Ո՞վ է Աւելի Մեղաւոր. Հանցագործութիւն ընո՞ղը, Թէ՞ Հանցագործութեան վրայ Աչք Գոցողը

Posted on May. 9. 2020

Իսկ ի՞նչ կը պատահի, եթէ հանկարծ բացայայտուի, որ հանցագործութեան դիմաց աչք գոցողը չարագործին հետ մեղսակից է:

ԳՐԵՑ՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

Միասին քննարկենք եւ վերլուծենք վերջերս ՀԱՅ ԿԵԱՆՔի խմբագրութեան հասած փաստերն ու տեղեկութիւնները:

Այս շաբաթուան նիւթը կը վերաբերի Արեւմտեան Թեմի յայտնի ստախօսներ Յովնան Տէրտէրեանին, իր  պաշտօնական բանբեր եւ ներկայացուցիչ Մանուկ քհն. Մարգարեանին, Մարգարեանի որդի Յարութ Մարգարեանին, որոնք ամերիկեան դատարանի մէջ ճանչուեցան՝ որպէս ստախօսներ: Ընթերցողներէն շատեր կը յիշեն դատաւորի խօսքը, թէ ինչպէս Մանուկ Մարգարեան «իր հետոյքը ծածկելու համար երդման տակ սուտ կը խօսէր դատարանի մէջ»: Նաեւ կը վերաբերի անմիջական աշխարհական մեղսակիցներու,  որոնք կը տողանցեն մեր առօրեայէն ներս՝ որպէս նորօրեայ ազգային գործիչներ եւ բարերարներ, եւ որոնց կարգին Սարգիս Սարգիսեան, որ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի նախագահն էր, իր որդին՝ Արա Տէր Սարգիսեան, որ իր հօրը յաջորդեց Ծխ. Խորհուրդէն ներս, Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի նախագահ եւ ներկայի «Արարատ Տարեցներու Տան» Խորհուրդի Նախագահ ժոզէֆ Կանիմեան եւ ուրիշներ:

Նոյն Յարութ Մարգարեանի նկարագրութեամբ երեքն ալ շուտոնց պէտք էր հեռացած ըլլային իրենց պաշտօններէն եւ եկեղեցիէն, իսկ Յովնանն ու Մանուկը՝ փիլոնազուրկ ըլլային: Բայց ինչպէս բազմաթիւ ընթերցողներ եւ համայնքի անդամներ կ՛ըսեն. «ըստ երեւոյթին այնքան աներես են՝ մինչեւ հիմա կը շարունակեն համառօրէն մնալ իրենց պաշտօններուն վրայ»:

Ովքե՞ր են Մանուկ Մարգարեան եւ Սարգիս Տէր Սարգիսեան: Ինչո՞վ են իրարու նման եւ ինչո՞վ են իրարմէ տարբեր:

Հիմնական տպաւորութիւնը այն է, որ երկուքն ալ ունին նոյն դրամասիրութեան, դրամապաշտութեան, ստախօսութեան, խաբեբայութեան եւ սուտ լուրեր տարածելու հակում:

Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ այս երկուքը քով քովի եկան, իրար ծանօթացան եւ կլանակից դարձան:

1990ականներուն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Վազգէն Ա Վեհափառ Հայրապետի հրահանգով, Հայաստանի մէջ քահանայական կարգը կորսնցուցած եւ Հայ Եկեղեցիէն վտարուած Մանուկ Մարգարեան հազիւ ինքզինք գտաւ Լոս Անճելոսի մէջ:

Ապերախտ մամոնապաշտը՝ Մանուկ Մարգարեան հանդիպեցաւ բարեսիրտ սամարացիին՝ լուսահոգի Տէր Վարդան աւագ քհն. Թադեւոսեանին:

Փիլոնազուրկ Մարգարեան իսկոյն թակեց աւագ քհն. Թադեւոսեանի դուռը, որ եւս մէկ առիթ տուաւ կարգազուրկ եւ պաշտօնազուրկ Մարգարեանին՝ վերջինիս առնելով իր թեւերուն տակ, որպէսզի օգնէ իր ընտանքը պահպանելու:

Հոլիուտի հայ համայնքի կողմէ շատ սիրուած մարդ էր Տէր Վարդան աւագ քահանայ Թադեւոսեան: Անոր նուիրուածութիւնը, բարեմտութիւնն ու ազնուահոգութիւնը ծանօթ էր բոլորին: Ան բոլոր նոր եկածներուն անխտիր կ՛օգնէր: Իսկական կոչումի տէր հոգեւորական մը:

Թադեւոսեան աւագ քահանան Արեւելեան Լոս Անճելոսի մէջ գործող Արեւմտեան Թեմի Սուրբ Սարգիս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ երկարամեայ հովիւ Վարդան աւագ քհն. Տիւլկէրեանի նման ազնուահոգի եկեղեցական փաղանգին մասն կը կազմէր:

Ես զիրենք անձնապէս մօտէն ճանչնալու ու իրենց նմաններու հետ բազմիցս շփուելու հոգեզմայլանքը ապրած եմ: Իրենց երեսներէն միւրոն եւ բարութիւն կը հոսէր:

Բարի սամարացին անձնուիրաբար կը փորձէր օգնել ապերախտ, մամոնապաշտ եւ նենգամիտ կերպարի մը:

Տէր Վարդան աւագ քհն. նոյնիսկ դիմեց Վազգէն Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որպէսզի վերականգնէ Մարգարեանին եկեղեցական կարգը: Վազգէն Ա երջանկայիշատակ Կաթողիկոսին մօտ Թադեւոսեան աւագ քահանայի վայելած բարի համբաւի շնորհիւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը ընդդառաջ գնաց եւ չմերժեց Վարդան աւագ քհն.ին խնդրանքը, որ վերականգնէ Մարգարեանի քահանայական կարգը:

Միայն մէկ պայման դրաւ Վազգէն Ա Վեհափառը, որ Վարդան աւագ քհն. անձնապէս երաշխաւորէ Մարգարեանի կարգապահական եւ բարոյական յետագայ ընթացքը Հայ Եկեղեցիէն ներս:

Մարգարեան քհն.ին լաւագոյնս օգտակար դառնալու համար, Տէր Վարդան աւագ քհն. կը դիմեր համայնքի տարբեր  անձնաւորութիւններու, որպէսզի Մարգարեանի բոլոր կարիքները հոգար:

Եկեղեցին հնարաւորութիւն չունենալու պատճառով՝ ան նոյնիսկ դիմեց եկեղեցւոյ անդամ եւ երկար տարիներու բարերար Պր. Պետրոս Տաղլեանին, որ Մարգարեան քհն.ին ապահովէ անոր առողջապահական ապահովագրութիւնը: Պր. Տաղլեան, առանց իսկ ճանչնալու Մարգարեանին, անոր համար առողջապահական ապահովագրութիւն ապահովեց եւ սկսաւ ամսական ծախսերը անձնապէս հոգալ երկար ժամանակ:

Բայց որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, որ Մանուկ՝ Վարդանին թիկունքէն պիտի հարուածէր:

Բարեսիրտ սամարացի՝ Տէր Վարդան աւագ քհն Թադեւոսեանը բոլորին կը դիմէր անտէր մնացած երիտասարդ Մարգարեան քհն.ին  օգնելու համար: Ցաւոք սրտի, ան չէր գիտեր, թէ յետագային Մարգարեան քհն. ինչպիսի հրեշ դուրս պիտի գար եւ ինչ դաժանութեամբ: Ըստ երեւոյթին, Մարգարեան կը հետեւի այն ասացուածքին, որ «ոչ մէկ բարի գործ անպատիժ պէտք չէ մնայ»: (“No Good deeds shall go unpunished.”)

Ճիշտ է, Մանուկը Վարդան քհն.ին զէնքով կամ դանակով չսպանեց, բայց առանց զէնքի կամ դանակի անոր հոգին սպանեց: Անոր ամբողջ էութիւնը ծանրօրէն վիրաւորեց: Ապա՝ ան աներեսաբար Վարդան քհն.ի մահուան թաղումին գնաց:

Նոյնը ըրաւ եկեղեցւոյ երկարամեայ նուիրեալ անդամ եւ բարերար Գէորգ Զէյթունեանին, Տիկնանց Միութեան նուիրեալ անդամուհիներ Եղիսաբէթ Մարոնեանին եւ ուրիշներու:

Երբ հետագային մարդիկ Մանուկին կը հարցնէին, թէ ի՞նչ պատահեցաւ Վարդան աւագ քհն.ին եւ ինչո՞ւ դադրեցաւ եկեղեցին գալէ, ան չար ժպիտը դէմքին՝ ուրախուրախ կը պատասխանէր, որ «ան մեռաւ, գնաց»:

ՓԱՌՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ. ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԾ Է

Ի հարկէ, Մանուկ երբէք միտքէն չէր անցներ, որ յետագային Վարդան քհն.ի յուշերուն մէջ, Մանուկին իսկական կերպարը մէջտեղ պիտի ելլէր: 

Մարգարեան քահանային երեցը՝ լուսահոգի աւգ. քհն. Թադեւոսեան բացայայտած էր Մարգարեանի եկեղեցիին եկամուտներէն դրամական գողութիւնները: Ըստ աւագ քհն. Թադեւոսեանի տրամադրութեան տակ եղող փաստացի տուեալներու, այդ գողութիւններուն ընդհանուր գումարը այդ թուականներուն (1997-1998), ընդամենը մէկ-երկու տարուայ մէջ հասած էր 60 հազար, որ այսօրուայ համարժեքը՝ շուրջ 400 հազար տոլար կ՛ընէ: Այդ փաստացի տուեալները քաջաբար եւ ազնուասրտօրէն աւգ. քհն. Թադեւոսեանին տրամադրուած էին  այդ ժամանակուայ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի հաշուապահ Յակոբ Ալթունեանի կողմէ:

Պր. Ալթունեան այդ ժամանակ նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանի ոստիկանութեան բաժանմունքի հանրային կապի պատասխանատուն էր: Բոլորի կողմէ յարգուած էր իր ուղղամտութեան համար:

Կարգապահ եւ արդարամիտ Պր. Ալթունեանի տուեալներով՝ գողութիւնը սանձարձակօրէն եւ անխափան կը շարունակուէր Մանուկ Մարգարեանի կողմէ:

Աւգ. քհն. Թադեւոսեան բոլոր տուեալները յանձնեց Վաչէ արք. Յովսէփեանին՝ խնդրելով, որ այս հարցին լուրջօրէն մօտենան եւ լուծում գտնեն՝ բացայայտելով եւ յանձնելով հոգաբարձութեան ուշադրութեան:

Սակայն Մանուկ Մարգարեան անպատիժ մնաց: Տէր Վարդան չէր գիտեր, թէ Ծխ. Խ.ի նախագահ Ս. Տէր Սարգիսեան գաղտնաբար կը մեղսակցէր Մանուկին հետ:

Մանուկ Մարգարեան անպատիժ մնաց իր ըրած հանցանքներուն համար, որովհետեւ Ծխ. Խ.ի նախագահ Սարգիս Տէր Սարգիսեան Մանուկին բոլոր ըրածները գաղտնի պահեց Ծխական Խորհուրդէն:

Արժանահաւատ աղբիւրներու համաձայն, այդ գաղտնիքը միայն գիտէին նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան, Սարգիս Տէր Սարգիսեան, Մանուկ Մարգարեան, Թադեւոսեան աւագ քհն. եւ Ծխական Խորհուրդի հաշուապահ Յակոբ Ալթունեան:

Ճիշտ այդ ժամանակ հոգաբարձութեան նախագահը՝ Սարգիս Տէր Սարգիսեան, փոխանակ բացայայտուած փաստերը Ծխական Խորհուրդին կամ Հոգաբարձութեան փոխանցելու, ան գաղտնի պահեց: Շատեր ապշահար մնացած էին եւ հարց կուտային, թէ՝ «Ի՞նչն էր պատճառը, որ Տէր Սարգիսեան կը ծածկէր Մանուկ Մարգարեանի եկեղեցւոյ դրամներուն գողութիւնները»:

Տէր Սարգիսեան ամեն ինչ գաղտնի կը պահէր: Զինք մօտէն ճանչցողները կ՛ըսէին՝ եթէ Տէր Սարգիսեան անձնական շահ չունենար, այդպէս գաղտնի չէր պահեր:

Զարմանալին այն էր, որ Տէր Սարգիսեան ամբողջ եկեղեցւոյ գերագոյն ղեկավարը ըլլալով եւ գլխաւորելով Սբ. Յավհաննու Կարապետի Ծխական Խորհուրդը, չէր գործածեր իր լիազօրութիւնները եկեղեցւոյ դրամները գողցող Մարգարեան քհն.ի  պաշտօնազրկման համար: Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան – սահմանադրութեան, իւրաքանչիւր հայ եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդ իրաւունք ունի որեւէ եկեղեցական հովիւի պաշտօնակոչելու եւ պատօնազրկելու: Կարգազրկման կամ փիլոնազրկման որոշումը կը պատկանի թեմական կրօնական ժողովին, իսկ պաշտօնազրկման որոշումը՝ անհատ եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին:

Մարգարեան քհն.ի պարագային, վերջինս այնքան ապաբարոյական եւ հակաքրիստոնէական վարուելակերպ ցուցաբերած է, որ զինք արժանի կը դարձնէր կրկին պատօնազրկուելու եւ կարգազրկուելու, ինչպէս ասկէ առաջ եղած էր Հայաստանի մէջ ընդամենը 5-6 տարի առաջ:

Սակայն ոչ միայն իրենց տարրական պարտականութիւնները չըրին, այլ ընդհակառակը՝ Սարգիս Տէր Սարգիսեան եւ իր կլանակիցները, օր մը եկեղեցւոյ բոլոր դռներուն կղպանքները փոխեցին՝ առանց տեղեկացնելու Տէր Վարդան աւգ. քահանային: Առաւօտ մը  ան, ըստ սովորութեան, եկեղեցի եկաւ, իր գրանսենեակը փորձեց մտնել: Բայց անակնկալի եկաւ: Երբ ան հարցուց, թէ ինչու՞ կղպանքը փոխուած է՝ վիրաւորելով Տէր Վարդանին ինքնասիրութիւնը, Մարգարեան քհն. Ըսաւ.«Այլեւս եկեղեցի գալու պէտք չունիս»:

Ըստ երեւոյթին, եկեղեցւոյ մէջ դռներու կղպանքները փոխելը Մանուկ Մարգարեանի եւ Յովնան Տէրտէրեանի մնայուն գործելաձեւն է: 2005-ին Արեւմտեան Թեմէն ներս, Յարութ Աղասարգսեանի եւ Յարութ Հալլաճեանի «Ալավճեան Քէյթընինկի» դռներու կղպանքները փոխեցին ապօրինաբար եւ դատարանի մէջ կորսնցուցին:

«Մանուկ նոյն ձեւով փորձեց վարուիլ 2018-ին, երբ ՍՅԿ ԾԽին հրահանգեց Տաղլեան Համալիրին դռներու կղպանքները փոխել, բայց չի յաջողեցաւ: Ըստ երեւոյթին, ան ինքզինք կը կարծէ իր Սովխոզ թիւ 4 գիւղի մէջ, ուրկէ կուգայ նաեւ Մանուկի համագիւղացի գերագոյն չարագործ եւ ազգին գլխին մեծագոյն չարիք դարձած Գարեգին Բ, որը յայտնի է իր ստախօսութեամբ, անբարոյականութեամբ, աւազակութեամբ եւ սրբապղծութեամբ,» ըսաւ լոսանճելոսահայ մը:

Օրինապաշտ եւ նուիրեալ քահանան պաշտօնազուրկ եղած էր փիլոնազուրկ, բարոյազուրկ քահանային նենգախաղերու՝ «ինտրիկներու» հետեւանքով:

Նոյն վերաբերմունքին ենթարկուեցաւ Ծխական Խորհուրդի երկարամեայ կամաւորաբար ծառայող եւ հաշուապահ պր. Ալթունեան, որուն անմիջապէս պաշտօնանկ ըրաւ Սարգիս Տէր Սարգիսեան, որպէսզի Ալթունեան չի կարենայ իրենց յետագայ գործարքները բացայայտել:

Եկեղեցւոյ կարգ մը անդամներու վկայութեամբ՝ Տէր Սարգիսեան մտովի եւ հետեւողականօրէն նոյնիսկ ծածկած է (coverup) Մանուկին գողութիւնները, զեղծարարութիւնները, ստախօսութիւնը, անդամներու դէմ կոշտ վարուելակերպը եւ անարդարօրէն դուրս վտարումը, որ վերջաւորութեան ինք դառնայ մէնատէրը:

Ո՞ր հայկական հաստատութենէ վտարուած էր Ս. Տէր Սարգիսեան:

Գրեթէ նոյն ժամանակներուն, «Թէքէյեան Մշակութային Միութեան Արշակ Տիգրանեան» վարժարանի հոգաբարձութիւնը, բացայայտելով վարժարանի հետ կապուած Տէր Սարգիսեանի ստուերային եւ զարտուղի գործառնութիւնները, վերջինիս առաջարկած էին հրաժարական ներկայացնել ու հեռանալ դպրոցի հոգաբարձութենէն եւ նոյնպէս դպրոց յաճախող իր որդի Արա Տէր Սարգիսեանին ալ՝ դպրոցէն դուրս հանել եւ մէկ այլ վարժարան ղրկել»:

Դպրոցի հոգաբարձութիւնը բացայայտած էր դպրոցին համար այդ կալուածներու գնումներուն մէջ Սարգիս Տէր Սարգիսեանի գաղտնի շահարկումները:

«Շատ հաւանաբար, այդ շահարկումներէն բաժին կը հանէր իր վաղեմի եւ հարազատ ընկերոջ՝ հոգաբարձութեան նախագահ Գեւորգ Ճօրճ Մանտոսեանի հետ, որու հետ Սարգիս Տէր Սարգիսեան բազմաթիւ անձնական «բիզնես կապեր ունէր»», խմբագրութեան յայտնեց ԹՄՄ-ական մը:

Ո՞վ է Գեւորգ Ճօրճ Մանտոսեան

«Գեւորգ Ճօրճ Մանտոսեան ինքնահռչակ  «ազգային գործիչ» մըն է, որ, փոխանակ գործող եւ կայուն հայ դպրոցը պահպանելու, այն փակեց եւ վաճառքի հանեց յանուն իր անձնական շահերուն: Եւ այդ ժամանակ, քանի որ Սարգիս Տէր Սարգիսեան դպրոցի շրջանակէն վտարուած էր եւ որ հաստա՛տ իրեն չէին վստահելու դպրոցին վաճառքը, դպրոցի անշարժ կալուածները վաճառելու համար, Մանտոսեան բերաւ հիմա արդեն «աշխարհահռչակ» օրինախախտ եւ Գարեգին Բ-ի եւ Յովնան Տէրտէրեանի կլանի անդամ ԱՐԱՐԱՏ Տարեցներու Հոգաբարձուներու ներկայ նախագահ Ժոզէֆ Կանիմեանի զարմիկ՝ Փանիկ Քէշիշեանին, որպէս «անշարժ կալուածի վաճառման գործակալ» այդ մէկ միլիոն տոլարի շահաբաժինը ձեւով մը իրար մէջ իւրացնելու համար». այս յօդուածագրին յայտնեց դպրոցի շրջանակի երկարամեայ անդամ մը:

Ըստ դպրոցի լաւատեղեակ նախկին հոգաբարձուի մը, Փանիկ Քէշիշեանի վաճառման գործակալ նշանակուելէն ամիսներ առաջ, այդ ժամանակուայ դպրոցի հոգաբարձութեան անդամուհիներէն՝ անշարժ կալուածի առ ու ծախի մասնագէտ Անգինէ Ղարիպեան ըսած էր, որ «Հայկական դպրոց մը պէտք չէ փակուի: Եթէ, վատագոյն պարագային, վերջնականապէս որոշուի դպրոցին փակումը, ապա ես պատրաստակամ կ՛ըլլամ առանց «քոմիշընի» շահաբաժնի վաճառքը իրականացնելու, որպէսզի մեծ գումարներ խնայէ համայնքը»:

«Բայց, քանի որ Մանտոսեանին եւ իր կլանակիցներու համար ոչ մէկ անձնական գումար պիտի չապահովէր Ղարիպեանի միջոցով կատուելիք գարծարքը, Մանտոսեան նախընտրեց Փանիկ Քէշիշեանի հետ իրականացնել վաճառքը: Քէշիշեան ու Մանտոսեան շատ մեծ ուրախութեամբ աւերեցին դպրոցը եւ վաճառեցին», ըսաւ բարձաստիճան ԹՄՄ-ական մը:

Իսկ ներկայիս, Ս. Տէր Սարգիսեանի «սխրագործութիւնները» կը շարունակէ իր տղան՝ Արա Տէր Սարգիսեան (like father like son), որ դարձած է Արեւմտեան Թեմի անշարժ կալուածներու առք ու վաճառքի գործակալը, Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի անդամը, Մանուկ Մարգայանի, Յարութ Մարգարեանի եւ Ժոզէֆ Կանիմեանի հետ «բարձր նախագահութեամբ» Յովնան Տէտէրեանին: Ահա թէ ովքեր են Արեւմտեան Թեմի ղեկավար հոգաբարձուները: Կարծես բոլորն ալ ջուրը նոյն աղբիւրէ կը խմեն: Արա Տէր Սարգիսեան նաեւ Հոլիուտի ՅԿԵ ԾԽ գանձապահն է, ինչպէս կ՛ըսեն. «գայլին ոչխարի հօտին նայելու»:

Ահա թէ ովքեր են ՍՅԵ եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի նոր անդամները. Մանուկ Մարգարեանը՝ իր երկու տղաներով, Ս. Տէր Սարգիսեանի որդին՝ որպէս գանձապահ եւ Ս. Տէր Սարգիսեանի սանիկը՝ որպէս նախագահ: Իսկ մնացած անդամները ոչինչով չեն տարբերուիր միւսներէն: Անոնք յատուկ ընտրուած են Մանուկին կողմէ՝ որպէս խամաճիկներ եւ կամաւոր մեղսակիցներ:

Ի՞նչ հակապատկեր մօտ անցեալի բարձորակ, օրինապաշտ եւ սկզբունքի տէր՝ Ծխական Խորհուրդի եւ մերօրեայ խորհուրդին միջեւ:

2003 թուականին, վեց բժիշկ կար, որոնցմէ եւ ոչ մէկը անձնական շահի պէտք չունէր, բացի եկեղեցիին եւ ազգին օգտակար ըլլալէ: Իսկ այսօրուանները՝ խոշոր մասով, եսակեդրոն, շահամոլ եւ անձնական շահի սիրոյն, հանցագործութեանց պատրաստակամ մեղսակիցներ: 

Ահա թէ ովքեր են Մանուկ Մարգարեանի եւ Ս. Տէր Սարգիսեանի զինակիցները եւ «ազգային բարերարները»:

Այդպիսի «մեծահոգի բարերարներով» շրջապատուած է նաեւ Յովնան Տէրտէրեանը, որոնց մասին մեր ընթերցողներուն գիտութեան ծարաւը յագեցնելու համար մենք յետագային պիտի անդրադառնանք:

Սարգիս Տէր Սարգիսեանին լաւ ճանչնալով, քաջատեղեակ լոսանճելոսահայեր հարց կուտան. «Ան իր ամբողջ կեանքին մէջ ոչնչարար եղած է:  Ուրտեղէ՞ն, մէկ անգամէն որպէս բարերար յայտնուեցաւ, այն ալ՝ գրեթէ 80 տարեկան հասակին»:

«Ան ուր որ կ՛անդամակցէր իբրեւ թէ «կամաւորաբար ծառայելու համար», միայն իր գրպանը լեցնելու մասին կը մտածէր եւ կը մեղսակցէր ի՛ր եւ Մարգարեան քհն.ի նմաններու հետ», վերջերս ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ին ըսաւ համայնքի անդամ մը, որ մօտէն կը ճանչնայ Տէր Սարգիսեանին եւ Մանուկին:

Շատեր հարց կուտան, թէ «Ու՞ր էր Տէր Սարգիսեանը 2003ին, երբ պր. Տաղլեան, իր տունին վրայ պարտք վերցնելով, եկեղեցւոյ քովի տարածքի երկարաժամկէտ վարձի եւ առաջին գնորդի իրաւունքով պայմանագրութիւնը գնեց եւ նուիրեց եկեղեցւոյ: Եթէ ան այդ զոհաբերութիւնը չընէր այդ ժամանակ, ի՞նչ վիճակի մէջ պիտի յայտնուէր եկեղեցին, որ կանգնած էր կործանման եզրին: 

Ս. Տէր Սարգիսեան իր վաղեմի ընկերոջ՝ Մանտոսեանին փոխարինող համարժեքը գտաւ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, յանձինս՝ Մանուկ Մարգարեանին: Եւ նոյն ձեւով շարունակեցին իրենց գործողութիւնները: Այս անգամ՝ եկեղեցւոյ յարկին տակ:

Յովնան Տէրտէրեանի եւ Մանուկ Մարգարեանի կողմէ պարտքով դրամի ստացու՞մ, թէ՞ հերթական դրամաշորթութիւն

ԸՆԴԱՄԷՆԸ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐՈՒԱՅ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ԽՈՇՈՐ ԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՅՈՎՆԱՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ ԵՒ ՄԱՆՈՒԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ԴԻՄԵՑԻՆ ԵՒ ՍՏԱՑԱՆ ՊՐ. ՏԱՂԼԵԱՆԷՆ 800 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ

ԱՌԱՋԻՆԸ՝ 300 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ 2003-ԻՆ – ՀԱՍՑԷ. 1219 N. VINE ST. հողակտորի համար:

2003ին պր. Տաղլեան 300 հազար նուիրեց՝ դրամատունէն իր տան վրայ գումար վերցնելով, որպէսզի եկեղեցւոյ կից գտնուող Վայն փողոցի վրայի հողատարածքի վարձակալութեան պայմանգիրը գնէ յօգուտ եկեղեցիին, որու վրայ այժմ կը գտնուի Տաղլեան Համալիրը:

Այդ թուականէն 20 տարի առաջ, դեռեւս 1970-ականներէն սկսեալ,  ՍՅԿԵ կը փորձէր գնել այդ հողաշերտի երկարամեայ վարձակալութիւնը, բայց ոչ մէկ անգամ ոչ մէկ գումար չէր կրցած գումարը գոյացնել: 2003-ին իրենց կը ներկայանար վերջին հնարաւորութիւնը: Ապրիլին, եթէ երկու օրուայ մէջ այդ գումարը չգոյացնէին, վերջնականապէս պիտի կերսնցնէին առիթը:

ԵՐԿՐՈՐԴԸ՝ 300 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ — –ԼA MIRADA AVE—Լա Միրատա փողոցի վրայ՝ դպրոցին պատկանող հողատարածքին համար:

2004-5ին, Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին «Տիգրանեան» դպրոցէն ցանկացաւ գնել  երեք հարիւր հազար տոլար արժող հողատարածք մը: Երբ գնման համար 300 հազար տոլարի գումարը պէտք եղաւ, Արեւմտեան Թեմը Cedars Bank դրամատուն դիմեց վարկի համար:

Սակայն ինչպէս Թեմական Խորհուրդի ժողովի ատենագրութիւնները ցոյց կուտան (Տեսնել` այս էջին մէջի նկարը), Արեւմտեան Թեմի անպատասխանատւութեան հետեւանքով, յստակ (Financial Statement) ֆինանսական հաշուկշռային տեղեկագիր չունենալուն պատճառով, Cedars Bank դրամատունը մերժած էր Արեւմտեան Թեմի դիմումը: Այդ պատճաով, ՄԱՆՈՒԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ եւ ՅՈՎՆԱՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ խնդրանքով դիմեցին պր. Տաղլեանին այդ գումարի յայթայթման համար, որպէսզի առիթը չկորսնցնեն եւ գնեն այդ հողը «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանէն:

Անոնք խոստացան, որ շատ արագօրէն դրամահաւաք կատարելով, իրենց պարտքը ետ կը վերդարձնեն պր. Տաղլեանին սակայն մինչեւ այսօր, որ արդեն 15 տարի անցած է, չեն վերադարձուցած: Նոյնիսկ չեն ալ յիշեր այդ մասին:

Այժմ այդ հողակտորը դարձած մեքենաներու կանգառի մէկ մասը:

Հետաքրքրականն այն է, թէ ինչո՞ւ Ս. Տէր Սարգիսեանին չդիմեցին: Անոնք դիտէին, թէ ով է ան, որ ոչ մէկին ոչինչով չէր օգներ:

Տաղլեան, լաւ ճանչնալով Ս, Տէր Սարգիսեանին սխրագործութիւններու մասին, պայման դրած է. « Չնեղանաք ինձանից: Եթէ Սարգիս Տէր Սարգիսեան «քոմիշըն»՝շահաբաժին ստանայ այս գործարքէն, ես ետ կը կանգնիմ»:

ԵՐՐՈՐԴԸ՝ 200 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ 2007-ԻՆ, ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՅԱՐԱԿԻՑ ԲԱԶՄԱԲՆԱԿԱՐԱՆ ՇԷՆՔԻ ՔԱՆԴՈՒՄԻ ՀԱՄԱՐ – ՀԱՍՑԷ՝ 6319-21 LEXINGTON AVE.

Դրամ չկարողանալով հաւաքել՝ Յովնան Տէրտէրեան ու Մանուկ Մարգարեան Պր. Տաղլեանի մօտ գացին եւ խնդրեցին, որ եկեղեցիին 200 հազար տոլար պարտք տայ՝ ետ վերադարձնելու պայմանով եկեղեցւոյ կից՝ Լեքսինթըն փողոցին նայող բազմաբնակարան շէնքին վարձակալներուն տեղափոխման եւ քանդման համար:

Մանուկն ալ ունէր իր անձնական նպատակը: Եկեղեցիի երկարամեայ տնտեսուհի Տիկին Մայրանուշ կ՛ապրէր եկեղեցւոյ կից եւ եկեղեցիին պատկանող՝ Լեքսինթըն փողոցին վրայ բազմաբնակարան շէնքին մէջ: Իր պատուհանը եկեղեցիին բակին եւ Մանուկին գրասենեակին կը նայէր:

Սակայն այս գումարն ալ մինչեւ օրս չեն վերադարձուցած: Ըստ երեւոյթին, երբ պարտքի դրամները վերադարձնելու կը վերաբերի, անոնք միշտ պատրաստակամ են մոռացութեան տալու: Իրենց յիշողութիւնը շատ կարճ է:

2018-ին եկան Պետրոս Տաղլեանէն կեղծ ներողութիւն խնդրեցին: Անոնց եթէ հարցնէք, թէ ինչ ինքնանուաստացուցիչ բառերով ներողութիւն խնդրեցին, դժուար թէ յիշեն: Բայց վերջիններուս ներողութիւն խնդրելու ձեւը այնքան անվայել էր եկեղեցականի մը, պր. Տաղլեան իրենց երեսին ըսած է, որ «ձեր նմանները ոչ միայն խորան բարձրանալու, այլ նոյնիսկ եկեղեցի մտնելու իրաւունք չունիք»: Իսկ եթէ կ՛ուզէք իմանալ, հարցուցէք «հոգեշնորհ» Յովնան Տէրտէրեանին, որպէսզի գէթ մէկ անգամ կեանքին մէջ ճշմարտութիւնը ձեզի թող ըսէ, թէ ինչ բնութագրումներով ներողութիւն խնդրեց, եւ դուք դատեցէք, թէ Յովնանին նմանները իրաւունք ունի՞ն եկեղեցի մտնելու:

Ինչպէս նշուեցաւ վերը, Պր. Տաղլեան կարճ ժամանակի մէջ ՅՈՎՆԱՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆին ԵՒ ՄԱՆՈՒԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆին տրամադրեց 800 հազար տոլար, որ այսօրուայ գումարով հաւասար է 3,2 միլիոն տոլարի:

Լաւ ճանչնալով Ս. Տէր Սարգիսեանի կերպարը՝ Պր. Տաղլեան եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն եւ Մանուկ Մարգարեանին խորհուրդ կուտայ Տիգրանեան Վարժարանի ղեկավարութեան օրինակին հետեւիլ եւ Ս. Տէր Սարգիսեանէն ձեռբազատուիլ:

Օր մը Մանուկ Մարգարեան Պր. Տաղլեանին հանդիպեցաւ եւ ըսաւ, թէ «ուրախ լուր ունիմ քեզի: Սարգիս Ս. Տէր Սարգիսեանը դուրս եկաւ հոգաբարձութենէն»: Բայց ան մոռցաւ նշելու, որ ՍՏՍ-ին տղան՝ Արա Տէր Սարգիսեան դարձած է գանձապահ, եւ եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի նոր նախագահն ալ եղած է Ս. Տէր Սարգիսեանի սանիկը:

Խօսելով Տէր Սարգիսեանի «յատուկ» գործարքներու մասին, հաւատացեալ մը ըսաւ. «Առաջ, ամեն անգամ, որ կիրակնօրեայ պատարագի կ՛երթար, 250 տոլարնոց «չէքը» գրպանը դրած եկեղեցի կը մտնէր եւ իբրեւ թէ նուիրատւութիւն կուտար: Բայց դիմացը 240 տոլարը ետ կը վերցնէր: Խեղճ ամերիկեան կառավարութիւնն ալ կը խորհէր, թէ «այն ինչ նուիրեալ հաւատացեալ է, որ ամեն եկեղեցի երթալուն 250 տոլար կը նուիրէ… »:

Հիմա, որ Ս. Տէր Սարգիսեանի տղան՝ Արա  Տէր Սարգիսեանը Ծխական Խորհուրդի գանձապահն է, այլեւս Սարգիս պէտք չունի ամեն շաբաթ եկեղեցի երթալու այդ «յատուկ» գործարքը իրականացնելու համար:

Ահա թէ ով է Մանուկ Մարգարեան:

Բարեբախտաբար, Հայ Եկեղեցւոյ անդամները եւ ընդհանրապէս ամբողջ հայութիւնը ե՛ւ հայրենիքէ ներս, ե՛ւ Սփիւռքի տարածքին հոգեմտաւոր եւ բարոյական քաջակորովի եւ մարտունակ զարթօնք կ՛ապրի:

Ներկայիս, աւելի քան երբեք, շատերը հաւատն ու համոզմունքը ունին, որ Գարեգին Բ-ի, Յովնան Տէրտէրեանի, Մոսկուայի Եզրասի, Մանուկ Մարգարեանի, Էջմիածնցի զօր. Մանվել Գրիգորյանի, Սերժ Սարգսեանի եւ Ռոբերտ Քոչարեանի, Վիգէն եւ Նօրա Յովսէփեաններու, Ֆլօրա Տունայանցներու, Պերճ Սեդրակեանի, Էտմոն Ազատեանի, Սինան Սինանեանի եւ Ժոզէֆ Կանիմեանի նման աշխարհական մեղսակիցներու ժամանակը հասած է իր աւարտին:

Կենսական է որ հայկական պետականութիւնը կլանային վերջին եւ թաքուն մնացորդացներէ փրկուի եւ Հայաստանը ներքին շրջափակումէ դուրս գայ, որպէսզի ժողովուրդը իր վաստակին համազօր՝ արդարօրէն հատուցուի: Հայ մարդը արժանի չէ սեփական երդիկի տակ ըլլալ տնտեսական փախստական:

Նոյնպէս Նոր Հայաստանի, Նոր Հայերը իրենց հոգեմտաւոր եւ բարոյական առողջութեան օրրաններէն՝ Հայ Եկեղեցին՝ իր հայաստանեան եւ սփիւռքեան թեմերով, փրկեն յանցագործ գարեգինապաշտ կլանի ճանկերէն: Գարեգին Բը-ի, Լոս Անճելոսի Յովնանի, Մոսկուայի Եզրասի եւ մնացածներու թալանած բոլոր գումարները ետ վերցուին եւ ժողովուրդին վերադարձուին: Աղքատութիւնը պէտք վերացուի Հայաստանի մէջ:

ՓԱՌՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ. ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԾ Է

ԵՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՒԱՏՔԸ՝ ՈՒԺԵՂ:

Այս բոլորը ժամ առաջ պէտք է եւ պիտի իրականացնենք հայկական պետականութիւնն ու, եկեղեցին փրկելով ներքին մակաբոյծներէ, որպէսզի միասնաբար յարդենք ճանապարհը՝ «Վարդահեղեղ Արշալոյսին»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *