Ինչպէ՞ս Կը Դիմակալենք մեր Տառապանքը

Posted on November. 24. 2023

Գրեց՝ –Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Տառապանքը մարդկային կեանքի անբաժան ընկերն է: Ինչո՞ւ կը տառապինք: Այս դասական հարցումը անժամանակ դարերէ ի վեր մարդոց միտքը զբաղցուցած է, որուն որպէս պատասխան կարգ մը հաստատումներ եւ տեսակէտներ առաջադրուած են կարգ մը իմաստուն մարդոց կողմէ: Ոմանք կը պնդեն թէ տառապանքը արդիւնք է մարդոց կողմէ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, գործուած մեղքերուն, զանցառութիւններուն, անուշադրութիւններուն եւ յանցանքներուն: Այս տեսութիւնը ոչ բոլորովին, բայց մասամբ շիտակ է: Որոշապէս, կան ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան տառապանքներ որոնք մեղքի արդիւնք են: Սակայն անհրաժեշտ է դիտել տալ, թէ ամէն տառապանք անպայմանօրէն մեղքի մը հետեւանքը չէ:
Տառապանք կայ, որ արդիւնք է բիրտ, անգութ, վայրենա-բարոյ մարդոց գործած չարիքներուն, անարդարութեան եւ անխղճութեանց:

Տառապանք ալ կայ, որուն պատճառը անհասկնալի է մարդ արարածին, ինչպէս անակնկալ հիւանդութիւններ, բնութենէ եկած աղէտներ, վաղահաս եւ անակնկալ մահեր:

Բայց յաճախ հարց կը ծագի մարդոց մտքերուն մէջ, թէ ինչո՞ւ արդար մարդը տառապելու է… եւ երբեմն մեղաւորէն ալ աւելի:  Այս պարագան ալ կարգ մը բարոյագէտներ կõաշխատին բացատրել հետեւեալ ձեւով: Արդար մարդոց տառապանքը կը ծնի այն իրողութենէն, որ անոնց կեանքի բարոյական եւ հոգեւոր սկզբունքները տրամագծօրէն հակոտնեայ են աշխարհիկ սկզբունք-ներուն եւ կենցաղին: Այդ պատճառով անոնք երբեմն կõանարգուին, կը հալածուին եւ կը տառապին: Մեղաւոր մարդիկ, որոնք ´լայն ճամբունª մէջ են չեն սիրեր ´նեղ ճամբաªյէն քալողները եւ զանոնք թիրախ կը դարձնեն իրենց հալածանքին: Այս պատճառով է որ ամէն դարու մէջ ապրող մարգարէները, առաքեալներն ու բարեկարգիչները տառապանքի ենթարկուած են:  Վստահաբար, անոնք արժանի չէին իրենց տրուած չարչարանքներուն, այսուհանդերձ տառապանքը դարձած է իրենց կեանքի բաժինը: Մտածա՞ծ էք երբեք, թէ այս աշխարհի մէջ եթէ մէկը կար, որ պէտք չէր հալածուէր, չարչարուէր եւ տառապէր՝ անիկա արդարութեան, սիրոյ եւ սրբութեան մարմնացում եղող Յիսուս Ինքն էր, սակայն Ան Եսայի մարգարէին խօսքով, ´Վիշտերու տէր եւ ցաւերու տեղեակ եղաւª (Եսայի 53.3):

Այո՜, երբ տառապանքի մասին կը խորհրդածենք, շատ
´ինչո՞ւªներ կը ծագին մեր մտքերուն մէջ, որոնց լիակատար պատասխաններ չունինք: Օր մը երբ Աստուծոյ քով երթանք, մեր հարցումներուն պատասխանը պիտի ստանանք:

Դարձեալ, տառապանքի մասին խորհած ատեն, կարգ մը մարդիկ իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն տառապանքի ´ինչո՞ւªին վրայ, որուն տրամաբանական պատասխան մը չգտնելով՝ իրենց մտքերը աւելի կը շփոթին եւ իրենց կեանքը աւելի կը դառնանայ:

Կան ուրիշներ, որոնք տառապանքէն ազատագրուելու համար իրենց կեանքը անտարբերութեամբ ապրիլը ազդու դարման կը նկատեն: Եւ դեռ կան ուրիշներ, որոնք կը դիմակալեն տառապանքը տարբեր աշխարհահայացքով: Ոմանց համար տառապանքը օրհնութիւն կրնայ ըլլալ, ուրիշներու համար անէծք: Օրինակի համար.-

1. Տառապանքը կարգ մը մարդիկ Աստուծոյ կը մօտեցնէ, իսկ ուրիշներ Աստուծմէ կը հեռացնէ:  Այս երկու տարբեր աշխարհահայացքներու պերճախօս օրի-նակը կը տեսնենք Գողգոթայի բլուրին վրայ Յիսուսի հետ խաչուող երկու աւազակներու դիրքաւորումին մէջ:
Աւազակներէն մէկը կը հաւատայ, իսկ միւսը կը հայհոյէ: Մէկը կը զղջայ, իսկ միւսը կը խստանայ. մէկը կը փրկուի, իսկ միւսը կը կորսուի: Տառապանքը կրակի պէս է, կրնայ ոսկին հալեցնել եւ այդ ոսկիէն փառաւոր զարդեր շինել, կրնայ նաեւ կակուղ կաւը կարծրացնել:

  2. Տառապանքը կրնայ դաստիարակել կամ վատ-թարացնել: Վիշտն ու ցաւը կրնան յղկել, դաստիարակել եւ ազնուացնել կարգ մը մարդիկ: Հակադարձաբար, ցաւն ու տառապանքը կրնան դառնացնել եւ վատթարացնել ուրիշ մարդոց կեանքը: Տառապանքը արեւի պէս է. ան կարող է աճեցնել շատ բոյսեր, կրնայ նաեւ խամրել ու չորցնել ուրիշ բոյսեր:

3. Տառապանքը կրնայ կարգ մը մարդոց մէջ ստեղծել սիրոյ եւ կարեկցութեան ոգի, ուրիշներու մէջ՝ ոխի եւ ատելութեան ոգի: Կարգ մը տառապող մարդիկ աւելի զգայուն կը դառնան ուրիշներու տառապանքին՝ սէր, գութ եւ կարեկցութիւն ցոյց տալով. կան ուրիշ տառապող մարդիկ, որոնք կը բթացնեն իրենց զգացումները՝ ´սատիզմªի ոգիով գոհունակութիւն կը զգան իրենց նմաններուն տառապանքովը:

Քրիստոնէական դարերու փորձառութիւնը կը յայտնաբերէ այն ճշմարտութիւնը, թէ անոնք որոնք իրենց տառապանքին մէջ զԱստուած գտած են, եւ զգացած են Քրիստոսի սիրոյն զօրութիւնը՝ անոնք են, որ աւելի զօրա-ցած են հնոցի մէջ ջրդեղուած երկաթի պէս ու դարձած են պողպատ: Այս տեսակները կը նմանին այն հաստաբուն ծառերուն, որոնք թէեւ կը հարուածուին կեանքի հովերէն ու փոթորիկներէն, բայց իրենց հաւատքի արմատները աւելի կը զօրանան եւ կõամրանան:

Տառապած այս ընտիր մարդիկը, հաւատքով իրենց կեանքի արցունքներէն ծիածաններ կը շինեն, իրենց կեանքի փուշերէն՝ փառաց պսակներ. ոստրէներու պէս իրենց կողը խրուող աւազահատիկներէն մարգարիտներ կõարտադրեն:


Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *