Սեփական ապօրինութիւններու վրայ լոյս սփռելու փոխարէն` կոռումպացուած ՌԱԿ-ԹՄՄ գործակալ/խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան կը դիմէ ցեխարձակման ընդդէմ Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգման շարժման

Posted on January. 25. 2024

Գրեց՝ ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Գործադիր Հրատարակիչ և Գլխավոր Խմբագիր «ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ» – ի և USA «ARMENIAN LIFE» – ի

USA Armenian Life Magazine (English-language print edition)
Hye Kiank Armenian Weekly (Armenian-language print edition)
USA Armenian Life E-Newsletter (Electronic Distribution — e-blast)
USA Armenian Life FACEBOOK | www.armenianlife.com
TV Host, USA Armenian Life TV on AMGA

20 Յունուար 2024-ին, Երեւան հաստատուած հետազօտող լրագրող Գէորգ Եազըճեան, գռչանունը՝ Գէորգ Նաթալի, կատարեց աչքառու ֆոյսբուկեան գրառում մը հասցէագրուած՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարութեան եւ անոր կողմէ հովանաւորուած «Պայքար» եւ «Ազգ» թերթերու խմբագր՝ Յակոբ Աւետիքեանին:
Եազըճեան գրեց. «յակոբ աւետիքեան կոչեցեալ … յեղյեղուկ արարածը, Մայր Աթոռի վերջին 24 տարիներու անարժան գահակալի պաշտպանութեան իր մոլուցքին մէջ անցած է բարոյականութեան ամէն սահման՝ փաստերը գլխիվար շրջելով: «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» շարժումը վարկաբեկելու ախտավարակ կիրքով խզբզած իր ցաբռտուքներուն շարքին ան կը գրէ այդ անարժան գահակալին դէմ ՛՛Մայր Աթոռի շրջափակին մէջ աղանդաւորներու եւ կարգալոյծ նախկին եկեղեցականներու կողմէ հրահրուած տգեղ ու վարկաբեկիչ ցոյցերու՛՛ մասին»:
Եազըճեան աւելցուց. «Ոեւէ լրագրող պարտաւոր է հիմնուիլ փաստերու վրայ, այլապէս իր կատարածը կը կոչուի ԼՐԱԳՐԱԿԱՆ ԱՆԲԱՐՈՅՈՒԹԻՒՆ: Իսկ յակոբ աւետիքեան ողորմելին իր այս մէկ նախադասութեան մէջ տեղ տուած է առնուազն մէկական ԶՐՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ եւ ՍՈՒՏԻ».
Ի զարմանս բազմաթիւ սրտցաւ հայորդիներու եւ ուղղամիտ ու նուիրեալ ՌԱԿ-ԹՄՄ զօրակիցներու, Սեփական ապօրինութիւններու վրայ լոյս սփռելու փոխարէն՝ կոռումպացուած ՌԱԿ-ԹՄՄ գործակալ/խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան կը դիմէ ցեխաարձակման ընդդէմ Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգման շարժման:
Մինչեւ այսօր, ՌԱԿ-ԹՄՄի ղեկավարներու եւ իրենց մամլոյ խմբագիրներու կողմէ անպատասխան կը մնան Հայ ազատ մամլուլի ներկայացուցած երկու հրատապ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՀԱՐՑԱՊՆԴՈՒՄները:
Առաջինը՝ Շաբաթ, 2 Դեկտեմբերին ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՀԱՐՑԱՊՆԴՈՒՄ մը ուղարկուեցաւ ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի կողմէ որ հասցէագրուած էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) եւ անոր մշակութային թեւ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) ղեկավարութեան եւ ՌԱԿ- ԹՄՄ-ին պատկանող բոլոր լրատուամիջոցներու խմբագիրներուն: Ի հակապատկեր ՌԱԿ-ԹՄՄ-ի ղեկավարութեան խլացուցիչ լռութեան՝ բազմաթիւ սրտցաւ հայրենակիցներ արձագանքեցին: Արձագանքնողներու շարքին էին նաեւ քաջատեղեակ անձնաւորութիւններ ինչպիսին է 2023-ի Դեկտեմբերի նամակի մը հեղինակ՝ Սարգիս Թօմպուլեանը:
Երկարամեայ ՌԱԿ-ԹՄՄ-ի անդամ պարոն Թօմպուլեան կը կատարէ նոր բացայատումներ. «Իմ ունեցած տեղեկութիւններով, (Լոս Անճելոսի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան դպրոցի շէնքի վաճառքէն)14,5 միլիոն տոլարէն 1 միլիոն գանձած է Փանոս Քեշիշեան կոչուած անձ մը իբրեւ real estate-ի իր «արդար» միջնորդչէք, 1 միլիոնի չափ գացած է իբրեւ պետական տուրք, 1 միլիոնի չափ կորսնցուցած են Նիւ Եորքի պորսային մէջ, 50 հազար տոլար նուիրած են Հայկական բանակին՝ 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն ետք, 175 հազար տոլար ծախսած են Երեւանի «Ազգ» թերթի խմբագրութեան սենեակները բարեկարգելու համար (վարձած էին պետութենէն, որ իրենց ձեռքէն ետ առած է … բարեզարդուած վիճակով), շուրջ 350 հազար ծախսած են Երեւանի մէջ քանի մը տարի առաջ ՌԱԿ-ի ազատեանական թեւի ընդհանուր պատգամաւորական ժողովի մասնակիցներու օդանաւային տոմսերու, պանդոկներու կեցութեան, կերուխումի եւ ժողովին առնչուած այլ՝ շատ «ազգային» գործունէութեանց վրայ»:
Թօմպուլեան կ՛աւելցնէ. « Սիրելի՛ պարոն Չափարեան, Իբրեւ վերջաբան, հարցում մըն ալ իմ կողմէս. որեւէ տարբերութիւն կա՞յ Բերձորի մէջ ԹՄՄ-ի հովանաւորած Թեքէեան վարժարանի կեանքին վերջ տուած Ալիեւի մը եւ Լոս Անճելոսի Արշակ Տիգրանեան վարժարանի կեանքին դաւադրաբար եւ ստորաբար վերջ տուած այս «հայազգի» արարածներուն միջեւ: Յարգանքներով՝ Սարգիս Թօմպուլեան»:
12 Դեկ.ին, ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ուղարկեց երկրորդ ԼՐԱՏՈՒԱԱԿԱՆ ՀԱՐՑԱՊՆԴՈՒՄ մը հասցէագրուած՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) եւ անոր մշակութային թեւ՝ Թէքէեան Մշակութային Միու-թեան (ԹՄՄ) ղեկավարութեան եւ ՌԱԿ- ԹՄՄ-ին պատկանող բոլոր լրատուամիջոցներու խմբագիրներուն::
Ի շարս այլոց, լրատուական հարցապնդումները կը վերաբերէին ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի եւ իրենց լրատուամիջոցներու կողմէ հայկական դպրոցի ֆոնտի կոպիտ չարաշահումի եւ բազմաթիւ այլ հակահայ գործողութիւններու մասին:
Հարկաւոր է նշել, որ բազմաթիւ տասնամեակներ՝ հայ ժողովուրդը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ-ին) եւ մշակութեային թեւ՝ «Թէքէյեան Մշակութային Միութեան»ը (ԹՄՄ-ի) վստահած էր տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ արժող բազմաթիւ հայկական վարժարաններ, մշակուաթային եւ երիտասարդական կեդրոններ:
Այդ կեդրոնները գոյութիւն ունէին Սփիւռքի հայաշատ գաղութներու մէջ սկսած Ամերիկայէն, Գանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Միջին Արեւելք եւ այլուր:
Սակայն զարտուղի գործունէութեան որպէս հետեւանք այդ ազգօգուտ կեդրոններէն շատերը հաշուեյարդարի ենթարկուեցան եւ մէկը միւսին ետեւէն փակուեցան: Եւ ոչ միայն փակուեցան այլեւ այդ կեդրոններուն պատկանող անշարժ կալուածներ ապօրինի վաճառուեցան եւ միլիոնաւոր տոլարներ անհետացած են:
Վստահ եմ, որ ընթերցողներէն շատերը յստակօրէն կը յիշեն ՌԱԿ-ԹՄՄ կոռուպացուած ղեկավարութեան շահատակութեանց վերջին զոհերէն մէկը եղաւ Լոս Անճելոսի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը: Տիգրանեան ամենօրեայ վարժարանի անմիտ փակումը հարիւրաւոր հայ ուսանողներ անտուն թողեց:
Մինչեւ այսօր՝ 23 Յունուար 2024, խմբագրութիւնը տակաւին պատասխան չէ ստացած ոչ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) եւ անոր մշակութային թեւ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) ղեկավարութենէն եւ ոչ ալ ՌԱԿ-ԹՄՄ-ին պատկանող բոլոր լրատուամիջոցներու խմբագիրներէն: Ներառեալ նոյն ինքն Յակոբ Աւետիքեանէն:
Կարծես թէ անոնք գերզբաղ են հին վարչակարգի / Գարեգին Բ-ի կլանին պաշտպանելով եւ կոծկելով վերջինիս հակահայ գործունէութիւնը Հայրենիքի եւ Հայկական Սփիւռքի մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *