարելու համայնքի որեւէ հատուածի նկատմամբ:
«Լոս Անճելոսի Արարատ Տուն»ը դարձած է Հարաւային Քալիֆոռնիոյ ամերիկահայ համայնքի գոհարը, եւ շատերը կ’ուզեն այդպէս պահել:
Առհասարակ համայնքը անհանգստացած է որեւէ գործարքի պատճառով, որ կրնայ վտանգել անոր անկախութիւնը: Անոնք կþուզեն ապահովեցնել, որ «Լոս Անճելոսի Արարատ Տուն»ը մնայ անկախ: ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԿԵՆՍԱԿԱՆ։
Աշխարհը պիտի չի քանդուի անոնց կողմէ, որոնք չարութիւն կը գործեն, այլ անոնց, որոնք կը դիտեն առանց որեւէ բան մը ընելու — Ալպերթ Այնշթայն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *