Աշխարհի հայութիւնը պարտաւոր է ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԻԼ հարաւային դարպաս՝ Սիւնիքին, որը կապում է Հայաստանը՝ Իրանին. Աբօ Չափարեանի Հեռուստային Հաղորդումը Գորիսէն

Posted on November. 2. 2023

Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն, Սիսեցիներու Հայրենակցական եւ Մշակութային Միութեան կողմէ տրամադրուած աջակցութեան աշխատանքներու մեկնարկի մասին

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ինչպէս որ բազմաթիւ արտերկրացի հայեր եւ հայրենակիցներ տեղեակ են, թէ՝ Սիւնիքն ինչպիսի կարեւոր տարածքաշրջան է, որ կը կապէ Հայաստանի Հանրապետութիւնն Իրանի հետ, եւ այս առաքելութեան հիմնական նպատակներէն մէկն այն է, որ թիւ մէկ՝ Սիսեցիներու Հայրենակցական եւՄշակութային Միութեան Վարչութեան կողմէ տրամադրուած է ֆինանսական աջակցութիւնը փոխանցել Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներու:

Իմ առաքելութեան նպատակներէն մէկն այն է, որ ես ներկայանամ եւ Սիւնիքի՝ յատկապէս Գորիսի մէջ հաստատուած Արցախցի ընտանիքներու հետ, շփում հաստատուի եւ իրենց իրավիճակներու հետ ծանօթանալէ ետք, ըստ այնմ՝ ֆինանսական աջակցութիւնը ներկայացուի:

Իսկ Երկրորդ առաքելութիւնը եւ կարեւորագոյնը այն է որ ես իմ լրագարական պարտականութիւնս իրականացնեմ ծանօթանալ եւ բարձրաձայնել Սիւնիքի կենսական կարեւորութիւնը Հայաստանի համար:

Ուրեմն իմ անմիջական գործակիցներն են՝ փայլուն երիտասարդներ Սերոժ Մաշուրեանը, որ գորիսեցի է, որ քիչ ետքը պիտի ծանօթանաք, եւ Նոննա Միրզոյեանը: Նոննա Միրզոյեանն աշխատակից է միեւնոյն ժամանակ՝ որպէս լրագրող եւ նաեւ որպէս կամաւոր գործող՝ յատկապէս այս դժուար օրերուն, երբ արցախցի մեր հայրենակիցները, հակառակ իրենց կամքին՝ արմատախիլ եղան պապենական հազարամեակներու արմատ ունեցող մեր հայրենիքէն, որ պատկերացուցէք, որ նոյնիսկ Ճենկիզ խանը չէր կարցած արցախցիներուն արմատախիլ դարձնել:

Այս վերջին իրադարձութիւնները բաւականին խրթին զարգացումններ էին, եւ մենք գիտենք, որ ինչպիսի ներքին դաւաճանութեամբ եւ արտաքին դաւադրութեամբ՝ եղաւ այն, ինչ-որ եղաւ: Սակայն մենք պէտք չէ ձեռնածալ մնանք: Մենք մեր յոյսը պէտք չէ կորսեցնենք, մեր ժողովրդի պայքարը կը շարունակուի, եւ արցախցի մեր հայրենակիցները, որոնք ժամանակաւոր հաստատուած են Սիւնիքի մէջ կամ այլուր, պէտք է ամէն կերպ քաջալերենք եւ աջակցինք, որպէսզի իրենց առօրեան բնականոն դարձնենք. անշուշտ հնարաւոր չէ այնքան բնականոն դարձնել, ինչքան որ էր Արցախի մէջ, երբ իրենք խաղաղ օրերուն իրենց կեանքն առաջ կը տանէին:

Սակայն վերջին տասը-տասնմէկ ամիսներուն արդէն ողջ աշխարհն իմացաւ, թէ ինչպիսի ցեղասպանամիտ շրջափակման մէջ դրուեցաւ Արցախը՝ Ատպէյճանի կողմէն, եւ տասնմէկ ամսուայ շրջափակումը եզրափակուեցաւ ցեղասպանական եւս մէկ ակտով, որուն արդէն ծանօթ ենք: Քիչ ետքն իմ գործակիցները՝ Նոննան եւ Սերոժը պիտի իրազեկեն ձեզի այդ մասին:

Ուրեմն այս յայտագրի մէջ նաեւ դուք պիտի տեսնէք, թէ ինչպիսի ճանապարհորդութիւն կարողացանք իրականացնել ես ու Սերոժն ու Յուրան մինչեւ Մեղրի, մինչեւ Ագարակ՝ Իրանի եւ Հայաստանի սահմանը, եւ այդ մասին ալ արդէն տեսանիւթերը կը տեսնէք եւ կը ծանօթանաք:

ԶՐՈՅՑ ՍԵՐՈԺ ՄԱՇՈՒՐԵԱՆԻ ՀԵՏ ՍԵՐՈԺ ՄԱՇՈՒՐԵԱՆ

– Ուրեմն պարո՛ն Չափարեան, ես ուզում եմ ներկայացնել մեր այս երկու օրուայ աշխատանքը Սիւնիքի մարզում, Գորիս քաղաքում կատարուած՝ ձեր ներկայութեամբ, քանի որ աշխատանքի գլխաւոր կազմակերպիչը Դուք էք եւ Դուք Ձեր ներկայութեամբ գտնւում էք Գորիսում, ուզում եմ, առիթից օգտւելով, ներկայացնել, որ մենք երկու օրում կարողացանք մոտաւոր քսանհինգ ընտանիքի այցելել, ծանօթանալ նրանց պրոբլեմների հետ եւ մեր չափով կարողացանք անհատական պրոբլեմներին լուծում տանք, եւ ուզում եմ տեղեկացնել, որպէսզի դեռ պրոբլեմները վերջացած չեն, դեռ հազարաւոր ընտանիքներ ունեն Ձեր օգնութեան կարիքը, բոլորիս օգնութեան կարիքը, եւ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզ եւ Սիսեցիներու Հայրենակցական եւ Մշակութային Միութեանը՝ իրենց ներդրումը ունենալու էս մեր կատարած աշխատանքի մէջ: Եւ յոյսով լինէք, որ մեր էս կատարած աշխատանքները լինեն շարունակական, քանի որ արցախցիները, իրոք, ունեն բոլորիս կարիքը:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Այո: Շատ ճիշտ ըսիք, որովհետեւ սա իմ աշխատանքը չէ, սա ամբողջ խմբային աշխատանք է, ինպէս որ հայրերէն կ՛ըսեն՝ «մէկ ծաղիկով գարուն չի գար», ուրեմն այս աշխատանքը խմբային աշխատանք է, եւ ես պիտի իմ շնոհակալութեան խօսքը յայտնեմ նախ եւ առաջ ձեզ, եւ նաեւ Սիսեցիներու Հայրենակցական եւ Մշակութային Միութեանն Վարչական անդամներուն, եւ ընդհանրապէս, բոլոր անդամներուն, որոնք իրենց աջակցութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին:

Եւ այս աշխատանքները կը շարունակուին շնորհիւ ձեր աջակցութեան, որովհետեւ կենսական եւ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունին, որ արցախցի այն հայրենակիցները, որ կը փափագին Սիւնիքին մէջ հաստատուիլ, մենք մեր լաւագոյնին լաւագոյնն ընենք, որ իրենց էնտեգրացումը, ըսենք՝ իրենց կեանքի բնականոնացումն ինչքան արագ, որ հնարաւոր է, իրականացնենք: Եւ նաեւ ես այստեղ նշեմ այն կարեւոր հանգամանքը, որ բաւականին սրտցաւ հայրենակիցներ կան Լոս Անճելոսին մէջ, եւ որոնց կարգին Գագիկ Թամրազեանը, ՍամվելԿրպոյեանը, բազմաթիւ-բազմաթիւ ընկերներ, ընկերուհիներ՝ Տօքթ. Սարգիս Մեսրոպեանը, Ոսկան Մխիթարեանը, Մարտիրոս Պուլտուքեանը իհարկէ այս անունները կարող են ձեզի ծանօթ չըլլայ, բայց այս մարդիկը խիստ սրտացաւ են հայրենիքի, ուժեղացման նպատակի հետ կապուած, եւ նաեւ այստեղ է, որ պէտք է նշենք՝ մեր ամենակարեւոր պարտականութիւնն է, որ ինչպէս որ ես այս հեռուստահաղորդումին մէջ նշած եմ, ամբողջ հայազգին խնդիրն է Սիւնիքի ազգաբնակչութեան զարգացումը, եւ ոչ միայն ազգաբնակչութեան, այլ տնտեսութեան, եւ ամողջական մասշտաբով, Սիւնիքի զարգացումը շատ կարեւոր է: Որովհետեւ Սիւնիքը հարաւային դարպասն է Հայաստանին եւ Հայաստանը կը կապէ Իրանին, եւ Իրանի ճանապարհով՝ ամբողջ Մեծն Միջին Արեւելքին:

ՍԵՐՈԺ ՄԱՇՈՒՐԵԱՆ – Եւ մի աւելացում ունեմ անելու. որպէս Գորիսի երիտասարդ մասնակցութիւն եմ ունեցել Սեպտեմբերի տասնիննից յետոյ Արցախում ստեղծուած իրավիճակին, քանի որ դրանից յաջորդ հարուածը, կարելի է սենց ասած, ստացել է Գորիսը, քանի որ մեր հայրենակիցներն էնտեղից Առաջին իրենց տեղափոխւելու վայրը եղել է Գորիսը, հիմա կարող եմ ասել, որ չսպասէք մեր ամբողջ ազգը, որ պրոբլեմներն աւելի խորանան, որ նոր յետոյ մտածէք, թէ ոնց լուծէք պրոբլեմները: Հիմա էդ ժողովուրդը համեստօրէն լռում են, բայց որ անձնապէս բոլորին մօտիկանում ենք, տեսնում ենք՝ բոլորն էլ ունեն խնդիրներ՝ սոցիալական, թէ աշխատանքի հետ կապուած, եւ իրանց մէջ կան հրաշալի մասնագէտներ, որոնք իրանց ունակութիւններով կարող են պիտանի լինել մեր հայրենիքին եւ մեր Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան զարգացման գործում:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ես այստեղ պէտք է նշեմ շատ կարեւոր հանգամանքի մը մասին, որ կը վերաբերի աննման հայուհի եւ աննման հայի՝ յանձինս Մարինա Իսունցին եւ դոկտոր Արթուր Սարեանին. ես իրենց շնորհիւ է, որ Սիւնիքին հետ կարողացայ կապ հաստատել: Եղաւ, կը շարունակենք: ՍԵՐՈԺ ՄԱՇՈՒՐԵԱՆ – Շնորհակալութիւն շատ, երկու օրը ճիշտ ա՝ կարճ ժամանակ էր, բայց հասցրեցիք, երեւի թէ մեծ գործ կատարել: ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ես եմ շնորհակալ: Միասին…

ԶՐՈՅՑ ՆՈՆՆԱ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ՀԵՏ

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Շնորհակալութիւն, որ Դուք այս աշխատանքներուն ձեր անգին մասնակցութիւնը բերիք: Նոննա՛, ի՞նչ կարելի է ըսել այս երկու օրուան մասին, եւ ընդհանրապէս առաջին օրուայ հետ կապուած, երբ հայաթափումն իրականացաւ, Արցախէն տեղահանուեցան մեր հարիւրաւոր, հազարաւոր հայրենակիցները: ՆՈՆՆԱ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ – Նախ շնորհակալութիւն, պարո՛ն Չափարեան, ընձեռնուած հնարաւորութեան համար: Նշեմ, որ այս ընթացքի մէջ՝ տեղահանումից յետոյ, Գորիս եկան բազմաթիւ արցախցիներ, ովքեր վերաբնակեցւեցին նաեւ մեր տարածաշրջանի մէջ, ինչն իմ կողմից եւ նաեւ մեր ընդհանուր թիմի կողմից բաւականին գովելի է, եւ ասեմ, որ այս շրջանի մէջ մենք բազմաթիւ կամաւորական աշխատանքների ենք միացել, ողջ Գորիսը, ողջ հայութիւնը մի բուռ, մի միասնական համախումբ դարձած, մասնակից է եղել այդ գործընթացներին:

Դա հաւաստեց նաեւ այս օրերին արցախցիների հետ մեր շփումը, եւ նրանք բազմաթիւ գովեստի խօսքեր ասեցին գորիսեցիների, սիւնեցիների՝ տեղական իշխանութիւնների, ինչպէս նաեւ բոլոր այն կազմակերպութիւնների, սփիւռքահայերի մասին, ովքեր աջակիցը եղան այս գործընթացներին: Յատուկ շնորհակալութիւն եմ ուզում յայտնել Սիսեցիներու Հայրենակցական եւ Մշակութային Միութեանն իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար, եւ Դուք ինքներդ նաեւ, մենք մեր կազմակերպութեան կողմից ներկայ եղանք եւ տեսանք, թէ ինչպիսի կարիքներ ունեն այդ մարդիկ, որոնց փոքր-ինչ փորձեցինք աջակցել, բայց դրանք շարունակական կը լինեն, որովհետեւ նրանք նախատեսում են մնալ Գորիսի մէջ, Սիւնիքի մէջ եւ մեզ հետ՝ բոլորիս հետ, զօրացնել մեր տարածաշրջանը:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Շատ շնորհակալ ենք:

ՆՈՆՆԱ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ – Ես եւս շնորհակալ եմ Ձեզ:

Տեղի մէջ ծանօթութիւն Սիւնիքի հարաւային հատուածների մէջ՝ Մեղրիի մէջ, Ագարակի մէջ տիրող իրավիճակներին, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստան-Իրան սահմանին:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Հիմա կը գտնուինք Մեղրիի ճանապարհին: Այս բեռնատար կառքը կուգայ Պարսկաստանէն, եւ այսպիսի բեռնատար կառքեր շատ կան, մինչեւ հիմա, եւ ըստ երեւոյթին՝ այս այլընտրանքային ճանապարհը, որ վերջին 44-օրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետքը կառուցուած է, ինչպէս տեսանք, շատ լաւ որակ ունեցող ճանապարհ է, եւ թեկուզ մի քիչ աւելի երկար ժամանակ պահանջող, բայց այս ճանապարհը կը կապէ Պարսկաստանի հետ, եւ Սիւնիքի մարզը, որ հարաւային Հայաստանի տարածքաշրջանն է, որ կը կապէ Հայաստանը դէպի արտաքին աշխարհ. Իրանի ճանապարհով մինչեւ Պարսից ծով մինչեւ Մեծն Միջին Արեւելեք՝ հարաւի ճամփով: Ուրեմն ես պէտք է ըսեմ, որ իմ տպաւորութիւնը սիւնեցի մեր հայրենակիցների մասին գերազանց է:

Իմ հետ կը գտնուի Սերոժ Մաշուրեանը, որ փայլուն երիտասարդներէն է: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Սերոժին, որ նկարահանումը ինքը կ՛իրականացնէ: Մի քիչ ետքը իրեն կը նկարահանեմ, կը տեսնէք, կը ծանօթանաք… Ուրեմն պէտք է ըսել, որ սիւնեցիք պինդ ժողովուրդ են, որ ամենէն կարեւորը՝ կարգապահ: Եթէ մենք կը պայքարինք աշխարհով մէկ ինքնիշխան Հայաստանի համար, ապա ուրեմն մենք պէտք է ամէն գնով կարգապահութիւնը պահպանենք, հայրենասիրութիւնը պահպանենք, մէկս միւսի հանդեպ մարդասիրութիւնը պահպանենք, համերաշխութիւնը եւ, ամենեկարեւորը, պետականասիրութիւնը: Ուրեմն ինչպէս որ կը տեսնէք, սիրելինե՛ր, այդ ճանապարհն է, որ մի քիչ առաջ կը տեսնէիք, որովհետեւ մի քիչ առաջ, կարծեմ, Սերո՛ժ, նկարահանեցիր, բեռնատար կառքեր եւ ինքնաշարժեր, անշուշտ բեռնատար կառքերու մեծամասնութիւնը Պրասկաստանէն կուգան:

– Սերո՛ժ, շնորհակալութիւն, հիմա արդէն Մեղրիի կէս ճանապարհի՞ն ենք:

ՍԵՐՈԺ ՄԱՇՈՒՐԵԱՆ – Բարեւ ձեզ, միշտ պատրաստ եմ, այո՛, մենք Մեղրիի կէս ճանապարհին ենք, մի քիչ յետոյ կը հասնենք հայ-պարսկական սահման:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ -Սերո՛ժ, այս ուղղութիւնն ի՞նչ ուղղութիւն է:

ՍԵՐՈԺ ՄԱՇՈՒՐԵԱՆ – Այս ուղղութիւնը Հայաստանի միւս սահմանը տանող ուղղութիւնն է, այսինքն դէպի հիւսիս տանող ուղղութիւնն է՝ դէպի Գորիս, դէպի Երեւան, դէպի Վրաստան, ու աշխարհի հետ կապող ճանապարհը էս ա:

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Ի՜նչ չքնաղ գեղեցկութիւն: Տեսէ՛ք, սիրելինե՛ր, այսօր Հոկտեմբերի 18-ն է, եւ մի քիչ մշուշոտ է, բայց կան տեղեր, որ արեւոտ է, …

-Այս ընդհանուր տարածքը, ինչպէս որ կը տեսնէք տարածքաշրջանը, սա լեռնաշղթան է, որ կը բաժնէ Սիւնիքը Նախիջեւանէն: Ուրեմն այդ կողմը Նախիջեւանն է, եւ այս ուղղութեամբ հարաւն է՝ դէպի Մեղրի եւ Ագարակ: Մօտ մէկ ժամ ճանապարհորդութենէ ետք…

Ներկայիս կը գտնուինք Մեղրիի համայնքի մուտքին. ցուցատախտակի վրայ, ինչպէս որ կը տեսանք, երկու հազար հինգ հարիւր երեսուն վեց մետր ծովի մակերեսէն բարձր, երեւի՝ ամենաբարձր կէտն է Սիւնիքէն դէպի Մեղրիի ճանապարհին:

Իմ թիկունքին կը տեսնէք այն լեռները, այն սարերը, որ մեր քաջարի զինւորները՝ գեներալ Նժդեհի առաջնորդութեամբ պաշտպանեցին Զանգեզուրը 1920-ին, երբ Հայաստանի Դեմոկրատական Առաջին Անկախ Հանրապետութիւնը բռնազաւթուած էր արդէն երեւանեան տարածքաշրջանին մէջ, եւ Զօրավար Նժդեհը՝ իր հազարաւոր հայ զինւորներով, անցաւ Զանգեզուր՝ պաշտպանելու համար Զանգեզուրը, որ նաեւ կը կոչուի Սիւնիք, եւ շնորհիւ հայ քաջարի զինւորներու պայքարունակ ոգիին՝ Սիւնիքը մնաց հետագայ Սովետական Սոցիալիսատական Հայաստանի Հանրապետութեան կազմին մէջ: Եւ մենք կը պարտինք Սիւնիքի առկայութիւնը որպէս անձեռնմխելի հողատարածք, ինքնիշխան հողատարածք, ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան կազմէն ներս, մեր քաջարի հայ զինւորներուն շնորհիւ, որոնք այս սարերու մէջ պաշտպանեցին հայկական ինքնիշխանութիւնը: Եւս մէկ ժամ ճանապարհորդութենէ ետք…

-Իմ ետեւը կը տեսնէք դարպասը. IMG_8241 Սա Հայաստանի սահմանագիծն է Իրանի Հանրապետութեան հետ: Այս սահմանագիծը Հայաստանը կը կապէ Սիւնիքի ճանապարհով Հիւսիսային Պարսկաստանի հետ, եւ խիստ կենսական է, որ ամբողջ աշխարհի հայութիւնն իր ուշադրութիւնը դարձնէ այս սահմանագծի վրայ: Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնն այս սահմանագիծը կորսցնէ, ուրեմն ամբողջ Հայաստանը տանուլ կուտանք: Մենք չենք կարող ձեռնածալ մնալ եւ ոչ ոքին չթողնել, որ այսպիսի ոտնձգութիւն իրականացնեն, եւ եթէ մենք պայքարինք, այն ժամանակ է, որ բարոյական իրաւունքը կ՛ունենանք հաւաքաբար ըսելու, որ «Ալիեւն իր գլուխը պատին է տւել», ուրեմն մենք չենք կարող կորցնել այս սահմանագիծը. պէտք է այս ահմանագիծը մնայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքոյ, ի գին ամէն զոհողութիւններու: Մենք չենք կարող թողնել, որ այս սահմանն անջատուի Հայաստանէն: Ուրիշ բան, եթէ պարոն Ալիեւը խելքի գայ եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքոյ՝ ընդունի, որ Մեղրիի ճանապարհով Հայաստանի թոյլտւութեամբ եւ Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան ԱԱԾ-ի վերահսկողութեան ներքոյ երթեւեկութիւնն իրականացուի, անշուշտ, միշտ՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքոյ: Ուրեմն ամբողջ աշխարհի հայութիւնը պարտականութիւն ունի տէր կանգնելու Սիւնիքին, տէր կանգնելու այս ազատ երթեւեկութեանը՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքոյ:

44-օրեայ պատերազմի հիմնական դրդապատճառն այն էր, որ Թուրքիան եւ Ատպէյճանը կ՛ուզէին տիրանալ ամէն ինչին, Մեղրիին այս ճանապարհին տիրանային, եւ, փաստօրէն իմ ձախ կողմը, ձեր աջ կողմը Հայաստանն է, եւ ձեր ձախ կողմն Իրանն է: Ուրեմն սա Արաքս գետն է: Մի քիչ առաջ տեսաք մաքսատունը, որ Հայաստանի կողմը հայկական մաքսատունն է, Իրանի կողմը իրանական մաքսատունն է:

44-օրեայ այդ հակահայ յարձակումին, որ Արցախի մէջ կայացաւ Ատպէյճանի-թուրքիոյ եւ իսլամական պետութեան տեռորիստներու կողմէն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, կը միտէր հայաթափել Սիւնիքը եւ ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Սակայն մեր քաջարի հերոս հայերու եւ հայուհիներու պայքարի շնորհիւ եւ բազմահազար քաջարի երիտասարդներու, եւ ոչ միայն երիտասարդներու, այլ բոլոր առիւծասիրտ եւ արծուահոգի հայերու պայքարունակ կամքի շնորհիւ՝ մենք՝ մեր ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարողացաւ պահպանել Սիւնիքը եւ յատկապէս՝ Մեղրին:

Ուրեմն հակառակ, որ Սեպտեմբերի 19-ին թատերականացուած Արցախի կորուստին մենք ականատեսը եղանք, մեր հաւատքը չենք կորսնցներ: 44-օրեան դարձաւ, դժբախտաբար, արցախեան հայրենիքի մեր ազգային նկրտումներու սառնարանը: Մենք պէտք չէ թողենք, որ 44-օրեան եւ Սեպտեմբերի 19-ը դառնան Արցախի գերեզմանը, ո՛չ: Սակայն պէտք է այնպէս մը լաւ աշխատինք, որ «ղարաբաղեան» մաֆիային համար եւ բոլոր այն սովետականացուած, կոռուպացուած այդ սրիկաները, ինչպէս Սուրէն Սարգսեանը կ’ըսէ, «շան որդիներ», նրանց գերեզմանը պէտք է դարձնենք: Դաւաճաններն այլեւս տեղ չունին Հայ Ազգէն ներս եւ Հայ Ազգի Գանձ՝ Հայաստանէն ներս: (Տեսաերիզի մէջ Արաքս գետը մատնացոյց ընելով…) Դաւաճաններուն տեղը հոսող գետի մէջն է:

Պայքարը կը շարունակուի:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *